Սկսաւ Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ նոր ցանկապատի շինութիւնը
Մրցում ՀՄԸՄ 1980 Ընդդէմ ՀՄԸՄ 1990
Կիրակի 18 Յունիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին ՀՄԸՄ–ի նորակառոյց համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պասքէթպոլի մրցում ՀՄԸՄ 1980-ական և ՀՄԸՄ 1990-ական մարզիկներուն միչեւ:
ՀՄԸՄ Այնճարի 1980-ի խումբը երկու կէտի տարբերութեամբ արձանագրեց իր յաղթութիւնը:
Պէտք է ըսել բառին բուն առումով, որ երկու խումբերու մարզիկներն ալ անխտիր ունեցան բացառիկ խաղարկութիւն:
Նշենք թէ Այնճարի Սեւ Գօտիներու միութեան մարզիկները նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկայացնելով յատուկ ցուցադրութիւն մը:
Լուիս Լահհուտ Այցելեց Այնճար
Շաբաթ 17 Յունիս 2017-ին առաւօտեան ժամը 11:30-ին Այնճարի քաղաքապետութեան հիւրը Լիբանանի երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահհուտն էր, որ աշխատանքային յատուկ այցելութեամբ ժամանած էր Այնճար:
Արդարեւ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, կոմիտէի և քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներ դիմաւորելէ ետք Լահհուտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նախ այցելեցին Այնճարի բերդը ապա շրջագայլելէ ետք Այնճարի պարտէզները: իւրայատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Այնճարի հողագործներուն հետ ուր երկրագործական հարցեր 'ու շուրջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրույց:
Ապա քաղաքապետութենէն ներս կլոր սեղանի շուրջ տեղի ունեցաւ հնչած առաջարկները գործնականացնելու ուղղութեամբ քննարկումներ:
Այս առիթով քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ Պր. Լուիս Լահհուտին յանձնեց յուշանուէր մը:
Աւարտին Լուիս Լահհուտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Այնճարի քաղաքապետութեան ճաշի հիւրը եղաւ:
SEMAS-ի Առաջին Հանդիսութիւնը
Կազմակերպութեամբ SEMAS–ի տնօրէնութեան և հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, Կիրակի 18 Յունիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ SEMAS–ի առաջին հանդիսութիւնը:
Կեդրոնին տնօրէն Պրն. Պօղոս Քէնտիրճեան արտասանեց բացման խօսքը անգլերէն լէզուով իսկ Տիկ. Սալբի Գասբարեան Քէնտիրճեան հայերէն լէզուով:
Անոնք հակիրճ ձեւով խօսեցան «Հրաչ Քէնտիրճեան Ուսանողական Կեդրոն»ի հիմնադրութեան մասին ու շարունակեցին տեղեկացնելով SEMAS–ի ապագայի ծրագիրներուն մասին:
Ապա փոքր տեսաերիզի ունկնդրութենէ ետք խօսք առաւ «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի տնօրէն Պրն. Արմէն Թաշճեան: Ան իր կարգին խօսեցաւ SEMAS–ի կարեւորութեան մասին աշակերտներու դպրոցական կեանքէն ներս:
Որմէ ետք, խումբ մը աշակերտներ ժաղովուրդը ապշեցուցին ներկայացնելով փոքր բաժին մը իրենց սորվածներէն:
Գիւղիս քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան առիթը ունեցաւ նաեւ փոխանցելու իր խօսքը, ան հիացումով ու հպարտութեամբ յայտարարեց թէ ինք ականատես եղաւ Հայ ժողովուրդի և մանաւանդ Այնճարի ապագայի փայլուն սերունդին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մետալի և բաժակի բաշխում:
Մահազդ
Չորեքշաբթի 14 Յունիս 2017-ին, մահացաւ Ազնիւ Շաննաքեան(Ծնեալ1926):
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի 15 Յունիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն: