Լուրերու Արխիվ

mekhag shannakian

Մահազդ

Կիրակի 17 Սեպտեմբեր, 2017-ին, մահացաւ Մարի Տէր Գալուստեան (Ծնեալ 1937):

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Երկուշաբթի 18 Սեպտեմբեր, 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, Այնճարի Սուրբ Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն:

IMG 6147

Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Շաբաթ, 16 Սեպտեմբեր, 2017-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին,  ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:

Տօնակատարութեան ներկայ էին գիւղիս հոգեւոր հայրերը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս՝ Աշոտ Վարդանեան, Այնճարի բարեզարդման յանձնախումբի նախագահ՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեան,  Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, կատարողութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին, ապա օրուան հանդիսավար Կրէյս Գալուստեան բեմ հրաւիրեց ընկհ. Մարինէ Գարայեան, արտասանելու տօնակատարութեան բացման խօսքը:

 Ընկհ. Մարինէ Գարայեան նախ բազմութիւնը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայսի՝ յարգելու համար յիշատակը Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն եւ վերջին շրջանին Լիբանանեան բանակի տուած զոհերուն, ապա ըսաւ, որ մեզ մէկտեղողը, ամէն տարուայ պէս, դարձեալ Մուսա լերան ոգին է, որ մենք մէկտեղուած ենք՝ ոգեկոչելու Մուսա Լերան նահատակներուն մղած հերոսամարտի սխրանքը: Ան շարունակեց. «Ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի Այնճարի հայկական դիմագիծի պահպանման, Այնճարի բարեզարդման եւ քաղաքապետութեան կողքին ու գիւղիս մէջ գործող երեք համայնքներուն ու քոյր միութեանց հետ ձեռք-ձեռքի պիտի շարունակենք ճառագայթող Այնճարը պահել ամբողջ հայութեան ներշնչման անսպառ աղբիւրը, այնպէս ինչպէս՝ 102 տարիներ առաջ Մուսա Լերան ժողովուրդը 40 օրերու հերոսամարտով իր ազդու պատգամը փոխանցեց ե՛ւ թուրքին, ե՛ւ յաջորդող սերունդներուն:»

Ապա գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ, ուր Համազգայինի «Քնար» պարախումբը ներկայացուց ազգագրական պար մը:

Օրուան պատգամախօս ընկ. Յակոբ Հանտեան ըսաւ. «Այսօր, մենք կը նշենք Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 ամեակը: Ժամանակը շատ բաներ փոխած է, սակայն թշնամին կը մնայ նոյնը: Թուրքը թուրք է, չի փոխուիր: Ան տակաւին կը պայքարի իր համաթուրանական երազներուն հասնելու: Այս դարուս, պէտք է արթուն ըլլալ, որովհետեւ համաշխարհայնացման ալիքը կը սպառնայ բոլոր ազգերու զաւակներուն, հեռացնելով անոնց իրենց ազգային արմատներէն, սովորութիւններէն եւ  աւանդութիւններէն»:

Ընկ. Յակոբ Հանտեան վեր առաւ Մուսա լերան ժողովուրդի սխրանքի կարեւորութիւնը 1915 թուականին, ինչ որ իրագործուեցաւ ժողովուրդի քաջութեան, միասնականութեան եւ առողջ բնազդի գոյութեամբ:

Ձեռնարկը շարունակուեցաւ բարձր տրամադրութիւններով ու հայաշունչ մթնոլորտի մը մէջ, ուր ելոյթ ունեցան հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգերու մեկնաբան, հայրենի երգիչ՝ Սեւակ Ամրոյեանը եւ աշուղական երգերու մեկնաբան՝ Գարմէն Աճէմեանը:

Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ. «Նոյնիսկ 100 տարի ետք եւ որքան ալ որ տարիները անցնին, Մուսա լերան հերոսամարտի յիշատակը վառ կը մնայ ամէն հայու հոգիի մէջ, միշտ յիշելով անոր խորհուրդը ու նակատակներուն զոհողութիւնն ու սխրագործութիւնները:»

Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի Տհոլահարներու համոյթը:

Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ազգային- յեղափոխական երգերով` կատարողութեամբ երգիչներ Սեւակ Ամրոյեանի եւ Գարմէն Աճէմեանի, ինչպէս նաեւ Լալէ Զէյթլեան ներկայացուց պալէի պար մը:

Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ զուռնայով եւ շուրջպարով` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Untitled-1
IMG6185
IMG6161
IMG6159
IMG6155
IMG6148
IMG6147
IMG6146
IMG6136
IMG6134
IMG6099
IMG6107
IMG6092
IMG6067
IMG6065
IMG6052
IMG6051
IMG6035
IMG6031
IMG6028
IMG6026
IMG6021
IMG6020
IMG6014
IMG6012
IMG6008
IMG6010
IMG5970
IMG5967
IMG5964
IMG5961
IMG5958
IMG5956
IMG5954
IMG5950
IMG5948
IMG5947
IMG5944
IMG5943
IMG5937
IMG5938
IMG5934
IMG5936
IMG5932
IMG5931
IMG5930
IMG5929
IMG5927
IMG5928
IMG5924
IMG5926
IMG5925
IMG5916
IMG5923
IMG5915
IMG5914
IMG5910
IMG5911
IMG5909
IMG5906
IMG5890
IMG5891
IMG5886
IMG5887
IMG5883
IMG5882
IMG5876
IMG5881
IMG5875
IMG5874
IMG5870
IMG5862
IMG5847
IMG5860
IMG5837
IMG5836
IMG5835
IMG5834
IMG5826
IMG5830
IMG5822
7
2

musaler 91617

Փոքր Ճշդումներ` Մուսա Լերան Ժողովուրդին Եւ Պատմութեան Առնչուող

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ժամանակի ընթացքին կարգ մը սխալ  տեղեկութիւններ կրնան  տարածուիլ որեւէ  ընկերութեան մէջ: Այս մէկը անշուշտ «բնական» երեւոյթ կրնայ նկատուիլ: Այս երեւոյթը  կրնայ պատահիլ որեւէ ժողովուրդի եւ որեւէ բնագաւառի ծիրին  մէջ:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ կապուած` տարածուած են անստոյգ տեղեկութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին «ճիշդ» սկսած են նկատուիլ:

Այս ձեւի «սխալներ» տարածուած են նաեւ` Մուսա Լերան ժողովուրդի պատմութեան հետ առնչուող: Անուշադրութեան պարագային, կրնան իրականութիւնները անստոյգ նկատուիլ, եւ սխալները կը դառնան իրականութիւն…

Այս փոքր նշմարով մեր ժողովուրդի ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել տարածուած կարգ մը սխալ տեղեկութիւններ եւ կատարել ճշդումներ:

Ա.- Մովսէս անունը, որ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած է մուսալեռցիներուն մէջ, որեւէ առնչութիւն չունի հերոսամարտի լերան ՄՈՒՍԱ անուան հետ: Մուսա Լեռը իր անունը առած է որպէս ներշնչումի լեռ` եւ այդ մէկը դարեր առաջ, յունական ժամանակաշրջանին: Ֆրանս Վերֆելի վէպով է, որ Մովսէս անունը աւելի տարածուեցաւ, քան` Մուսա անուանումը (յիշենք, որ Վերֆել հրէական ծագում ունէր): Հետեւաբար լեռը, ժողովուրդը եւ հերոսամարտը բոլորն ալ Մուսաանուանումը ունին:

Բ.- Մուսա Լերան հերոսամարտը սկիզբ առած է 31 յուլիս 1915-ին, երբ ժողովուրդը բարձրացած է լեռ, եւ աւարտած է 13 սեպտեմբերին` երբ ժողովուրդը ֆրանսական փրկարար նաւերուն վրայ բարձրացած` սկսած է  ուղղուիլ  դէպի Փոր Սայիտ: Ուրեմն հերոսամարտը տեւած է 45 օր: Հետեւաբար ճիշդ չէ հերոսամարտը կոչել քառասնօրեայ:40 օրերու բնորոշումը դարձեալ Ֆրանս Վերֆելի դիւցազներգութեան ` «Մուսա Լերան 40 օրը» վէպի  անուանումէն յառաջ եկած է (հոս ալ կարելի է կապ մը տեսնել հրեայ ժողովուրդի պատմութեան 40 տարիներու անապատային դեգերումներուն հետ):

