Լուրերու Արխիվ
Աղասին (Պօղոս Թասլաքեան) ,մեր երիտասարդ սերունդի ամենատաղանդաւոր նկարիչ-Քանդակագործներէն է։
Իր մասնագիտական բեղուն ճամբան լեցուն է նորանոր նուաճումներով որ հպարտութիւն կը պատճառէ բոլորին նամանաւանդ մուսալեռցի-Այնճարցիներուն։
ՇԻՒՏ Ա՜ՊՐԵՍ,ԹԸՂ ՏՈՒՄԻ ՁԻՌՎԷՏ։
Սիրելի Հայրենակիցներ,
Յունուար ամսուան ընթացքին, տեղի ունեցաւ «Մի՛շտ Միասին» Քարտի բաժանորդագրուելու արձանագրութիւնը Այնճարի մէջ:
Այժմ, «Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-Կամք»ը՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելով մեր ժողովուրդին, իւրաքանչիւր անդամագրուողի պիտի փոխանցէ Քարտը եւ նպաստէ փոքր գումարով մը:
Ուստի, կը դիմենք բոլոր բաժանորդներուն, որ Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի՝ 11-12 Ապրիլին, կ.ե. ժամը 6:00-8:00 ներկայանան Ս.Զէյթլեան կեդրոն, ստանալու իրենց քարտերն ու նպաստը: Չմոռնաք քարտին արձանագրութեան օրինակը ձեր հետ բերելու:
8 Ապրիլ, 2022
Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի Մուսա Լեռ_
Այնճարի Օժանդակութեան յանձնախումբ
 
Ուրախութեամբ կու գանք յայտարարելու, թէ ալիւր բաժնելու գործընթացը սկսաւ Այնճարի մէջ` Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.-ի «Շ.Միսաքեան» մասնաճիւղի երիտասարդներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Այնճարի մասնաճիւղի երէց փաղանգին օգնութեամբ։
Պիտի խնդրենք մեր Պէյրութաբնակ Մուսա Լեռցիներէն, որ կապուին հետեւեալ թիւերուն 71/550579, 03708606 Հինգշաբթի, Ուրբաթ, Շաբաթ, Ապրիլ 7,8,9 2022ին, ճշդելու համար իրենց բաժինը ստանձնելու վայրը:
4 Ապրիլ 2022
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի Մուսա Լեռ Այնճարի Օժանդակութեան յանձնախումբ
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ինչպէս գիտէք, նախորդ շաբթուան ընթացքին, տեղի ունեցաւ ալիւրի բաշխում, գիւղի բոլոր ընտանիքներուն: Սակայն, մեր գիւղացիներուն ներողամտութիւնը կը խնդրենք որոշ վրիպումներու պարագային: Առ այդ, անոնք որոնք տակաւին չստացան իրենց բաժինը, պիտի խնդրենք, որ Շաբաթ 9 Ապրիլին, ժամը 3:00-էն 6:00 դիմեն Քելեաններու շէնք՝ ալիւրի պահեստի կեդրոնը,Ակի պողոտայ, ստանալու իրենց բաժինը:

?>