Լուրերու Արխիվ

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Վարդարանի Տիրամօր եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին տեղի ունեցան վերափոխեալ Ս. Աստուածածինի տօնակատարութիւնները:

Բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 17 օգոստոսին,  աւանդական տօնավաճառով: Եկեղեցւոյ բակին մէջ կը վաճառուէին զանազան տեսակի աւանդական համեղ ուտելիքներ, իսկ անդին երիտասարդներ զբաղած էին հերիսայի պատրաստութեամբ: Կիրակի, 18 օգոստոսի առաւօտեան մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Օրուան պատգամը տուաւ Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան: Պատարագի աւարտին հայր Մեսրոպ, շրջապատուած հաւատացեալներով, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարեց խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւնը: Եկեղեցւոյ բակը լեցուցած ուխտաւորներուն մէջ տիրական էր երիտասարդներու ներկայութիւնը:

Հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան  80-ամեակի յոբելենական մարմինին, կազմակերպութեամբ  Համազգայինի  Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 24 օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Մուսա Լերան բարբառով եւ Մուսա Լեռ-Այնճար»-ին նուիրուած երգերու նորատիպ երգարանին գինեձօնը:

yerkaran_kinetson1_82419.jpg

Բացման խօսքը արտասանեց Լիզա Թիւմպերեան, որ ըսաւ. «Հազիւ թմբուկի եւ զուռնայի ձայնը լսած` ոտքերը կը սկսին իրենց կշռութաւոր շարժման. երիտասարդ ու տարեց, ձեռքերը իրարու` ագուցած, պատրաստ են պարելու… Կարմիր Ֆըստան հաքուծ է հէլէ հէլէ նիննօ է, չուցէլ աղուիր վիլլուծ է հէլէ հէլէ նիննօ է»:  Ապա ան նշեց, որ հայ երգը մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան կենդանի վկան է, փառքի եւ ցնծութեան, տառապանքի եւ խնդութեան, պայծառ եւ խաւար երկնակամարներու, յոյսի, կամքի, դիւցազնութեան ու վերականգնումի դրսեւորումն է, այլ խօսքով, մեր յաւերժութիւնն է մեր երգը: Լիզա Թիւմպերեան դիտել տուաւ, որ Մուսա Լերան ժողովուրդի ամբողջական երգերը համախմբելու նպատակով հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինը 2015-ին ձեռնարկեց սոյն աշխատանքին, սակայն օրին կարելի չեղաւ լոյս ընծայել երգարանը, ուստի անիկա լոյսին կու գայ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի առիթով, Համազգային Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, 80-ամեակի յոբելենական մարմինին հովանիին տակ, ի  յիշատակ բոլոր համեստ եւ անանուն համագիւղացիներուն, որոնք իրենց տքնաջան աշխատանքով կերտեցին նոր Մուսա Լեռը` դրախտավայր ու գեղատեսիլ Այնճար հայաւանը, որպէս նուիրական աւանդ մեր ուսերուն դնելով սրբազան պարտականութիւն փոխանցելու գալիք սերունդներուն մեր բարբառը աւանդութիւնները մեր երգն ու պարը:

yerkaran_kinetson3_82419.jpg

Ապա Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց երգարանը եւ ըսաւ, որ մուսալեռցիք մեծ սէր ունէին երգի եւ պարի հանդէպ. արդարեւ, դարեր շարունակ այս ժողովուրդին առօրեային մաս կազմած են  երգն ու պարը ` թմբուկ-զուռնայի  տիրական  ներկայութեամբ: Մուսա Լերան ժողովրդային բոլոր տօնակատարութիւններու ընթացքին (ազգային, կրօնական  թէ ընտանեկան) ներկայ եղած են մանաւանդ  թմբուկ-զուռնան եւ  ժողովրդային  շուրջպարերը, որոնք յատուկ շունչ եւ ոգի  փոխանցած են ներկաներուն: Ան յիշատակելի նկատեց յատկապէս Բարեկենդանի առիթով կայացած բացօթեայ շուրջպարերը, որոնց ընթացքին  պարագլուխ կիները կը յօրինէին բարբառով երգեր, որոնք նաեւ մնայուն ներկայութիւն էին Մուսա Լերան ժողովրդային  տօներուն եւ հարսանիքներուն: Հաւաթեան եւս անդրադարձաւ 2015-ին Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով հերոսամարտի կեդրոնական մարմինի ծրագիրին` Մուսա Լերան եւ Այնճարի հետ կապ  ունեցող բոլոր  երգերը  նոթագրուած երգարանով մը հրատարակելու: «Յանձնախումբը համախմբեց հրատարակուած երգերը եւ այցելելով բազմաթիւ այնճարցիներու կրցաւ նաեւ արձանագրել երգերու խումբ մը, որոնք կ՛երգուին ժողովուրդին մէջ, սակայն ցարդ չեն հրատարակուած: Օրին, սակայն, կիսատ մնաց այդ աշխատանքը: Անցնող ամիսներուն Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղը Մուսա Լեռ-Այնճարի  հիմնադրութեան  80-ամեակի առիթով նախաձեռնեց այդ երգարանի հրատարակութիւնը, որուն մէջ տեղ գտած են թէ՛ Մուսա Լերան բարբառով երգերը, թէ Մուսա Լերան եւ Այնճարին հետ առնչուած   երգեր, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան հրատարակած երգերը. Եւ այսպէս, այսօր հրատարակուած է արդէն այս երգարանը, որուն հրատարակութեամբ կորուստէ կը փրկուին շատ մը երգեր եւ եղանակներ»:

yerkaran_kinetson2_82419.jpg

Ապա Մովսէս Գէորգեան ասմունքեց, իսկ գեղարուեստական յատուկ բաժնով հանդէս եկան Վիքթորիա Գէորգեան եւ Սալբի Հանտեան` Մուսա Լերան երգերու երգացանկով եւ թատրոնով մը:

yerkaran_kinetson5_82419.jpg

Ապա գիւղի հոգեւոր հայրերը կատարեցին երգարանին գինեձօնը:

yerkaran_kinetson4_82419.jpg

Երգարանի մեկենասներն են տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Վարդենի Պիտանեանները, որոնք նուիրեցին այս երգարանը գիւղի հիմնադիր սերունդին:

Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ գինեձօնի ընթացքին բոլոր անոնց, որոնք մաս կազմեցին այս աշխատանքին:

 

Հինգշաբթի 8 Օգոստոսին, Հ.Յ.Դ. 《Կարմիր Լեռ》 կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ.Կ.֊ի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան ընկեր Յակոբ Բագրատունիի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 80֊ամեակի մարմինի ատենապետին, այցելեց Մեծի Տանն կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին:
Հանդիպումին, արծարծուեցաւ շրջանը յուզող տարբեր հարցեր։ 
Ապա, վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք 
80 ամեակի առնչուած տարուող աշխատանքներուն մասին, խոստացաւ մեծ պատուիրակութեամբ ներկայանալ եզրափակիչ հանդիսութիւններուն։

67901625 2937529426288941 8425960381385539584 n

Կիրակի 18 Օգոստոս 2019ին
«Ս. Պօղոս » եկեղեցւոյ մէջ 
տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ վերափոխեալ Ս. Աստուածածինի տօնին առիթով։
Քարոզը կատարեց գերաշնորհ Տէր Վարուժան Արք. Հերկելեան։ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ խաղողօրհնէք։

  • 6967770729649422368809932259876697253871616n
  • 6896215729649394135479427765665539661234176n
  • 6934049529649413802144121680029045409972224n
  • 6854794829649415302143974620734470843006976n

 

ՀՅԴ  ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ  Լիզպոնի գործողութեան 36-ամեակի ոգեկոչում` «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ:

LEM 8419

Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մակի Քենտիրճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի արդար Դատին եւ ոտնահարուած իրաւունքներուն ի խնդիր 36 տարի առաջ, 27 յուլիսին, պայքարի ու վրէժի ոգիով ներշնչուած հինգ երիտասարդներ յանդուգն եւ իրենց ոճին մէջ եզակի գործողութիւն մը կատարեցին Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ, իրենց գարուն կեանքերուն եւ նուիրական արեան գնով մեզի ու աշխարհին յիշեցնելու, որ ցեղասպանին ոճիրը չէ մոռցուած, չի կրնար  մնալ արգելափակուած ու պատանդ` լռութեան պատի ետին, որ` հայ ժողովուրդը տէրն է իր իրաւունքներուն, անզիջող ու ըմբոստ պոռթկումով պիտի արթնցնէ աշխարհի խիղճն ու յիշողութիւնը, որպէսզի հայուն վերադարձուին իր պապենական հողերը, արդար հատուցում կատարուի Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ հաւաքական անառարկելի կորուստներուն համար»: Ան իր խօսքը շարունակեց` ըսելով. «Լիզպոնի հինգ ողջակէզները կեանքէն յուսահատած,  անձնասպանութեան դիմող հասարակ մահկանացուներ չէին, այլ` արդարութեան մարտիկներ, կեանքը պաշտող, բայց անոր արդար զարգացման հաւատացող նուիրեալներ, որոնք հաւատացին  ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան տեսլականին եւ վասն այդ երազանքին նուիրաբերեցին իրենց ամենաթանկը` իրենց գարուն կեանքը»:

Իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Յարգա՛նք` Լիզպոնի հինգ նահատակներու յիշատակին:  Թող անոնց անմահացումով կերտուած պատգամը միշտ վառ մնայ ամէն պահանջատէր հայ հոգիի մէջ»:

IMG 7681

Այնուհետեւ Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Պետիկ Հերկելեանի «Պսակ» բանաստեղծութիւնը:

67520590 2925267057515178 6807806782325391360 n

իսկ խումբ մը ԼԵՄ-ականներ նուագեցին փունջ մը երգեր:

 IMG 7690

Օրուան պատգամը տուաւ Արմէն Թաշճեան: Ան ըսաւ, որ այս հաւաքը` լիզպոնեան խորհուրդին հաղորդակից մնալու, մեր երիտասարդական շարքերու վճռակամութեան մէկ արտայայտութիւնն է:

Ազատագրական պայքարի քաղաքական գիտակցութեամբ ամրապնդուած եւ այդ պայքարին` բոլոր ժամանակներուն եւ պայմաններուն մէջ պատրաստակա՛մ երիտասարդութեան համար չկայ աւելի բիւրեղ թելադրականութեան վառ խորհուրդ, քան` լիզպոնեան սխրանքէն ճառագայթողը: Ան իր խօսքը շարունակեց` ըսելով. «Արան, Վաչէն, Սեդրակը, Սիմոնն ու Սարգիսը` իւրաքանչիւրը ունէր իր տունն ու ընտանիքը, իր երիտասարդ գարունը: Բայց այս բոլորը անոնց համար կ՛իմաստաւորուէին միմիա՛յն պապենական հողի վրայ, անոր ազատագրումէն ետք:

Ահաւասիկ` սփիւռքի մէջ վերընձիւղուած յեղափոխութեան ամրակուռ գաղափարականութեան անբասիր սկզբունքներն ու ոգին, որոնց գերագոյն թարգմանը հանդիսացաւ Լիզպոնի հնգեակը իր որոտացող ուժականութեամբ:

Չարաչար սխալած են եւ կը սխալին անոնք, որոնք լիզպոնեան աքթը կը խորաչափեն յեղափոխական ռոմանթիզմի մը արտայայտութեան ծիրին մէջ:

Լիզպոնեան աքթը հոմանի՛շ է եւ կը մնա՛յ` յեղափոխական ապառաժեայ վճռակամութեա՛ն»:

Ան ըսաւ, որ լիզպոնեան աքթը, բոլոր ժամանակներուն մէջ եւ տարատեսակ պայմաններու տակ, վճռադատ պատգամ է եւ գաղափարական զինավարումի ջի՛նջ ակունք:

Թաշճեան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «80-ամեայ Մուսա Լեռ-Այնճարը եւ մանաւա՛նդ անոր «Շաւարշ Միսաքեան» երիտասարդական փաղանգը բոլոր պատճառները ունին հաղորդ մնալու լիզպոնեան խորհուրդին` իրենց հաւատարմութիւնը անխա՛խտ պահելու անկէ փոխանցուած կտակին:

«Չէ՞ որ լիզպոնեան աքթը բոցավառած յեղափոխութեան առաջին կայծը կը տրուէր այս գիւղէն` աննման Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեամբ:

«Չէ՞ որ մեր գիւղն ալ նոյն յեղափոխութեան հնոցներէն ու մարզադաշտերէն մին էր…

«Չէ որ Լիզպոնի սիրելի հնգեակէն Սիմոնը այս գիւղի ազգային վարժարանի ութ դասարաններուն մէջ իր հետքը շաղած էր…

«Համոզուած եմ, որ ազատութեան բագինին զոհաբերուած հնգեակին հաղորդութեան նշխարները տակաւին շռայլօրէ՜ն պիտի բաշխուին մեր նորահաս սերունդին, միայն թէ սերունդը ականջալուր մնայ անոնց մե՛ծ ուխտի պատգամին:

Ամո՛ւր մնացէք…»:

IMG 7693

Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:

67933669 2925268374181713 621411682454863872 n

 

?>