Գ.- Խորհրդային ժամանակաշրջանին, բազում ուրիշ ազգավնաս երեւոյթներու կողքին, խեղաթիւրուեցաւ նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւնը: Նպատակը յստակ էր. նուաստացնել կարգ մը ղեկավարներ (որոնց մեծամասնութիւնը դաշնակցականներ էին) գերգնահատելով այլ հերոսներ, որոնք իրականութեան մէջ հերոսներ էին, ինչպէս` Եսայի Եաղուպեանն ու Պետրոս Տմլաքեանը, սակայն հերոսամարտի ընդհանուր ղեկավարները չէին: Արդարեւ, երկու հերոսներն ալ (վերակազմեալ Հնչակեան) չէթէական խումբի խմբապետներ էին եւ քաջագործութիւններ կատարեցին, սակայն անոնք ընդհանուր հրամանատարի պարտականութիւն չունէին: Սկիզբը առանձին ճակատներ ունէին իրենց հրամանատարները, յետոյ, սակայն, աւելի գործնական նկատուեցաւ զինուորական ընդհանուր պատասխանատու նշանակել Մովսէս Տէր Գալուստեանը, որ փաստօրէն դարձաւ հերոսամարտի զինուորական ընդհանուր պատասխանատուն (ի՞նչ ընենք հիմա, եթէ դաշնակցական էր): Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ հերոսամարտի զինուորական մարմինը Խտրպէկի ՀՅ Դաշնակցութեան  կոմիտէի կազմն էր: Այդ կազմն էր, որ լերան քարտէսը պատրաստած էր Մովսէս Տէր Գալուստեանին հետ եւ բանակցած էր Քեսապի կոմիտէութեան հետ միասին լեռ բարձրանալու համար: Դժբախտաբար Հայաստանի անկախացումէն անցած են 26 տարիներ, սակայն չեն սրբագրուած պատմական այս  սխալները: Չմոռնանք ըսելու նաեւ, որ բոլորովին անտեսուեցաւ հերոսամարտի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանի մեծ դերակատարութիւնը հերոսամարտի ընթացքին, որովհետեւ հոգեւորական էր եւ խորհրդային ժամանակաշրջանին հոգեւորականները նսեմացնելու աշխատանք կը տարուէր…

Դ.- Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնը կը զուգադիպի Ս. Խաչի տօնին: Մուսալեռցիք ալ կ՛ըսեն` Խիչէն, սակայն տօնը, որ կը տօնեն աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող մուսալեռցիները, հերոսամարտի տօնն է եւ ոչ թէ` Ս. Խաչի տօնը: Այնպէս որ, իւրաքանչիւր սեպտեմբերի կիսուն յիշուող ժողովրդային տօնակատարութիւնները հերոսամարտի յիշատակումներ են: Աւելորդ է ըսել նաեւ, որ  վերջին տարիներուն տարածուած «Այնճարի օր» անուանումը բոլորովին սխալ է: Ցարդ այնճարցիք չեն որոշած յատուկ օր նշանակել Այնճարին նուիրուած` որպէս տօն…

Ե.- Տարածուած է նաեւ պատմական տեղեկութիւն, որ իբր թէ մուսալեռցիները եօթը գիւղով լեռ բարձրացած են: Երգի մէջ կամ քերթուածի կը յիշուի «7-ը գիւղով  լեռ բարձրանալու» իրողութիւն մը: Իրականութեան մէջ, սակայն, Մուսա Լերան պատմական գիւղերը վեց են` Եողունօլուք, Խտրպէկ, Պիթիաս, Հաճիհապիպլի, Վագըֆ եւ Քեպուսիէ: Հետեւաբար ճիշդ չէ 7-ը գիւղի բնորոշումը: Ատենին նկատի առած են երկու Ազզերները որպէս առանձին գիւղ, սակայն անոնք փոքր գիւղակներ էին, ինչպէս Ամաճը, Զուդունէն, Դրժընիկը…

Զ.- Մուսա Լերան հերոսամարտի կարեւորագոյն երեւոյթներէն մէկը ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆ էր լերան վրայ` առանց կուսակցական կամ յարանուանական  խտրութեան: Եթէ Պիթիասի պատուելին դէմ էր լեռ բարձրանալու գաղափարին,ապա Եողունօլուքի պատուելին համամիտ գտնուեցաւ լեռ բարձանալու: Կեդրոնական վարչութեան ընտրութեան ընթացքին ժողովականները առաջարկեցին տէր Աբրահամ Տէր Գալուստեանին անունը, որ իրաւամբ ամէնէն երեւելի անձնաւորութիւնը կը նկատուէր Մուսա Լերան ժողովուրդին մէջ. առաջնորդական փոխանորդը, սակայն, խնդրեց, որ պատուելի Անդրէասեանը ընտրեն, որ աւելի ուսում ունէր եւ կը տիրապետէր օտար լեզուներու: Հետեւաբար չկային յարանուանական հայցեր, ինչպէս հետագային շատեր ուզեցին տեսնել:

Հետեւաբար Մուսա Լերան հերոսամարտի 102-րդ տարեդարձի առիթով փորձենք սրբագրել այս տարածուած թիւր տեղեկութիւնները եւ արժանին մատուցենք արժանաւորներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ Մուսա Լերան մարտիկներուն:

15 սեպտեմբեր, 2017
Մուսա Լեռ- Այնճար

IMG 6225

Ս. Պատարագ, Հոգեհանգստեան Արարողութիւն եւ Մատաղի Օրհնութիւն Ու Բաշխում

Մուսա լերան հերոսամարտի 102 ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին` կիրակի, 17 Սեպտեմբեր, 2017-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Խաչվերացին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի տարեդարձին` զոյգ առիթները  նկատելով կարեւոր, անկիւնադարձային եւ օրինակելի մեր ժողովուրդին համար:

Սրբազանը անդրադարձաւ Քրիստոսի խաչափայտին համար մղուած պատերազմին` զայն վերադարձնելու համար գերութենէ, պատերազմը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ հայկական այրուձին: Գերութենէ վերադարձին խաչափայտը ժողովրդային դիմաւորումի արժանացած է նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ Խաչվերացի տօնը խաչին եւ խաչեալին հաւատարմութեան տօնն է, որ կը հզօրացնէ հաւատացեալները աստուածային հաւատքով:

Սրբազանը անդրադառնալով Մուսա լերան հերոսամարտին յայտնեց, որ «մուսալեռցիները հաւատացին իրենց կամքի ուժին եւ նախընտրեցին արժանապատիւ նահատակութիւնը` փոխան սոսկական չարչարանքն ու մահը: Անոնք լեռ բարձրացան հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահելով եւ պայքարեցան ու Աստուծոյ օգնութեամբ փրկուեցան»:

Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա սրբազան հայրը եւ գիւղիս հոգեւոր հայրերը միասնաբար կատարեցին մատաղի օրհնութիւնը:

Այնուհետեւ օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք վերադարձան իրենց տուները` վերանորոգուած եւ ներշնչուած Մուսա լերան նահատակներուն հերոսական ոգիով:

 

IMG6288
IMG6286
IMG6285
IMG6281
IMG6279
IMG6277
IMG6275
IMG6269
IMG6270
IMG6268
IMG6264
IMG6259
IMG6250
IMG6249
IMG6245
IMG6238
IMG6237
IMG6235
IMG6230
IMG6228
IMG6226
IMG6225
IMG6223
IMG6224
IMG6222
IMG6221
IMG6218

 

 

IMG 5686

Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի Տոհմիկ Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին՝ Ուրբաթ 15 Սեպտեմբեր, 2017-ին տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 102 Ամեակի տօնակատարութիւններէն Տոհմիկ Երեկոյն:

Ձեռնարկին ներկայ էին Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան,  «جمعية انماء عنجر»  -ի տնօրէն Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, գիւղի հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Լ.Օ.Խ.-ի զանազան մասնաճիւղերու անդամներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը  արտասանեց ընկհ. Ռոզիկ Պագալեան, որ ըսաւ. «Այն համարձակութիւնն ու յանդգնութիւնը որ մեր պապերը ցոյց տուին հայոց պատմութեան ամէնէն ողբերգական մէկ պահուն՝ Մուսա Լերան Քառասուն օրերու սխրագործութեամբ, պարզապէս հպարտութեան առիթ չէ մեզի համար, այլ կոչ՝ ազգային ու մարդկային այն բարձր մակարդակը որ արեան գնով նուաճուեցաւ լերան գագաթին՝ պահելու պահպանելու եւ բծախնդրութեամբ փոխանցելու նորահաս սերունդներուն»: Ան աւելցուց. «Մասունքի պէս պահենք այն ինչ որ ստացած ենք մեր պապերէն»:

Երեկոն հանդիսավարեց Պրն. Յակոբ Այնթապլեան, որ գեղարուեստական յայտագրի ժամանակ մթնոլորտը մեծ խանդավառութեան մէջ պահեց:

Տիկ. Քնար Գամպէրեան ասմունքեց Յակոբ Մախուլեանի «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ե'տ գայ թշնամին» կտորը:

Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Պրն. Վարդգէս Խօշեանը, որ յայտնեց կնոջ կարեւորութիւնը մեր կեանքերուն մէջ, նկատի առնելով որ Լ.Օ.Խ.-ը յանձնախումբեր կ'աճեցնէ, եւ այդ յանձնախումբերուն ընդմէջէն ժողովուրդին օգտակար կ'ըլլայ, մայրութիւն ընելով հասարակութեան եւ օժանդակութեան կարիք ունեցող ընտանիքներուն:

Գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին գիւղիս երիտասարդութիւնները իրենց զանազան տաղանդներով:

Ընկերակցութեամբ Համփիկ Յովսէփեանի, Մարիա Աբէլեան կատարեց «Սարերի քամին», իսկ Նազանի Ադամեանը՝ «Զինուորի երգը» երգերը:
Նաեւ, ընկերակցութեամբ Սեւատա Անտոնեանի, Նարոյ Ադամեան երգեց «Արտագաղթ» երգը:

Ելոյթ ունեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի պարախումբը` պարուսոյց ունենալով Ժիրայր Քեչեճեանը:

Լարա Գարակէօզեան եւ Մարիա Աբէլեան ներկայացուցին Մուսա Լերան բարբառով «Հայր իմ ըզգի ուզիցա, վիտտըդ փիփակ ըր...»:

Փոքրիկ  Աշոտ Գարագաշեան Մուսա Լերան բարբառով ներկայացուց «Արի Հէյ Ամուղլայ»:

Ապա Լոռի, Արփա եւ Յասմիկ Այնթապլեաններ կտոր մը նուագեցին:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ աշուղական երգերու մեկնաբան՝ Գարմէն Աճէմեան, ինչպէս նաեւ անակնկալ երգու երգով հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերու մեկնաբան՝ հայրենի երգիչ՝ Սեւակ Ամրոյեան:

Ձեռնարկին ընթացքին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամները վաճառեցին Այնճարի աւանդական ճաշատեսակներ, անուշեղէններ եւ խորհրդանշական վիճակահանութիւններ:

Անակնկալ քանի մը հայրենասիրական երգերով մթնոլորտը աւելի եւս ճոխացուց Այնճարցի Զարեհ Քէնտիրճեանը:

Երեկոն շարունակուեցաւ աւանդական ճոխ մթնոլորտի մէջ, Մուսա լերան թմբուկ-զուռնայով, որուն ժողովուրդը մասնակցեցաւ ազգագրական պարերով` խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:

 

IMG5748
IMG5731
IMG5730
IMG5719
IMG5729
IMG5728
IMG5718
IMG5713
IMG5707
IMG5697
IMG5702
IMG5695
IMG5694
IMG5692
IMG5691
IMG5686
IMG5680
IMG5676
IMG5667
IMG5670
IMG5659
IMG5655
IMG5649
IMG5647
IMG5646
IMG5642
IMG5643
IMG5639
IMG5634
IMG5632
IMG5628
IMG5626
IMG5620
IMG5616
IMG5605
IMG5614
IMG5608
IMG5602
IMG5600
IMG5598
IMG5592
IMG5594
IMG5591
IMG5581
IMG5585
IMG5580
IMG5577
IMG5578
IMG5576
IMG5574
IMG5571
IMG5548
IMG5553
IMG5543
IMG5537

Homemade porn https://www.amateurest.com/ USA.
?>