Լուրերու Արխիվ

IMG 5216

Վերաբացում՝ «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի ակադեմիայի

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Հինգշաբթի 14 Սեպտեմբեր, 2017-ին տեղի ունեցաւ Մուսալերան հերոսամարտի 102 ամեակի ձեռնարկներու առաջին միջոցառումը՝ վերաբացումը «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի ակադեմիայի:

Մասնաճիւղի վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիկ. Նաթալի Քէնտիրճեան, որ մեծ գոհունակութեամբ յայտնեց ակադեմիայի վերաբացումը, ըսելով որ ակադեմիայի հիմնական նպատակը կը հանդիսանայ նոր սերունդի տաղանդները յայտնաբերել: Ան աւելցուց. «Յանձնախումբին ծրագիրը այս տարուան համար, շաբաթական դասերուն կողքին, պիտի ընդգրկէ արտադպրոցական աշխատանքներ, պատերու վրայ աշխատանքներ եւ այլ հետաքրքրական ձեռնարկներ ու ցուցահանդէս »: 

Առիթը օգտագործելով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ «Ռուբէն Նագեան» ակադեմիայի հիմնադիրներուն, եւ փոխանձեց, որ ակադեմիայի դասատուն պիտի ըլլայ Տիկ. Մարալ Թնգրեանը:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց  Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Վազգէն Գալօշեանը, որ յուշանուէրներով գնահատեց ակադեմիայի հիմնադիրներէն ընկերներ՝ Յովհաննէս Խօշեան, Րաֆֆի Անտոնեան եւ Պօղոս Թասլաքեան, ինչպէս նաեւ բացակայ ընկերներ՝ Կարպիս Քէնտիրճեան, Վահէ Տիւքէնճեան եւ ընկերուհի Թալին Սթամպուլեան:

Խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ Պարոյր Սեւակի խօսքերէն մէջ բերելով, ըսաւ. «Ինչքան էլ ծանր է մանուկ թաղելը. Մանուկ պահելը ծանր է աւելի»: Ան շարունակեց. «Մեր երեխաները ճիշդ ուղին ղրկելու համար՝ առաջին քայլը կը սկսի հոսկէ: Հոս է, որ մեր երեխաները կը սորվին զանազանել բարին չարէն: Հոս է, որ իրենց ճաշակին մէջ պիտի ամրանայ բարիի եւ գեղեցիկի սկզբունքը, որպէսզի չարը յաղթենք գեղեցիկի ճամբով»:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ վարչութեան կողմէ փոքրիկ հիւրասիրութեամբ:

IMG5269
IMG5279
IMG5278
IMG5264
IMG5263
IMG5256
IMG5258
IMG5252
IMG5250
IMG5249
IMG5248
IMG5245
IMG5243
IMG5244
IMG5242
IMG5240
IMG5237
IMG5230
IMG5235
IMG5225
IMG5224
IMG5223
IMG5217
IMG5216
 

2

Ազգային Յառաջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Վարժարանի վերամուտի տօնախմբութիւն

Չորեքշաբթի 13 Սեպտեմբեր, 2017ի առաւօտեան ժամը 8:00ին հնչեց 2017-2018 տարեշրջանի Ազգային Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան Վարժարանի վերամուտի առաջին զանգը: Աշակերտութիւնը խիտ շարքերով, ուսուցչական կազմի եւ տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցին, եւ հաղորդութիւն ստանալէ ետք հաւաքուեցան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահ՝ վարժարանի տնօրէնութեան կազմակերպած վերամուտի տօնախմբութեան:

Հայաստանի, Լիբանանի եւ Վարժարանին քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բեմ բարձրացաւ 10-րդ դասարանի աշակերտուհի՝ Նարօտ Գառնէշեան, որ փոխանցեց աշակերտութեան ողջոյնի խօսքը: Ան ըսաւ , որ Հայ ժողովուրդը կը հաւատայ, որ իր գոյատեւման մեծագոյն կռուաններէն է հայ դպրոցը՝ կրթական իր արաքելութեամբ, ինքնութիւն պահող իր արժէքներով: Ան աւելցուց. « Հայ դպոցը իր հայաբոյր մթնոլորտով դարձած է այն միջավայրը, ուր հայութիւնը կրցած է անաղարտ պահել իր հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու անկորնչելի գանձը: Այսօր, երբ համաշխարհայնացման զօրաւոր հոսանքը կը փորձէ կլանել ու խաթարել մեր արժէքներու պահպանումը, հայ ժողովուրդը իր կարգին կը փորձէ յաղթահարել տարբեր դժուարութիւններու»:
Ապա վարժարանի երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Տիկ. Նայիրի Հապէշեանին, ներկայացուց երգեր, որուն յաջորդեց Ա. Դասարանի աշակերտներուն դիմաւորութիւնը: Անոնք իրենց դաստիարակին՝ Տիկ. Սեւան Փամպուքեանին առաջնորդութեամբ բեմ բարձրացան , ուր դիմաւորուեցան նախակրթարանի կրթական պատասխանատուին՝ Պրն. Պօղոս Քէնտիրճեանին կողմէ ու ստացան նուէրներ ապա հանդէս եկան երգով մը:

Յայտագրին գեղարուեստական բաժինին մաս կազմեց նաեւ վարժարանէն շրջանաւարտ ու ներկայ տաղանդաւոր աշակերտներէ կազմուած նուագախումբը, որ մթնոլորտը աւելի եւս հայաշունչ պահեց, ներկայացնելով «Հէ՜յ ճան, Երեւան» երգը:

Ապա վարժարանի տնօրէն Պրն. Արմէն Թաշճեան բեմ հրաւիրեց Տէր Մաշտոց Քհնյ. Աշգարեանը ու նախորդ տարուան պետական քննութիւններուն յաջողութիւն ձեռք բերած 9-րդ կարգի աշակերտները, որոնք գնահատուեցան անոր կողմէ: Տնօրէնը նաեւ ընթերցեց նախորդ տարուան պետական քննութիւններուն յաջողած 12-րդ կարգի աշակերտներուն անունները, որոնք գնահատուեցան հանդիսատեսներու ջերմ քաջալերական ծափահարութիւններով:

Յայտագիրի ընթացքին բեմ բարձրացաւ վարժարանի աշակերտներէն՝ Պետիկ Հերկելեան, որ մասնակցութիւնը բերած էր «Ասպետ» Մարզահայրենասիրական ճամբարին՝ Արցախի մէջ: Ան պատասխանեց օրուան հաղորդավարներու ուղղած հարցումներուն, նշելով որ ճամբարը առիթ ընծայեց իրեն աւելի մօտէն ծանօթանալու հայ զինուորին, աւելի եւս ներշնչուելով անոր սխրագործութիւններէն: Ան աւելցուց, թէ յոյսով է որ հետագային վարժարանէն աւելի մեծ թիւով աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերեն այս ճամբարին եւ նմանօրինակ փորձառութիւններու:

Ապա Գեղարուեստական ղեկավար Պրն Ժիրօ Քէչէճեանի Միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու պարախումբը սրահը ճոխացուց ազգագրական պարով մը:

Յայտագրի աւարտին վարժարանի տնօրէն Պրն. Արմէն Թաշճեան փոխանցեց իր խօսքը: Ան ըսաւ. «Եթէ իսկապէս մեզի համար ազգային կրթութիւնն ու անոր ամռոցը՝ ամէն բանէ վեր դասող կարգախօսը՝ լոկ, միայն, կարգախօս չէ, այլ՝ բովանդակ կեցուածք, հաւատաւոր յանձնառութիւն եւ առաջնահերթ սլաք. եթէ իսկապէս մենք տէրն ենք ամէն վերամուտի ազդանշան ստացող մեր մշտանորոգ քայլերգներու ու անոնց նպատակին. եթէ իսկապէս թեւ  ու թիկունք ենք մեր ազգային կրթութեան առաքելութեան եւ չենք ձգած զայն իր բախտին, ապա այդ մէկը պէտք է շօշափելի ըլլայ ե՛ւ լաւ, ե՛ւ վատ օրերու պայմանաւորումներով:»  Ապա, ան նոյն բեմէն խոր վիշտով գուժեց վարժարանի բարերարներէն, նախկին տնօրէն ու հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Նարեկ  Աւագ Քհնյ. Շիրիգեանի վախճանման լուրը եւ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայսի՝ յարգելու անոր սուրբ յիշատակը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի հանդէսէն հատուածի մը ցուցադրութեամբ:

Ազգային «Յառաջ» - Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանը հայեցի կրթութեան յանձնառութեամբ եւ  ուսումնական որակի իր նախանձախնդրութեամբ, կը սկսի 2017-2018 կրթական իր տարեշրջանը:

 

kaylerk
narod
yerk
haghortavar
boghos
bzdig
bzdigg
band
mart3
armen2
ver
levon
carol
bedo
bar1
bar
armen
mart2
mart

 

hmemopening

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Մարզահամալիրի Եւ «Կայծակ Ու Ծովիկ Զէյթլեան» Մարզադաշտի Հանդիսաւոր Բացում

Տպաւորիչ էր տեսնել, թէ որքան տիրականութեամբ բազմած է ՀՄԸՄ-ի նոր մարզահամալիրը Այնճարի սրտին վրայ, ուրախալի ու հպարտալի էր վկայել, թէ արդիական բոլոր տուեալներով օժտուած մարզադաշտ մը ունեցաւ Այնճար հայաւանը, խորհրդաւոր էր ականատես ըլլալ այն իրողութեան, որ տարիներու երազը միս ու ոսկոր ստացած էր` շնորհիւ Այնճարի հայօրէն գոյատեւման կարեւորութեան գիտակցող ու անոր նկատմամբ խոր հաւատք ունեցող, աշխարհով մէկ տարածուած մուսալեռցիներուն նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան, սրտաշէն եւ ցնծալից էր զգալ, թէ այս ծրագիրի ամբողջացման համար իշխանական նուիրատուութիւն կատարած Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան ամոլը, անոր բարեյաջող ծնունդին համար հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանք տարած Այնճարի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անդամներն ու պատասխանատուները որքան գոհ եւ ուրախ էին իրենց «գեղեցիկ եւ առողջ նորածին»-ով:

Արդարեւ, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 9 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին պաշտօնապէս եւ անմոռանալի հանդիսաւորութեամբ կատարուեցաւ բացումը ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրին եւ «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզադաշտին` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, պետական, ազգային, կուսակցական ու միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ հնչած «Յառաջ նահատակ» քայլերգին կշռոյթով կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, անկէ ետք նուագուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:

Բացման խօսքը արտասանեց Մարօ Թազեան, որ լուսարձակի տակ առաւ համալիրի կառուցման ընթացքը` դիտել տալով, թէ դիւրին չէր ատիկա, մանաւանդ որ երկիրը կ’ապրէր տարբեր վերիվայրումներ: «Այնճարի խենթերն էին, որոնք հաւատալով այս գիւղի ապագային, իրենց վսեմ երազներուն, մէկտեղելով իրենց ուժերը, հաւատքը, կիրքն ու եռանդը, ամէն բանէ վեր դասելով գիւղին արժէքները, հասան իրենց բարձունքին` նուիրագործուած վարակիչ համոզումին», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով դժուարութիւնները յաղթահարելու Այնճարի ժողովուրդի կամքին` Մարօ Թազեան դիտել տուաւ, թէ նման նախաձեռնութիւններու շնորհիւ է, որ ժողովուրդի մը ոգին կը բարձրանայ, կ’ապացուցուի անոր շինարար ըլլալը եւ մարդ գոհունակութեամբ կը լեցուի` ի տես ժողովուրդին կամքը լարող, բոլորը իրարու միացնող, խթանող, խանդավառող, կազմակերպուած ուժ դարձնող եւ Այնճարի վճռական կամքը արտայայտող ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան: Անիկա ներշնչումի եւ քաջալերանքի աղբիւր է մանուկին, պատանիին, երիտասարդին ու տարեցին, ներկայ եւ գալիք սերունդներուն կամք ու հայաշունչ մթնոլորտ փոխանցող կառոյց է, բարոյական ու ֆիզիքական կարգապահ ու կշռուած քայլերով դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդող միութիւն:

Մարօ Թազեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Այնճարէն մինչեւ հեռաւոր ամերիկաներ, Քանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա, արաբական երկիրներ, իրենց նիւթական օժանդակութիւնը բերին այս համալիրի ամբողջացման աշխատանքին` յատուկ կերպով յիշելով գլխաւոր բարերար Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան ամոլը, որ իշխանական նուիրատուութեամբ իր սէրը արտայայտեց Այնճարին նկատմամբ: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, Աբրահամ Մալգճեանին, Յարութ Լաքիսեանին եւ Ժաք Տաղլեանին, որոնք ամէնօրեայ ներկայութեամբ ունեցան նիւթական եւ բարոյական ներդրում, առանց որուն հոն կանգնած պիտի չըլլար այդ համալիրը:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արաբերէնով արտասանեց Թինա Ադամեան, որ ուրախութիւն յայտնեց նման կարեւոր առիթի մասնակից դառնալու նպատակով հոն հաւաքուածներուն ներկայութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ սատար կանգնեցաւ այդ ծրագիրի յաջողութեան: Անոր համաձայն, մարզահամալիրի բացման արարողութիւնը սկիզբն է ուղիի մը, որմէ քալելով պէտք է սիրով ու մղումով գործել` ի խնդիր անոր բարգաւաճման, գոյատեւման եւ զարգացման, որպէսզի ատակ ըլլայ գոհացնելու կարիքներն ու ակնկալութիւնները նոր սերունդին, որպէսզի ֆիզիքականին կողքին կոփուի հոգիով ու մտքով:

Թինա Ադամեան իր խօսքը եզրափակելով դիտել տուաւ, որ այսօր իրականութիւն կը դառնայ սերունդներու երազը` շնորհիւ բոլորին կամքին, հետեւողական աշխատանքին եւ Այնճարի նկատմամբ հաւատքին. ան մաղթեց, որ համալիրը մղիչ ուժ կ’ըլլայ նորանոր յաջողութիւններու:

Ապա Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի պարախումբը ներկայացուց պար մը:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Աշոտ Թասլաքեան, որ ըսաւ, թէ հաւաքական, հետեւողական եւ երկարաշունչ աշխատանքի արգասիքը կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ի այս մարզահամալիրը, որուն շինութեան նախաձեռնողները հաւատացին միութեան ու անոր ունեցած առաքելութեան` մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու հայօրէն պահպանման առումով:  Ըստ անոր, «Առողջ միտք, առողջ մարմին» կարգախօսին հաւատացողներ յամառութեամբ եւ կամքով լծուեցան կառուցման համալիրի մը, որ բարենիշ եւ ուղեցոյց պիտի հանդիսանայ բոլոր մասնաճիւղերուն, մարզաձեւերուն մէջ նոր դասաւորում պիտի բերէ, պիտի համախմբէ Այնճարի երիտասարդութիւնը, պիտի յաջողի նոր կացութիւն ստեղծել եւ յարգանք պարտադրել շրջապատին:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Աշոտ Թասլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք ճիգ չխնայեցին այս վիթխարի գործը իրականութիւն դարձնելու` քաջ հաւատալով, որ համալիրը իր իւրայատուկ ու կարեւոր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ Այնճարի մէջ` մաղթելով յարատեւ սխրանք ու մնայուն աշխատանք, որպէսզի այս ամրոցը մնայ միշտ անաղարտ եւ դառնայ նոր սերունդի հայապահպանման ու զարգացման մարզական բերդ մը` ծառայելու ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին:

Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ «Տի. Վի. Տի.» մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Այնճարի պատմականը ընդհանրապէս, միութեան հիմնադրութիւնը, անցած ուղին եւ նոր համալիրի ու մարզադաշտի կառուցումն ու լրումին հասնելու փուլերը մասնաւորաբար:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին խօսքը ուղղելով` Յարութ Լաքիսեան հաստատեց, որ  նման մարզահամալիրով մը Այնճար հայաւանը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ լիիրաւ յաջորդն է Մուսա լերան արի ժողովուրդին, տէր է յարատեւելու եւ նոր իրագործումներով իր ինքնութիւնը պահելու շինարար ու խիզախ կամքին: «Պարզ իրագործում մը չէ այսօր այս մարզահամալիրին բացումը: Անիկա հաւատքի, կամքի եւ ազնիւ աշխատանքի արդիւնք է: Անիկա նոր սերունդներուն եւ այս գիւղին յարատեւութեան երաշխիքն է, վստահութիւնն ու տեսիլքն է: Տեսիլք մը, որուն հաւատացին այս գիւղի զաւակները, հակառակ Լիբանանի այսօրուան դժուարին մարտահրաւէրներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ համալիրը պիտի ծառայէ ժողովուրդին, յատկապէս մատղաշ տղոց-աղջիկներուն, որոնք այս յարկին տակ ֆիզիքականին կողքին պիտի կերտեն ազգային վեհ նկարագիր ու աննկուն կամք: Ըստ Յարութ Լաքիսեանի, նորակառոյց մարզահամալիրը կոչուած է դպրոցին, եկեղեցւոյ եւ ակումբին կողքին ըլլալու հոգիները ազնուացնող եւ նոր սերունդին հայեցի դիմագիծը կերտող տուն ու դարբնոց:

Իր խօսքին մէջ ան երախտագիտութեան եւ գոհունակութեան արտայայտութիւն ունեցաւ հասցէին բոլոր անոնց, որոնք սատար կանգնեցան այս ծրագիրի իրականացման, նաեւ հաստատեց, որ կոմիտէութիւնը զօրակից է համալիրին ու հովանաւոր միութեան ու անոր մաղթանքն է, որ այս կառոյցը եռացող բոյն դառնայ:

Ապա տեսագրութեան մը ընդմէջէն վկայութիւններ տուին Այնճարի պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ ՀՄԸՄ-ականներ` շեշտելով կարեւորութիւնը նման համալիրի մը, որ պիտի գոհացնէ նոր սերունդին ակնկալութիւնները, սկաուտական շարքերուն համար յարմար պայմաններ պիտի ստեղծէ, հայկական շունչով օժտուած համախմբման ու հայօրէն դաստիարակութեան վայր պիտի ըլլայ իր պասքեթպոլի գոց դաշտով, մինի ֆութպոլի դաշտով, սկաուտական եւ վարչական սենեակներով, ԱՖՀԻԼ-ի մարզական կեդրոնով, փոքրիկ ճաշարանով: Յիշուեցաւ, որ համալիրին երկրաչափը Հրաչ Մարգարեանն է: Բոլորն ալ հաստատեցին, որ երկար տարիներու եւ իրերայաջորդ պատասխանատու կազմերու սեւեռակէտն ու ուշադրութեան առարկան եղած է ծրագիրի իրականացումը, սակայն միայն այս տարի կարելի եղած է զայն իր լրումին հասցնել:

Իր սրտի խօսքին մէջ Կայծակ Զէյթլեան հպարտանալու առիթ նկատեց բացման հանդիսութիւնը շքեղ կառոյցին, որուն ի տես կարելի է երեւակայել, թէ որքա՛ն օգտակար պիտի ըլլայ եւ դրական անդրադարձ պիտի ունենայ անիկա նոր սերունդներուն ու բոլոր այնճարցիներուն համար: Ան ուրախութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց, որ իրեն ու իր ընտանիքին առիթ տրուած է նիւթական ներդրում ունենալու այս ծրագիրի յաջողութեան մէջ եւ մասնակից դառնալու նման նշանակալից նախաձեռնութեան մը իրագործման:

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի սեմին, Կայծակ Զէյթլեան խորհրդանշական նկատեց ՀՄԸՄ-ի նման համալիրի բացումը` հաւատք յայտնելով այն մասին, որ անիկա պիտի ծառայէ կազմաւորելու սերունդներ, որոնք պիտի նուիրուին իրենց ազգին ու անոր երազներու իրականացման: Խօսելով այն մասին, որ արդէն այս օրերուն աշխարհով մէկ կը նշուի Մուսա լերան հերոսամարտի 102-ամեակը եւ կ’ոգեկոչուի նահատակներուն յիշատակը, ան ըսաւ, որ հնչող զուռնային եւ թմբուկին ձայնը պէտք է կոչ ըլլայ բոլորին` ըլլալու միասնակամ, առիթ պէտք է ըլլայ վերանորոգելու մեր ուխտը` տէր ըլլալու Այնճարին, որովհետեւ միասնական ջանքերով եւ ուժերով կարելի է ընթանալ դէպի պայծառ ապագայ: Կայծակ Զէյթլեան աւելցուց, որ Մուսա լերան հերոսամարտի յաղթանակը պէտք է միշտ վառ մնայ բոլոր մուսալեռցիներուն մտքերուն մէջ` յուշելով, որ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ նորանոր յաղթանակներու կերտման համար միասնաբար պայքարելու, դիմադրելու ամէն տեսակի մարտահրաւէրի, շարունակելու հերոսներու ուղին եւ կերտելու հայատրոփ միջավայր եւ նուիրուելու պատրաստ սերունդներ:

Ապա ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան ամոլին եւ Այնճարի «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան` առ ի երախտագիտութիւն անոնց նեցուկին:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եզակի առիթ նկատեց համալիրի բացման հանդիսութիւնը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյնն ու գնահատանքը յայտնելով բոլոր ներդրում ունեցողներուն: Ան աւելցուց, որ այդ հիանալի իրագործումը իսկապէս վայել է ՀՄԸՄ-ին, պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն այնճարցիներուն, այլ նաեւ համայն հայութեան, որովհետեւ անիկա դրսեւորումն է հայութեան շինարար ոգիին, որ միշտ առկայ կը մնայ, հակառակ դժուար պայմաններուն եւ ամէն տեսակ արգելքներուն: Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ նման համալիր մը ունենալը շռայլութիւն չէ, այլ անիկա անհրաժեշտութիւն է ներկայ օրերուն, իսկ իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է իր լուման զետեղէ այնտեղ, իր հաւատքը ամրապնդէ այդ յարկին տակ եւ ծաղկեցնէ զայն, որովհետեւ անիկա ցուցանիշ է Այնճարի ապրած վերելքին, որ կարելի կ’ըլլայ շնորհիւ այնճարցիներուն եռանդին, հաւատքին ու կամքին:

Շահէ եպս. Փանոսեան պատահական չնկատեց այն, որ Այնճարէն հեռու ապրող մուսալեռցիները կը շարունակեն կապուած մնալ իրենց գիւղին ու ներդրում ունենալ անոր բարօրութեան մէջ, որովհետեւ անոնք իրենց հետ տարած են յիշատակներ, որոնք կրնան կերտուիլ միայն հայաբոյր միջավայրի մէջ, իսկ նման ներդրումով անոնք կը վերանորոգուին եւ կը վերանորոգեն: Ըստ անոր, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ապրող այնճարցիները հետամուտ են, որ գիւղին մէջ հայկական շունչը չնուազի: Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը օրհնեց համալիրը եւ անոր յարկին տակ հասակ նետելու կոչուած սերունդները:

Աւարտին կատարուեցաւ համալիրի մուտքին զետեղուած ժապաւէնի հատում` պաշտօնապէս բացուած յայտարարելով մարզահամալիրն ու մարզադաշտը:

Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք «Արեւ»  ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, հնչեցին աւանդական տաւուլ զուռնայի եղանակները:

Այս առիթով նաեւ արտասանուեցան սրտի ու ողջոյնի խօսքեր: Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այնճարի մէջ նման համալիրի բացումը կարեւոր եւ խորհրդանշական նկատեց երեք առումներով. առաջինը այն է, որ Այնճար կը շարունակէ ապրիլ, պահպանել իր աւանդութիւնները եւ ունեցածին վրայ նոր նուաճումներ աւելցնել: Երկրորդ, Այնճարի մէջ կը կանգնի անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով օժտուած կեդրոն մը, որ առիթ կու տայ մարզուելու, համախմբուելու հայկական միջավայրի մէջ, ուր մարմնին կողքին կը կոփուին միտքն ու ոգին: Երրորդը այն է, որ իբրեւ հայ ցոյց կը տրուի հաւաքական ուժի առկայութիւնը, կը փաստուի, որ բարերարներուն ներդրումով կարելի է բազում խնդիրներ լուծել: Իր խօսքի աւարտին դեսպանը մաղթեց, որ գիւղը շարունակէ զարգանալ, բարգաւաճիլ, պահպանել ազգային աւանդութիւնները` միշտ քալելով դէպի լայն հորիզոններ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան օրը պատմական նկատելով ըսաւ, որ այս կառոյցին բացումը հպարտութիւն կը բերէ ո՛չ միայն Այնճարին, այլ նաեւ 26 հազար անդամ հաշուող աշխարհատարած մեծ միութեան` ՀՄԸՄ-ին, իբրեւ պանծալի օր դրոշմուելով մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ: Ան հայկական պարը, երգը, ուտելիքն ու իւրաքանչիւր ազգային աւանդութիւն նկատեց ժայռեր, որոնք միասնաբար կու գան պարիսպի նման շրջապատելու մեր արժէքները` աւելցնելով, որ այս նոր համալիրը եւս պարիսպ է Այնճարը պաշտպանող: Ան շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք կամքն ու յամառութիւնը, հաւատքն ու կորովը ունեցան երբեմն դժուար իրականանալի նկատուած այս երազին մարմին ու ոգի տալու` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախօրեակին այս կառոյցը նկատելով մեծ նուէր մը` տրուած ներկայ ու ապագայ սերունդներուն:

Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան հաստատեց, որ այս համալիրը կը դրուի երիտասարդ վարչութիւններու տրամադրութեան տակ, իսկ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարը ջահ է` անոնց տրուելիք, որպէսզի անոնք կարենան դիւրութեամբ շարունակել երթը: Անոր համաձայն, հաւաքական ջանքերով, աշխատանքով եւ հաւատքով կարելի եղած է կանգնեցնել համալիրը, որուն առաջին քարը դրուեցաւ այնպիսի ժամանակ, երբ լեռներուն ետին ռումբերը կ’որոտային, սակայն ոչ մէկ ընկրկում արձանագրուեցաւ, այլ աշխատանքին ու երազին կառչածութիւնը առաջնորդեց պանծալի յաջողութեան:

Ճարտարապետ Հրայր Սողոմոնեան հիանալի նկատեց կառոյցը, շնորհաւորեց բոլորը նման բծախնդիր աշխատանքին ու միջազգային պայմաններուն համապատասխանող համալիր ու դաշտ մը կառուցելուն առիթով: Ան դիտել տուաւ, որ մեր նախնիները` հաւատարիմ «Բարձրացիր, բարձրացուր» կարգախօսին, բարձրացուցին մեզ, իսկ այսօր մենք ալ նոյն աշխատանքին պէտք է լծուինք, որպէսզի բարձրացնենք զանոնք եւ ապագայ սերունդները:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան դիտել տուաւ, որ այս կառոյցին համար կատարուած ներդրումները ներդրում են ապագայ սերունդներուն հաշուոյն, մանաւանդ որ դժուար էր պատկերացնել նման շքեղ համալիրի մը առկայութիւնը Այնճարի մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ այս յարկին տակ սերունդներ հայօրէն մեծնան` հեռու մոլութիւններէ եւ մերօրեայ վտանգներէ, աւելի զօրանան իրենց ազգային արժէքներով` մաղթելով, որ այլ շրջաններու մէջ եւս նման կառոյցներ կանգնին:

IMG8656
hmemopening
IMG8674
IMG8659
IMG8686
Tinaatamian9917
haroutlakisian9917
AshodTaslakian9917
IMG8709
aratchnort9917
IMG8700
IMG8712
IMG8715
IMG8728
IMG8749
IMG8765
IMG8771
IMG8864
IMG8852
IMG8848
IMG8846
IMG8877
IMG8875
IMG8811
IMG8803
IMG8788
IMG8791
IMG8773
IMG8800

mekhag shannakian

Մահազդ

Չորեքշաբթի 6 Սեպտեմբեր, 2017-ին, մահացաւ Մեխակ Շաննագեան (Ծնեալ 1930):

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի 13 Սեպտեմբեր, 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2ին, Այնճարի Սուրբ Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն:

RP

«Ռուբէն Նագեան» Գեղարուեստական Դպրոց

կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան և  «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի յանձնախումբին, Ուրբաթ 8 ՍԵՊ., 2017ին սկսաւ «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի դպրոցի դասընթացքները, որուն նպատակն է քաջալերել և  յայտնաբերել Այնճարի պատանիներու տաղանդները:

WhatsApp-Image-2017-09-08-at-65242-PM
WhatsApp-Image-2017-09-08-at-65236-PM
WhatsApp-Image-2017-09-08-at-65118-PM
WhatsApp-Image-2017-09-08-at-65038-PM
WhatsApp-Image-2017-09-08-at-64010-PM
RP
WhatsApp-Image-2017-09-08-at-63858-PM

?>