Կիրակի, 12 Մայիս 2019-ին,«Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, Յաւարտ Ս. և Անմահ Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի ննջեցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու և անդամուհիներու յիշատակին, որմէ ետք հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցաւ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ :
Ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայրեր, Հ.Յ.Դ. «կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետը, Լ.Օ.Խ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի վարչական կազմն ու Լ.Օ.Խ-ական ընկերուհիներ:
Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Ռիթա Լագիսեան որ վեր առաւ ԼՕԽ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ննջեցեալ հիմնադիրներուն, բարերարներուն և ընկերուհիներուն ծառայութեան ոգին, որոնք գերադասելով իրենց անհատականը անսակարկօրէն նուիրուեցան մասնաճիւղի յառաջդիմութեան ու վերելքին:
Յաջորդաբար խօսք առին Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, որ շեշտը դրաւ գողգոթայի խաչին ըսելով որ իւրաքանչիւր Լ.Օ.Խ-ական այդ խաչը իր ուսին կրելով ամէն ջանք ի գործ դրած է հասնելով տարեցին, հիւանդին, և աշակերտին: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր հիմնադիրներուն, բարերարներուն և բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կանգնեցան մասնաճիւղին:
Ապա Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի Ցողիկ Հաւաթեան գնահատեց մասնաճիւղի գործունէութեան ունեցած դաշտերը իր դարմանատունով, կրթական ու առողջապահական ոլորտներով միշտ վերելքի մէջ է շնորհիւ ընկերուհիներու ծառայասիրութեան:
Աւարտին Տէր Միւռոն Քահանայ Աւետիսեան իր օրհնութիւնը յայտնեց Լ.Օ.Խ-ի բոլոր ընկերուհիներուն ինչպէս նաև թող ննջեցեալ ընկերուհիներուն հոգիները երկինքի արքայութեան արժանանան ու խաղաղութեան մէջ ննջեն:
Ապա պահպանիչով փակեց յարգանքի այս հանդիսութիւնը:
Ընթացքին տեղի ունեցաւ նաև հոգեսուրճի մատուցում:
Շաբաթ 11 Մայիս 2019-ին կեսօրէ ետք պաշտօնական այցելութեամբ Այնճար այցելեց Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Տիար Ժըպրան Պասիլը :
«Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի մուտքին նախարարը ընդունուեցաւ աւանդական աղ ու հացով , ու յանձնուցաւ իրեն ծաղկեփունջ մը:
Ի ներկայութեան հայկական երեսփոխան պլոքի և կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի և զբօսաշրջիկութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի և ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի նուագակցութեամբ ու ժողովրդային ողջոյններով, բոլոր պաշտօնական անձնաւորութիւններն ու ընդհանրապէս ներկաները բարձրացան կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահ ուր Տիկին Մարի Մարաշլեան-Ղուկասեան վարեց հանդիսաւարութիւնը, ապա Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան ողջունեց ներկաները շեշտելով որ Լիբանանեան մեր հայրենիքը այսօր որևէ ժամանակէ աւելի կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներու միահամառ ու անխունջ զօրակցութեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին որ բարձր գնահատեց Ազգային Ազատ Հոսանքի և Դաշնակցութեան մինչեւ 2005 –էն ի վեր անխափան պահուած սերտ յարաբերութեան ու անվերապահ գործակցութեան:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ինք՝ Արտաքին գործոց նախարար՝ Ժըպրան Պասիլ, որ հիացումով արտայայտուեցաւ իրեն հանդէպ եղած ընդունելութեան ոճին ու բնոյթին: Ան իր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը արտայայտեց հայ ժողովուրդին ու անոր՝ Լիբանան բերած բազմատեսակ նպաստի ուղղութեամբ: Ապա յայտարարեց թէ Ուրբաթ՝ Մայիս 10 Մայիս 2019-ի Լիբանանի կարավարութեան նստին արդէն իսկ որոշում գոյացած է Այնճարի մէջ կարուցել ճարտարարուեստի մեծ արհեստանոց մը, որ իր բարերար դերն ու նշանակութիւնը պիտի ունենայ Այնճարին և շրջապատին:
Հանդիսութեան աւարտին Քաղաքապետը հրաւիրեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որպէսզի միասնաբար քաղաքապետութեան կողմէ յուշանուէրը յանձնէ Ժըպրան Պասիլի:
Կեդրոնի բակը տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Այս ձեռնարկին յիշուած անձնաւորութիւններու կողքին ներկայ էին, Նախարար՝ Հասան Մրատ, Երեսփոխաններ՝ Միշէլ Տահէր ու Սալիմ Աունը. Նախկին Նախարար՝ Կապի Լայունը, կեդրոնական Պէքաայի քաղաքապետներն ու թաղապետները, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Գիւղի համայնքները, միութեանց ներկայացուցիչները և հոծ բազմութիւն:
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մուսալեռ–Այնճար հայաւանը այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: Հայաւանի հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելինական մարմինը ներկայացնելով սոյն առիթը նշող տարբեր ձեռնարկներու իր ժամանակացոյցը, կոչ կ՝ուղղէ գօտեպնդուելու յոբելինական տարուան խորհուրդով, մասնաւորաբար՝ վերանորոգելով Մուսա լեռ-Այնճարի բարգաւաճման եւ անոր հայեցի դիմագիծի ամրապնդման մեր հաւաքական յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով Մուսա լերան հերոսամարտի արժէքներուն ու անոր աւանդներուն:Համոզուած ենք, որ յոբելինական տարին առիթ կը հանդիսանայ վերարժեւորելու հայաւանի դերը մեր համախումբ կեանքի եւ պայքարի երթին մէջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Մուսա լեռ–Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկներու ժամանակացոյցը:
Ա. Կիրակի , 28 Յուլիս, 2019ին ,ՊաշտօնականԲացում՝« Մուսա լերան հրաժեշտի օրը եւ Վարդավառ»Կազմակերպութեամբ՝ «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին
Բ.- Ուրբաթ , 2 Օգոստոս 2019-ին,Մարզմշակութային Փառատօն Կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի վարչութեան
Գ.-Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ին, Աստուածածնայ Վերափոխման Տօն Կազմակերպութեամբ՝ ԱյնճարիՀայ կաթողիկէ համայնքին
Դ- Շաբաթ , 24 Օգոստոս 2019-ին, Մուսալերան ու Այնճարի Նուիրուած եւ Բարբառով Երգերու Երգարանի Գինեձօն Կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին
Ե.- Կիրակի , 1 Սեպտեմբեր, 2019-ին ,ժամացոյցի Բացում կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Հայ Աւետ. Համայնքին
Զ.- Շաբաթ , 7 Սեպտեմբեր, 2019-ին ,«Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 60-ամեակի Տօնակատարութիւն Կազմակերպութեամբ «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին
Է.-Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ , 12,13, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին,Նկարչական Ցուցահանդէս Կազմակերպութեամբ ՝ Համզագայինի « Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին
Ը.- Ուրբաթ , 13 Սեպտեմբեր 2019-ին, Աւանդական « ՏոհմիկԵրեկոյ»Կազմակերպութեամբ ՝Լ.Օ.Խ.-ի « Աղթամար» Մասնաճիւղին
Թ.- Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր, 2019-ին,Մուսա Լեռ –Այնճարի Ազգագրական Թանգարանի Բացում
Ժ.- Շաբաթ , 14 Սեպտեմբեր, 2019-ին ,Եզրափակիչ Հանդիսութիւն Մուսա լերան Հերոսամարտի 104 ամեակի եւԱյնճարի հիմնադրութեան80-ամեակի առիթներով
Ժա.- Կիրակի, 15Սեպտեմբեր, 2019-ին,Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք ի յիշատակ Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն
29 Ապրիլ 2019 Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի Յոբելինական մարմին