Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան ծնած է 1930-ին , Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը: Մուսա լեռցիներու Լիբանան վերաբնակեցումէն եւ Այնճարի հիւղաւանը կերտելէն ետք , յաճախած է ազգային «Յառաջ» նախակրթարանը, այնուհետև Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը և «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի հայագիտական բաժինը , Լևոն Շանթի և Սիմոն Վրացեանի տնօրէնութեան օրերուն:
1954-ին կը հրաւիրուի Գահիրէ , իբրեւ օգնական խնբագիր Ընկ. Վահան Նաւասարդեանի խմբագրած «Յուսաբեր» օրաթերթին: Ան կը պաշտօնավարէ նաև Ազգ. «Գալուստեան» վարժարանին մէջ, դասաւանդելով հայագիտական նիւթեր:
1958 ին կը նշանակուի «Յուսաբեր»ի խմբագիր մինչեւ 1962 թուականը, երբ իր ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը նշանակուի «Ազդակ»ի խմբագիր և այդ պաշտօնը կը վարէ մինչև 1968 թուականը: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» ի հիմնադրութենէն ետք , շրջան մը իբրև օգնական խմբագիր պաշտօնավարելէ ետք , 1978-էն սկսեալ կը գործէ խմբագրապետի հանգամանքով , մինչեւ իր առեւանգումը՝ 28 Մարտ 1985 :
1973 էն մինչեւ իր մահը ,Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Ընկ. Սարգիս Զէյթլեան կը հանդիսանայ դաշնակցական ղեկավարութեան պատմական սերունդը փոխարինող և անոնց ուղին վերանորոգող պատասխանատու ընկերներու ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերջին քառորդ դարուն կազմակերպական կեանքին, ազգային քաղաքական գործունէութեան և գաղափարական վերանորոգումին մէջ ունեցաւ իր ուրոյն և շօշափելի մասնակցութեան բաժինը: Դերակատար եղաւ նաեւ երիտասարդական միութիւններու հիմնադրութեան աշխատանքներուն մէջ՝ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը համախմբելով ազգային օրակարգի շուրջ:
28 Մարտ , 1985-ի առաւօտուն՝ Զոքաք-Պլաթի շրջանին մէջ , «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի ճամբուն վրայ, հակադաշնակցական դաւադիր ուժերու ձեռքով առեւանգուեցաւ եւ աւելի ուշ անծանօթ պայմաններու մէջ տմարդի կերպով սպաննուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ և «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի խմբագրապետ՝ ընկ. Սարգիս Զէյթլեան:
Իր մահէն ետք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ հրատարակուեցաւ ծաւալուն հատոր մը որ կ՛ամփոփէ Սարգիս Զէյթլեանի կողմէ գրուած յօդուածներն ու խմբագրականները:
2022 Մայիս 15-ին , տեղի պիտի ունենան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները:Լիբանանահայերուս համար ամենաթանկ առիթն է որպէսզի կարենանք փաստել մեր գոյութիւնը իբրեւ քաղաքացիներ եւ Լիաբանանի Հայ Համայնք: Հետեւաբար շատ կենսական է որ մեր մասնակցութիւնը բերենք այս ընտրութիւններուն, որպէսզի կարենանք ամբողջականօրէն տէր կանգնիլ մեր հայ համանքի իրաւունքներուն եւ մեզի վերապահուած լիարժէք դերը կատարել՝ ի նպաստ մեր սիրելի Լիբանանի վերելքին:
Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար, անհրաժեշտ է ունենալ անձնագիր )փասփոր, որ պէտք է ժամանակը աւարտած չըլլայ մինչեւ Մայիս 15 ( կամ անձնաթուղթ) հաուիէ(. Ուստի կոչ կ՝ուղղենք մեր հայրենակիցներուն թէ՝ բոլոր անոնք որոնք անձնագիր չունին ,ամբողջացուցած են 21 տարիքը եւ չունին լիբ. անձնաթուղթ , հարկ է որ անյապաղօրէն դիմեն «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան ընտրական գրասենեակ , ) Որ բաց պիտի ըլլայ ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ ժամը 1:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն մինչեւ ժամը 8:00(, իրենց հետ ունենալով երեք լուսանկար , իխրաճ Գէյտի լուսապատճէն մը եւ՝՝ արեան տեսակ՝՝ի քարթը, որպէսզի ապահովեն իրենց անձնաթուղթը:
Ծանօթ.- Անոնք որոնք լուսանկար չունին, կրնան ներկայանալ Պրն. Դրօ Փէհլիվանեանին մօտ նկարուելու առանց վճարումի: Իսկ ՝՝արեան տեսակ՝՝ի քարթի համար կարելի է ներկայանալ Լ.Օ.Խ.-ի « Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոն, Չորեքշաբթի օրերը առաւօտեան ժամը 8.30-ին. Տարրալուծարանի ճամբով կարելի է ապահովել արեան քարթը:
Կիրակի ,13 Մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Այնճարի հարազատ զաւակ եւ ազգի նահատակ՝ ընկեր Զաւէն Թաշճեանի յիշատակին:
Ապա ներկաները ուղղուեցան «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ հոգեսուրճի հաւաք՝ ընտանեկան պարագաներուն, ընկերներուն եւ հայրենակիցներու ներկայութեան։
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով խօսք առաւ ընկեր Եսայի Հաւաթեան։
Նախ ընկեր Զաւէն Թաշճեանի կեանքէն դրուագ մը պատմելով, բոլորին մտքերուն մէջ վերաթարմացուց ընկերոջ անմահ յիշատակը,անոր նուիրուածութիւնն ու հայրենասիրութիւնը։ Որմէ ետք ըսաւ «ճիշդ է որ ընկեր Զաւէնը նահատակուեցաւ, բայց չմեռաւ. Ան չմեռաւ որովհետեւ 36 տարիներ անցած են իր նահատակութենէն, սակայն գիտենք որ ինք հոս է՝ մեր մէջ ,մեր բոլորին սրտերուն եւ մտքերուն մէջ։ Չմեռաւ՝ որովհետեւ իր ընկերները, յատկապէս մեր հայրենակիցները ,զգացին այն ցաւը երբ ընկեր Զաւէն նահատակուեցաւ ազգին համար։ Ընկեր Զաւէնի նման նահատակները ազգին համար անմահ են, հոգի են, ճամբու քարտէս են։ Լոյս իջնէ ընկեր Զաւէն Թաշճեանի հոգւոյն»։
Հաւաքը վերջ գտաւ Գերշ. Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանի «պահպանիչ»-ով։
Երեքշաբթի 8 Մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահէն ներս, կանանց միջազգային օրուան առիթով, Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց հանդիսութիւն մը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկերուհի Անի Քէօշէեան եւ ըսաւ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կու գանք նշելու Մարտ ամսուան ամէնէն նշանակալից տօներէն «Կանանց Միջազգային Տօն»-ը, վեր առնելով՝ կին դասակարգի ձեռք ձգած նուաճումները կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս: Իր խօսքը շարունակելով ըսաւ հայոց պատմութիւնը կը վկայէ, թէ հայ կինը իր ուժեղ մասնակցութիւնը բերած է հայրենիքի պաշտպանութեան առաքելութեան մէջ: Ունեցած ենք յայտնի եւ անյայտ հերոս կիներ, որոնք հայրենիքի ազատագրման գործընթացին մէջ թեւ ու թիկունք կանգնած են հայ ազատամարտիկին:Խօսքի աւարտին ընկերուհին բարեմաղթանքներ ուղղեց բոլոր ներկայ կանանց:
Ապա, Հայկ Քէշիշեան սրինգի վրայ նուագով մը հանդէս եկաւ որմէ ետք Արտակ Կէօքճեան ասմունքեց Կանանց նուիրուած բանաստեղծութիւն մը:
Օրուան Պատգամախօս՝ գերապատիւ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան անդրադառնալով այս օրերու դժուարութեանց ,յայտնեց թէ «կանայք այսօր, այս օրերուն տառապանքի եւ դժուարութեանց մէջ կը կոչեմ յոյսի նշոյլ. Յոյս մը որ երբեք յուսախաբ չ'ըներ իր հարազատները, շրջապատը եւ միջավայրը: Կը մտածէի թէ ինչպէս կրնամ արժեւորել կամ ներկայացնել կին արարածին դերը եւ դերակատարութիւնը այս կեանքին մէջ եւ երկար մտածումներէ վերջ յանգեցայ այն իրականութեան որ իսկապէս ինչ որ լաւ բան կը կատարուի մեր կեանքին մէջ, անոր ետին կանգնած է իգական սեռը՝ կինը, մայրը եւ քոյրը»:
Իր խօսքը շարունակելով հայր սուրբը հաստատեց որ «մայրը՝ապաստան է եւ հոգերու շտեմարան տան մէջ, կինը՝ տան օճախն է եւ ընտանիքի սիւնը, քոյրը՝ թիկունքն է տան եւ երկրորդ մայրը, իսկ դուստրը՝ տան ուրախութիւնն ու հպարտութիւնն է»:
Պատմութեան էջերուն անդրադառնալով դիտել տուաւ ներկաներուն կանանց էական դերը ու ըսաւ. «Իգական սեռի դերակատարութիւնն ու ներկայութիւնը մեր ազգային, կրօնական մշակութային, եկեղեցական եւ բոլոր ասպարէզներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած է նոյնիսկ նախապէս որ արգիլուած էր անոնց ներկայութիւնը ընտրական գործերուն մէջ, այսօր բարեբախտաբար առիթը ունին գործելու տարբեր մարզերու մէջ, որովհետեւ մարդիկ այլեւս չտեսան կնոջ միայն կին ըլլալը, այլ անոր մէջի ուժը, առաքելութիւնն ու բանականութիւնը»: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց ներկայ կանանց ըսելով. «Այսօր այս առիթով, որպէս նուէր, գնահատանք եւ արժեւորում, միայն ու միայն աչքերս երկինք բարձրացնելով կը խնդրեմ Աստուծմէ որ այն նուէրը որ կոչած է մայր, կին եւ ղրկած է աշխարհ մեր իւրաքանչիւրիս համար, պահէ պահպանէ առողջ, յաջող եւ երջանիկ, բանալով մեր մտքերն ու սրտերը որ տեսնենք միայն անոնց սրբութիւնն ու օրհնութիւնը»:
Պատգամախօսէն ետք տիկին Թալին Շիրինեան-Տուտագլեան մեներգեց աշուղական երկու երգեր, որմէ ետք Գօգօ Պալապանեան Կիթառով եւ բերնի պզտիկ երգիոնով (Harmonica) ելոյթ ունեցաւ, եւ Արտակ Կէօքճեան ասմունքեց կնոջ նուիրուած այլ քերթուած մը:
Այնուհետեւ, Գերշ. Վարուժան Արք. Հերկելեան նախ իր շնորհակալական խօսքերը փոխանցեց Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, դաստիարակչական յանձնախումբին եւ ձեռնարկի մասնակիցներուն: Ապա իր պատգամը փոխանցելով սրբազան հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Աստուածամօր կատարած բազմաթիւ օրինակելի դրուագներուն, ու ըսաւ թէ Մարիամ Յիսուսը իր «անօթ»ին մէջ գրկելու ընտրութիւնը ունեցաւ, եւ այդ պատճառով շատ քիչ տարբերութեամբ մը յատուկ էր աշխարհի բոլոր կիներէն։ Աստուածամայրը ունէր հոգիի հանգստութիւն, Աստուածապաշտութեամբ,բարութեամբ եւ պարզութեամբ: Իր խօսքը շարունակելով ան ներկայ կանանց յայտնեց «Դուք պէտք է աշխարհահայեաց ըլլաք Սուրբ Աստուածամօր նման, որովհետեւ կինն է որ կրնայ մօտէն զգալ ամէն բան. Բարիքներ գործեցէք, օգնեցէք ուրիշերուն եւ այդպէս է որ դուք եւս պիտի ունենաք հոգեկան հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն»: Վերջապէս սրբազան հայրը բոլոր կանանց յատկապէս ներկաներուն մաղթեց բազմաբեղուն եւ առողջ տարիներ:
Հինգշաբթի, 10 Մարտի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Այնճար այցելեցին Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի: Անոր կ'ընկերակցէին բժիշկներ՝ Վաչէ Վասիլեան(ատամնաբուժ), Վան Պօղոսեան (վիրաբուժ), Ճէյգ Քուշիկեան (ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ), Կարինէ Վասիլեան (մանկաբուժ) եւ Անիթա Պօղոսեան (թղթակից): Պատուիրակութիւնը «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ դիմաւորուեցան Գերշ. Հայր վարուժան Արք. Հերկելեանի, Գերպ.Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի, Այնճարի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Մեսրոպ վրդ.Թօփալեանի,Այնճարի հայ աւետարանական համայնքի պատուելի Յակոբ Աքպաշարեանի, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին,Այնճարի քաղաքապետին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, եւ Այնճարի «Գարակէօզեան» հաստատութեան պատասխանատու անդամներուն կողմէ:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով ընկեր Եսայի Հաւաթեան: Ան բոլոր ներկաներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյէն ժամանած բժիշկներուն որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին Այնճար այցելելու եւ օգտակար հանդիսանալու մեր հիւանդ հայրենակիցներուն: Ան յայտնեց թէ Այնճարի հայութիւնը բարձր կը գնահատէ բժիշկներու այս առաքելութիւնը որ մարդոց յոյս եւ կորով կը ներշնչէ:
Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան: Քաղաքապետը իր երախտագիտական խօսքերը փոխանցելով ըսաւ թէ "մենք ձեր գալուստով անգամ մը եւս հաստատեցինք որ մենք առանձին չենք սփիւռքի մէջ, ամէն մէկ սիրտ որ կը տրոփէ աշխարհի տարածքին մեր սրտի տրոփումին արձագանգն է: Կը մաղթենք որ շատոնց սկսուած ձեր առաքելութիւնը շարունակուի:"
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց իրենց ծրագրած այս փոքր քայլին իրականացումը տեսնելով: Ան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն որ առիթը ընծայեցին բժիշկներուն որ օգտակար հանդիսանան Այնճարցիներուն եւս, ու ըսաւ «Այս ծրագիրը կատարուեցաւ բոլորին ճիգերով, նիւթական ներդրում ունեցող օժանդակողներուն միասնակամութեամբ, գետնի վրայ աշխատողներուն եւ յատկապէս բժիշկներուն անձնական ներդրումներով, որոնց առաքելութիւնը իր բարձրութեան եւ գործնականացման հասցուցած են` իրենց համեստ, բայց վեհ հոգիով,մէկ խօսքով ձեռք-ձեռքի գործը յառաջ տանող պատրաստակամ անձերու ջանքերով»:
Հոգեւոր հայրերու աղօթքէն ետք բոլոր ներկաները նախաճաշով հիւրասիրուեցան որ պատրաստուած էր ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:
Ապա ներկաները ուղղուեցան «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոն ուր բժիշկները ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան յանձնեցին մեծ քանակութեամբ դեղորայք, նախնական դարմանումի անհրաժեշտ պիտոյքներ, բժշկական գոյքեր ինչպէս նաեւ Այնճարի «Գարակէօզեան» հաստատութեան ատամնաբուժական դարմանատան տրամադրեցին որոշ քանակութեամբ ատամնաբուժական նիւթեր։ : Որմէ ետք, անջատ սենեակներէ ներս, բժիշկները անցան գործի իրենց մասնագիտութեան մէջ. անոնք ընդունեցին հիւանդներ, չափահասներ, երեխաներ, եւ կատարեցին վիրաբուժական փոքր գործողութիւններ օժանդակութեամբ դարմանատան երկու հիւանդապահուհիներուն եւ կամաւոր ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն: Հարկ է յիշել թէ ամբողջ օրը աննընդմէջ բժիշկները կատարեցին իրենց մարդասիրական առաքելութիւնը մինչեւ երեկոյեան :