Թաու Լուի Լիբանանի Մրցաշարք
Լիբանանի Քոնկ ֆու ուու շուի ֆետերասիոնին կազմակերպած Թաու լուի Լիբանանի բաժակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ, Կիրակի 26 Մարտ 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ-ի Աղբալեան համալիրին մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանեան հետեւեալ ակումբներուն. Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սանթրալ Ժունիէ, Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւն, Ս.Ֆ. Գլապ, Հ.Մ.Ը.Մ. Աղբալեան և Ա.Պ.Պ.Ա.
Այնճարի սեւ գօտիներու մասնակցող մարզիկները այս մրցաշարքին արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ` ձեռք ձգելով 14 ոսկի, 10 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալներ:
Ակումբներու վերջնական դասաւորումը.
1.- Անթունիէ Պաապտա 191 կէտ
2.- Այնճարի սեւ գօտիներ 160 կէտ
3.- Ս.Ֆ. Գլապ 113 կէտ
Միշտ Արցախի Հետ
Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ Հինգշաբթի 30 Մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մ. Տէր Գալուստեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, նուիրուած Արցախի Քառօրեայ պատերազմի նահատակներուն:
Բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Ռիթա Լագիսեան: Ընկերուհին ամփոփ գիծերով ներկայացուց Արցախի իրավիճակը:
Ապա բեմ հրաուիրեց «Ազդակ»ի տնօրէն՝ ընկ. Շահան Գանտահարեանը, որ փոխանցէ Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի խօսքը: Ընկ. Շահան վերլուծական ակնառկով քննարկեց մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած պատերազմին մանրամսնութիւնը, ուր ըսաւ: «Ռազմական առումով Պաքուի հաշուարկները յանգած էին այն եզրակացութեան, որ մարտունակութեամբ թերի ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն համար կայծակնային պատերազմի ձեռնարկելը կ'արդարացուի միայն հեռակառավարուող պատերազմով, ուր մարդկային գործօնը իր գերակայութիւնը կը զիջի անօդաչու սարքերուն, ջերմային տեսանելիութեան ընկերացող արհեստագիտութեան, և ճակատային դիրքերէ հեռու, կոճակի սեղմումներով աշխատող զինուորական գործիքակազմերու:» Ընկ. Գանտահարեան ողջունեց հայոց բանակի մարտունակ ոգին, որուն դիմաց փաստուեցաւ ազրպէյճան զինեալներու անկարողութիւնը: Ընկեր Շահան նաեւ քաղաքական առումով մատնանշումներ կատարեց, ուր ըսաւ: «Վիեննայի հանդիպումը լուսաբանող հրապարակուած հաղորդագրութիւնը յղում կը կատարէր 94ի հրադադարի պայմանագրին: Բանակցութիւններէն վաղուց բացակայող այս պայմանագրի վերստին յղում կատարելը կարելի է նկատել քաղաքական առաւել հայկական կողմին համար պարզ այն պատճարով որ պայմանագիրը եռակողմ էր և նեռարած նաեւ Ստեփանակերտը իբրեւ անկախ բանակցող կողմ:»
Իսկ ինչ կը վերաբերէ Հայաստանի ներքին քաղաքական վիճակին ընկ. Գանտահարեան, ներկայացուց քաղաքական վիճակը: Ան ներկայացուց դաշնակցութեան կեցուածքը մանաւանդ փոխ զիչման տեսակետէ: Հայաստանի կարգ մը քաղաքական ուժեր, որոնք չունին մեծ առաւելութիւններ իշխանութեան հասնելու, կը փորցեն ժողովուրդին մէջ տարածել այն գաղափարը թէ հող զինելով մենք կը հասնինք խաղաղութեան:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը հետեւեալ կարգով:
Արտակ Պերպէրեան, ասմունք
Շաղիկ Հապէշեան, Րաֆֆի Թասլաքեան և Նարօտ Գարնէշեան, նուաք
Պարոյր Ղուկասեան, ասմունք
Տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն նուիրուած քառօրեայ պատերազմի նահատակ Նորայր Հաճեանին:
Օրուայ բանախօսնէր Նորայր Հաճեանի հայրը՝ լրագրող-հրապարակախօս Միքայել Հաճեանը: Թէեւ յուզուած բայց մարտական ոգիով ներկայացուց նահատակութիւնը իր զաւկին:
Ապա Պրն. Հաճեանը կարկինը լայն բանալով ներկայացուց Արցախի պատմական, մանաւանդ անոր վերջին 70 տարիները ապրած դժուարութիւնները բայց Հայը այդ դժուարութիւններուն դիմաց չընկրկեցաւ, այլ պայքարեցաւ ու հասաւ ներկայ վիճակին: Ան փոխադրեց մեզ իր տան մտերմութեան մէջ, ուր կը հնչէր երգը ու ասմունքը կենացներու ընկերակցութեամբ, ապա ասմունքեց իր նահտակ զաւկին համար, անոր նախասիրած բանաստեղծութիւնը զոր կ'ասմունքէին ընտանեկան սեղանին շուրջ և հոս նոյն ապրումով, նոյն յոզականութեամբ հնչեց Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»:
Պրն. Հաճեանը լաւատես է հայոց ապագայով, վկայեց թէ Հայաստանի մէջ հասակ կարնէ սերունդ մը հայրենասէր ու վճռական, վրէժխնդիր ու գիտակից: Ան վստահութեամբ յայտարարեց թէ մենք կը հասնինք միյացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանին:
Ձեռնարկի աւարտին ընկ. Հերթապահը Այնճարի անունով, յարգելի հիւրին փոխանցեց յուշանուեր մը: Պրն. Հաճեանը մեծ յուզումով ընդունեց նուերը և յայտարարեց որ զայն պիտի տեղադրէ իրենց տան այն բաժինը որ յատկացուած է Նորայրին:
Հոծ բազմութիւնը գեղեցիկ ձեռնարկի մը ներկայ գտնուելու հոգեկան գոհունակութեամբ մեկնեցաւ սրահէն:
Կէս-Մարաթոնի Մրցում` Կազմակերպութեամբ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն
Կազմակերպութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 26 մարտին, Պէյրութի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ կէս-մարաթոնի (21,1 քմ) վազքի մրցումը:
Անիկա տեղի կ՛ունենար 10-րդ անգամն ըլլալով:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին ՄԱԿ-էն, ներքին ապահովութեան ուժերէն, Լիբանանեան բանակէն, տարբեր մարզական միութիւններէ, ֆետերասիոններէ, ակումբներէ, ինչպէս նաեւ անհատական հանգամանքով երկսեռ մարզիկներ:
Թիւով 1500 վազողները մարզական ոգիով վազքի այս մրցումին մասնակցեցան Հըրշ-Պէյրութի շրջանին մէջ:
Առաւօտեան ժամը 8:00-ին սկսած այս մրցումին խորագիրն էր «Վազք` ընդդէմ թմրամոլութեան»:
Մասնակցողներուն կարգին էր նաեւ Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը:
Ան իր տարիքային դասաւորման մէջ այս վազքը աւարտեց 4-րդ դիրքին վրայ` արձանագրելով 2 ժամ եւ 7 վայրկեան արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ան իր մետալը ստացաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէէն:
Նշենք, որ տղոց մրցումներուն առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին Լիբանանեան բանակի վազողները:
Աւարտին, ներքին ապահովութեան ուժերու մարզական յանձնախումբի նախագահ զօրավար Հիւսէյն Խաշֆէ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները եւ անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:
ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ
Այս առիթով, Այնճարի հայութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, կու գայ շնորհաւորելու Ընկեր Լեւոն Թաշճեանը:
Միջինքի Հաւաքոյթ
Կազմակերպութեամբ՝ «Ս.Պօղոս» Եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տէր Շահէ Սրբ. Փանոսեանի, բարեջան առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին, նախագահութեամբ՝ Տիկին Քնար Փանոսեանին: Մեծ պահոց Միջինքի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ 24 Մարտ 2017-ին, Կ.Ե. ժամը 2:30-ին, ճաշարան «Նապաա Այնճար»ի մէջ:
Հաւաքոյը բացուեցաւ Առաջնորդ հօր սեղանի օրհնութեան աղօթքով: Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկին Վարդուկ Գապագեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն և հակիրճ կերպով խօսեցաւ միջինքի մասին: Ապա սեղանապետութիւնը յանձնեց Տիկին Ցոլեր
Մանիսաճեանին որ յաջողապէս վարեց հաւաքոյթը:
Խօսք առին Գերշ. Տէր Շահէ Սրբ. Փանոսեանը և Տիկին Քնար Փանոսեանը:
Հաւաքոյթը ճոխացուցին՝ Պրն. Րաֆֆի Շաննագեան աշուղական երգերով, և Տիկին Սիլվա Քէչէճեան ժողովրդական երգերով, որու միացան պարով «Յառաջ» Գ.Կիւլպէնկեան վարժարանի երեք աշակերտուհիներ:
Համաձայն մեր աւանդական սովորութիւններու, Տիկին Ցոլեր հրաւիրեց եօթը տարեց տիկիններ որ խմոր շաղեն և ներկաներուն բաժնուեցաւ հացի մասունքներ: Ապա երիտասարդուհիներ շինեցին «Ակլատէզ» որ կը խորհրդանշէ պահոց շրջանի եօթը շաբաթները:
Ներկաները ճոխացուցին մթնոլորտը շուրջպարերով և ուրախ տրամադրութեամբ վերջացաւ հաւաքոյթը:
Մահազդ
Երկուշաբթի, 27 Մարտ, 2017-ին, մահացաւ Արագել Ճապրաեան(Ծնեալ1956):
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի 28 Մարտ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն: