Եզրափակելով Մուսա Լերան հերոսամարտի 104-ամեակի ոգեկոչման եւ Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկները` կիրակի, 15 սեպտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին Այնճարի «Արեւ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան:
Ձեռնարկի հանդիսավար Համազգայինի գեղարուեստական դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` նշելով այս հաւաքին կարեւորութիւնը եւ Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդին մարտնչող փառապանծ ոգին: «Մուսալեռցիք նախընտրեցին լեռ բարձրանալ եւ նահատակուիլ վասն ազատութեան, ահա այսօր այդ հերոսական ժողովուրդի շառաւիղներն են, որոնք կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց արմատներուն եւ աչքի լոյսի պէս կը պահպանեն այսօրուան նո՛ր Մուսա Լեռը` Այնճարը, եւ փաստը ցոյց կու տայ, որ մուսալեռցիք առանձին չեն, որովհետեւ անոնք կը վայելեն բոլորին գուրգուրանքը», ըսաւ Սուրճեան: «Ահա այս մթնոլորտին մէջ կ՛եզրափակենք այս զոյգ տարեդարձները` տօնական բարձր տրամադրութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ», ընդգծեց Սուրճեան` թուելով այս առթիւ իրագործուած ձեռնարկները: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի նախագահ տէր եւ տիկին Կայծակ Զէյթլեաններուն եւ յատուկ արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն` իրենց ազգօգուտ ներդրումին համար:
Այս առթիւ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին` նշեալ յոբելենական մարմինի պատուոյ նախագահ Վազգէն Տէր Գալուստեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, ձեռնարկի նախագահ Կայծակ Զէյթլեան, նշեալ յոբելենական 75-րդ մարմինի ատենապետ Եսայի Հաւաթեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս:
Յակոբ Հաւաթեան նշեց, որ չկայ շրջան մը, գաղութ մը, որ այսքան հիմնարկէք կը կատարէ նման տարեդարձի մը առիթով: Ան վկայեց այնճարցիներու իւրայատկութիւնը, որ իբրեւ այնճարցի, Այնճարը սիրող եւ Այնճարով ապրող հայորդիներ` կը մտահոգուին եւ միասնաբար կը ջանան լուծումներ գտնել տարբեր հարցերու` այս մէկը նկատելով իւրայատուկ երեւոյթ ամբողջ հայաշխարհի մէջ: «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար տագնապող կուսակցութեան հարազատ կենսափորձը մենք այս գիւղին մէջ կը տեսնենք», շեշտեց Հաւաթեան` կոչ ուղղելով, որ բոլորը կրկին ժամադրուին յաջորդ տարեդարձներուն: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հայորդիներուն, յատկապէս` այն այնճարցիներուն, որոնք այս հայաւանէն հեռու, այս հայաւանով ապրող ու շնչող հայորդիներ են` իբրեւ օրինակ մէջբերելով Այնճարէն հեռու ապրող Կայծակ Զէյթլեանի այն խօսքը, թէ կ՛ուզէ, որ իր զաւակը եւ հարսը կատարեն «Այնճարի Արթ կալըրի»-ի բացումը, որպէսզի Այնճարի նկատմամբ զօրակցութիւնն ու անոր շարունակականութիւնը երաշխաւորուի: «Ա՛յս մտածողութեամբ, ա՛յս գաղափարական արժէքին վրայ հիմնուած է այսօրուան 80-ամեակը, նայի՛նք նոր սերունդին, վստահի՛նք նոր սերունդին եւ անպայման յաղթանակները մերը պիտի ըլլան», ընդգծեց Յակոբ Հաւաթեան:
Ձեռնարկի նախագահ Կայծակ Զէյթլեան մերթ ընթ մերթ Այնճարի բարբառով մէջբերում կատարելով` անդրադարձաւ օրուան մատաղի` «հարիսայի» աւանդական խորհուրդին, պարզելով, որ այդ մէկը նուիրական աւանդութիւն դարձած է, որովհետեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի քաջարիները մահ ու կենաց կռուի` գոյապայքարի ընթացքին ժամանակ չունենալով ճաշի մասին մտածելու, կը բաւարարուէին միայն միս ու ցորեն եփելով եւ ուտելով: «Այդ հարիսայի արարողութիւնը մեր ուխտն է, մեր հաղորդութիւնը, մեր ուխտն է, որ մեր պայքարը չէ աւարտած մինչեւ մեր Մուսա Լերան, մեր ժողովուրդի իղձերու իրականացումը», շեշտեց Զէյթլեան` վերահաստատելով, որ իր ազգակիցներուն հետ պիտի շարունակէ արտերկրի մէջ գործադրել հարիսայի այդ ուխտը, պայքարը եւ օգնութիւնը հայ ժողովուրդի իղձերու իրագործման համար»:
Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն ճիգերը եւ յետադարձ ակնարկով յիշեց անցեալին Այնճար կատարած իր այցելութիւնները ու այս առթիւ իր ապրած տպաւորութիւնները: Ան անդրադարձաւ Այնճարի ապրած զարգացումներուն, ուր փարթամ պարտէզներ, գեղատեսիլ տուներ կը բնորոշեն անոր տեսարանը, եւ այդ զարգացումները զինք եւս կերտած են: Վերապատուելի Գարակէօզեան շնորհաւորեց այնճարցիները այս բարգաւաճման ճիգերուն համար, ուր կարելի է խոպան դաշտերէն, տաժանակիր աշխատանքներէն ազատ ու ծաղկած միջավայր ստեղծել:
Եսայի Հաւաթեան իր կարգին յատուկ եւ կարճ դրուագներով վկայեց Այնճարի եւ այնճարցիներու մէջ տիրող համերաշխութեան ոգին, ուր բոլորը կը զիջին յօգուտ հաւաքականին:
Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան հակիրճ տողերու մէջ անդրադարձաւ զոյգ տարեդարձներուն առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներու ճիգերուն` բարձր գնահատելով պատկան մարմիններու ներդրումը ձեռնարկներու յաջողութեան մէջ: Ան մաղթեց, որ այս ժրաջան աշխատանքի ոգին տիրէ նաեւ Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի շրջանակներուն մէջ եւս: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անհատներուն եւ միութիւններուն, որոնց միացեալ ճիգերով կարելի եղած է իրականացնել զոյգ տարեդարձները:
Առաջնորդ սրբազանը դրուատիքով նշեց սիրոյ սեղանին շուրջ համախմբուած ազգայիններուն նպաստը եւ ըսաւ. «Մեր կեանքին մէջ ամէն առիթ ունի իր սկիզբն ու աւարտը, եւ այս առթիւ կ՛ուզեմ յայտնել իմ յատուկ գնահատանքը զոյգ տարեդարձներու իրականացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած ազգայիններուն: Կարեւորը սեղանը չէ, այլ` սեղանակիցը», շեշտեց Նարեկ սրբազան եւ ուրախութեամբ ողջունեց ներկայ եւ բացակայ երիտասարդ սերունդի երկու ներկայացուցիչները: «Այս երկու սերունդները, նոր սերունդի ներկայացուցիչները կը հետեւին իրենց նախորդներու օրինակին` շարունակելու համար թէ՛ Այնճարի մէջ եւ թէ՛ այլ շրջաններու մէջ իրենց գործօն մասնակցութիւնը, ես այսօր կ՛ողջունեմ Կայծակ Զէյթլեանին զաւակը եւ հարսը` Շանթ եւ Գարին Զէյթլեանները, նաեւ կ՛ողջունեմ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին զաւակը` Զարեհը եւ անոր դուստրը` Անին», դիտել տուաւ Նարեկ սրբազան` ընդգծելով, որ այս անուններուն ետին կայ յանձնառութիւն, նախանձախնդրութիւն, զոհողութիւն եւ մասնակցութիւն: Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ կարենանք սերունդէ սերունդ ոսկի շղթայի նման իրարու կապել մեր դժուարութիւնները, մեր տագնապները եւ մանաւանդ` մեր յաջողութիւնները:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան աշուղական երգերու մեկնաբան ծանօթ երգչուհի Սիլվա Քեչեճեան եւ յատուկ այս առիթով հրաւիրուած հայրենի երգչուհի Նարէ Գէորգեան: Իսկ Պարոյր Ստամպուլեան ասմունքեց բանաստեղծ Եդուարդ Պոյաճեանի բանաստեղծութիւններէն գլուխ գործոց մը: Ձեռնարկի ընթացքին եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր անհատի համար ծննդավայրը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ իր սիրտին մէջ եւ կը պարգեւէ այնպիսի յուզում, որ կը խթանէ մարդու յիշողութիւնը, նաեւ կը գերազանցէ` առօրեային զուգահեռ ուրուագծելով անցեալի բաբախող շունչը…
Ծննդավայրի օրօրանքն է, որ կը ներշնչէ ուժ եւ կու տայ սնունդ` գոյատեւման ու պայքարի. ապրում մը, որ ստեղծագործական լուսաւոր ճառագայթի մը արձակումով կու գայ հեռաւոր անցեալէն եւ կը յառաջանայ անյայտ հորիզոնի փնտռտուքով:
Ծննդավայր, որ մայրական գուրգուրանքով ոգեղինացած` հարազատ միջավայր կը հանդիսանայ, «եթերային մոլորակը», որուն կարօտը անսահման կը դառնայ շա՜տ շատերու, եւ յարգանքի արժանի` անոր բոլոր բնակիչներուն:
«Առաջին անգամ աշխարհում տեսած իմ առաւօտն է այնտեղ մնացել», կը գրէ հեղինակը, որ իր գրիչով կը ծանօթացնէ աշխարհին այն արեգակի ծնունդը, որ յարատեւ կը շողայ իր ծննդավայր-հողին վրայ` նորանոր ծիլեր արձակելու ջերմութեամբ: Բազմաթիւ հեղինակներ ու մտաւորականներ աշխարհի տարածքին նկարագրած են իրենց ծննդավայրը եւ կարօտ մը ապրած` հոնկէ մեկնած ըլլալու պատճառով: Անոնց համար ծննդավայրը եղած է այն անհասանելի տարածքը, որ յայտնուած է կոպերու տակ թաքնուած հայեացքներու մէջ: Այսպիսով, յաւերժացած է ոչ միայն հեղինակուած տողը, այլեւ` այն վայրը, այն նկարագրութիւնը, որ հայելին ու թարգմանն է անոր մանրամասնութիւններուն…
* * *
Ժպիտը ծաղկեցաւ բնութեան մէջ, երբ դաշտեր ներկուեցան ոսկեայ հատիկներով եւ հրաւիրեցին արեւը իրենց վրայ: Մատեաններու մէջ արձանագրուեցաւ պատմութիւնը, որ իր աւարտը չարտասանած` չար քամին հողմապտոյտ հասաւ, թերթիկները ցրուեց, շրջեցաւ բնութեան մէջ եւ փորձեց ոչնչացնել ծառերուն փարթամութիւնն ու պերճանքը, քշեց ու ձուլեց զանոնք անապատի մոխիրներուն հետ, պարուրեց անոնց փափուկ մաշկը փշաթելերով…
Գրիչը չթառամեցաւ, սակայն, ծաղկանոցին նման, այլ գոյատեւեց, շարունակեց արձանագրել իր տեսածը, իր ժողովուրդին կրած դառնութիւնը. ժողովուրդ մը, որուն զաւակներէն ոմանք անշունչ, ոմանք հեւասպառ ինկած էին գետին ու խառնուած` օտար, երբեմն ալ ամայի տարածութեանց:
Յոյսը կը մնար անշեղ, հաւատքի զօրութիւնը անխախտ:
Կար հաւաքականութիւն մըն ալ, որ վճռած էր լերան յանձնել իր ճակատագիրը եւ բարձրանալ գոյութենական կամքի արահետով: Յատկանշական էր այդ պահը, որովհետեւ իւրաքանչիւրը արծիւի նման կը խոյանար բարձունքը` ոտնահարելով իր թշնամիին դաւն ու յափշտակութիւնը: Այս ժողովուրդը դարձաւ օրինակ մը պատմութեան մէջ եւ կտակեց իր վերականգնած զօրութիւնը եւ մաքառումի անկոտրում յառաջով, ահասարսուռ իրավիճակներուն դէմ կեանքը նոր ժպիտով դիմաւորելու կարելիութիւնը ստեղծեց:
Յաղթեցի՛ն անոնք. յաղթեց հայ ժողովուրդը, որովհետեւ թշնամիին առաջնորդած ամպրոպը շիջեցաւ, եւ կակաչներն ու արագիլները կրկին երեւցան հայաւանի օճախին. նոր կեանք մը հիւսուեցաւ` կրկնելով հինին յիշողութիւնը, բայց` առաւել հատու, որովհետեւ, թէկուզ` օտար երկինքի տակ, անդադար կրկնեց մեր զանգերուն ղօղանջը, եւ յաղթանակի դրօշը պանծաց մեր երկնակամարին: Աւանդութիւնը չխամրեցաւ. թմբուկն ու զուռնան միատեղ հնչեցին իբրեւ քայլերգ, որ մանուկը, պատանին, երիտասարդը, չափահասն ու տարեցը իբրեւ մարտիկ անգամ մը եւս կազմեն շուրջպարը, եռանդո՛ւն կշռոյթով, բաբախո՛ղ իրականութեամբ, «Մահ կամ ազատութիւն» կտակուած ուխտով, որ բոլորն ալ իրենց հայեացքը մշտապէ՛ս ուղղեն լերան վրայ տեղի ունեցած մեծաշուք նուաճումին…
Մեր հերոսները մեր փառքն են ու փարոսը` մեր յառաջիկայ ծրագիրներու յաջողութեան: Պատմութիւնը մշտական դաս մըն է, որուն էջերուն վրայ ցայտուն են անոնց սխրագործութիւնն ու հաւատքը, նուիրումն ու մարտիրոսացումը: Թուականներն ու տարեդարձները մեր անցեալին յուշարար պատկերներն են, որոնք ժամացոյցի սլաքին հետ պտտելով` կը բանան մեր դիմաց նոր ճանապարհ եւ բեղուն նո՛ր անդաստան:
Ծաղկո՛ւնքն ենք մենք, Սրբազա՛ն Հողի…
Օգոստոս 2019
Այնճար
Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, կիրակի, 15 սեպտեմբեր 2019-ին, Նարեկ արքեպիսկոպոս, առաջնորդ Լիբանանի հայոց, ընդառաջելով «Այնճար արուեստի ցուցասրահ»-ի հովանաւոր տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու հրաւէրին, այցելեց սոյն ցուցասրահը` ընկերակցութեամբ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պեզիկեաններուն:
Ցուցասրահի մուտքին, սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ տէր եւ տիկին Շանթ եւ Գարին Զէյթլեաններու կողմէ, որոնք համապարփակ տեղեկութիւններ տուին ցուցասրահի բացման նպատակին մասին:
Յայտնենք, թէ «Այնճար արուեստի ցուցասրահ»-ին կայքէջի հասցէն է.-https://anjarartgallery.com/
Պատմութեան առարկայական օրինաչափութիւններու մէջ չտեղաւորուող իրողութիւն մըն է Այնճարի 80 տարին` անոր պատմութիւնը` իր բոլո՛ր հանգրուաններով:
Առարկայական` գրեթէ անբաւարար ազդակներու առկայութեան, իր հայրենի բնօրրանէն պոկուած հաւաքականութեան մը համար, նոր բնակավայրով` հաւաքական նո՛ր երթի մը սկիզբը եւ նո՛յն հաւաքականութեան պատմութեան շարունակութեան ապահովումը, երկրորդ հերոսամարտ մը մղելու համազօր քայլ էր եւ կը մնայ:
80 տարիներ ետք, պատմութեան թերթատումն ու վերաքաղը տակաւին տիրական եւ անխուսափելի կը պահեն այն հարցադրումն ու ձեռնոց նետող մտորումը, թէ ի՛նչն էր, որ Այնճարը ստեղծեց եւ Այնճարը Այնճա՛ր պահեց ու կը պահէ: Անվարա՛ն, նա՛խ քաջութիւնը, ապա` զայն իբրեւ զրահ հագած քաջերը:
Ինչպէս վերֆելեան գագաթի նուաճումէն մինչեւ ալեծածան ծովուն մէջ ազատութեան փնտռտուքը, նոյնպէ՛ս եւ նոյնքա՛ն այս անապատի անտանելի նեղութիւններու խորտակումը մեր ժողովուրդի արիութեան արգասիքն էր, էապէ՛ս:
Սակայն` ո՛չ միայն քաջութեան…
Հերոսամարտի եւ անոր խորանին հաւատարմութեան ուղին անխափան պահուեցաւ նախնեաց շիրիմներուն շուրջ ճօճուող բուրվառներով` մեռելներո՛ւն հաւատարմութեամբ:
Այն հաւաքականութիւնները, որոնք չեն յիշեր իրենց մեռելները, մանաւանդ` նոյն հաւաքականութեան պաշտպանութեան, անոր արժէքներուն եւ մեծ երազներուն ի սպաս` զոհասեղանին ընծայաբերուածները, դատապարտուած են ինքնալքումի:
Իրենց մեռելներուն հանդէպ հաւատարմութենէ հեռացող հաւաքականութիւնները կը կլանուին շուտով, որովհետեւ անոնց ինքնութիւնը կազմող հաւաքական յիշողութիւնը մթագնած է արդէն, եւ անոնք ամլացած են անցեալը ներկային կամրջելու եւ իրենց սերունդին ապագան յատակագծելու ունակութեան մէջ:
Միայն զգայազուրկ, երախտամոռ եւ հոգեմտաւոր առումով, անբովանդա՛կ հաւաքական միաւորնե՛րն են, որոնք իրենց խնդութեանց մէջ կը մոռնան իրենց անցած ճանապարհը, կրած նեղութիւնները, տրուած զոհողութիւնները եւ անցած կամ առկայ տագնապները:
Մինչդեռ 80 տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդը իր ամէն մէկ քայլափոխին յիշեց այս բոլորը եւ հաւատարիմ մնաց իր անցեալին:
80 տարիներու մութ ու ցուրտ ճանապարհին թէ լուսաշող վերելքին` գործի եւ օրինակի պատգամաբերներ մնացին հերոսամարտի 18 նահատակները, հերոսամարտի առաջնորդ եւ գիւղի հիմնադիր Մովսէս Տէր Գալուստեանը, սփիւռքեան գրականութեան տիտաններ` իրենց ժողովուրդին վիշտը, խինդը, տագնապը, մարտնչումն ու յաղթութիւնը կոթողող` Եդուարդ Պօյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը, գաղափարի մարտիկ եւ հզօր ղեկավար Սարգիս Զէյթլեանը, ինչպէս նաեւ` գաղութի ինքնապաշտպանութեան թէ Հայ դատի պահանջատիրութեան երթի այնճարցի նահատակները եւ այն բազում նուիրեալները, որոնք այս գիւղի համայնական կեանքը իր բազմաճակատ բնագաւառներով կառուցեցին իրենց սեփական կեանքի շինանիւթով:
Եւ ինչպէս որ պատմութեան դատաստանը անողոք է իրենց անցեալին հաւատարմութեան մէջ թերացողներուն հանդէպ, այնպէ՛ս ալ առատաձեռն է այսպիսի՛ հաւատարմութեան տէր հաւաքականութեան` իր սեփական պատմութիւնը արձանագրելու եւ շարունակելու արտօնութեամբ:
Ահաւասիկ, այսպէ՛ս է, որ Այնճարը բաբախեց Մուսա Լերան բարձունքին մնացած իր սրտով:
Այնճարը Այնճա՛ր պահեցին բոլոր հրդեհներուն ու փոթորիկներուն մէջ, հողին եւ ժողովուրդին հետ դաշնադիր մնալու սկզբունքը եւ անոր հիւսուած` հունձքի՛ գաղափարականութիւնը: Մէկ խօսքով` ամէն գնով հողէն եւ նորահաս սերունդէն հունձք ու բերք ստանալու աշխատանքի մարտնչումը:
Վերջապէ՛ս, Այնճարը Այնճա՛ր եւ Մուսա Լե՛ռ պահեցին այս բոլորը խտացնող, այս բոլորը խորհրդանշող մեր շուրջպարն ու թմբուկը:
Մեր գիւղին մէջ չկա՛յ այս բոլորին խորք ու խտացում տուող աւելի ցայտուն հաւաքական երեւոյթ, քան` մեր պարն ու թմբուկը: Բոլոր ժամանակներուն մէջ ժխորի, ամէն տեսակ աղմուկ-աղաղակի, պայթումներու թէ ամենադիւթիչ եղանակներու մէջ իսկ այնճարցին աւելի ականջալուր կ՛ըլլայ իր որոտացող թմբուկին եւ զինք տուն կանչող պարեղանակին:
Մեր թմբուկն ու շուրջպարը հաւաքական կեանք եւ տեսլական պահելու անբեկանելի կիրքի ու վճիռի արտայայտութիւններ են. միասին ըլլալու անթաքոյց, սակայն ազնի՛ւ յամառութիւն, յաղթանակած զէնքի ուրախութիւն եւ վերջապէ՛ս` գալիք սերունդներու կտակի՛ թագադրութիւն:
Ապագայի շառաւիղին, ապագայի ժառանգորդին թագադրութեան ա՛յս ծէսն է ահաւասի՛կ, որ կ՛ապահովէ սերունդներու ճախրանքը իրենց իսկ բոյնին վերեւ, թէկուզ ամէնէն երկար թռիչքները կատարած ըլլան անոնք:
Հիմնականին մէջ ենթակայական նշեալ ուժերու անընդմէջ զօրաշարժի հոլովոյթն է, որ Այնճարը Այնճար պահեց ու կը պահէ: Հետեւաբար Այնճարը պահող խորհուրդը այս հոլովոյթին մէջ պէտք է փնտռել:
Չարաչար կը սխալին անոնք, որոնք Այնճարը կը տեսնեն անոր նեղ սահմաններուն մէջ միայն, որովհետեւ Այնճարը պարզ աշխարհագրութիւն մը չէ, այլ անկէ աւելի վե՛ր, անընդհատ հոսող գաղափարի ճշմարտութիւն մըն է:
Անիկա քաջութիւն է, անով զրահաւորուած քաջերո՛վ միասին: Անիկա յաղթած սուրի՛ փայլք է, անհաւասար գօտեմարտի յաղթանակի բերկրանք ու խնդութիւն:
Անիկա վերֆելեան սխրանքի դպրութիւն է եւ նահատակներու հաւատարմութիւնը մշտանորոգ պահող ծխացող խունկի բուրմունք:
Այնճարը պապենական հողին եւ երկինքին ժառանգուելու մարմինի ու հոգիի ուխտակրութիւն է. Դատի պատկանելիութիւն եւ ազգային արժանապատուութեան եզակի ապրում:
Հունձք ունենալու աշխատանքի վարդապետութիւն է Այնճարը: Համախումբ կեա՛նք ու կռի՛ւ:
Ա՛յս է Մուսա Լեռ-Այնճարի ճշմարտութիւնը, եւ 80 տարիները անվրէպ վկայականն ու մեծ յուշարարն են այս ճշմարտութեան: Տէ՛րը ըլլանք անոր:
Շատ կը խօսուի Այնճարի տարածքային կծկումին եւ հողային կորուստներու, ինչպէս նաեւ` Այնճարի բիւրեղ միատարրութեան մաշումի որոշ իրողութիւններու եւ յաճախ արհեստածին եւ երբեմն ալ դրդուած խուճապահար վիճակներու մասին:
Անսակարկելի ճշմարտութիւնը այն է սակայն, որ այս բոլորը կը մնան պարագայական, մասնակի, հակակշռելի եւ նոյնիսկ վերականգնելի, այնքան ատեն որ այս բոլորը կանխած եւ այս բոլորին համընթաց` չունի՛նք զիջումներ մեր գաղափարական տարածքներէն եւ հաւաքական մեր կեանքը ամուր պահելու մեր որոշումէն:
Կառավարելի քաոսի կրակէ շապիկը հագած մեր տարածաշրջանին մէջ, կրնան գոյատեւել ազգային թէ համայնքային այն միաւորներն ու մասնիկները, որոնք կառավարելի քաոսին խաղի կանոններուն տողատակը լաւապէս ըմբռնած` չեն խախտեր հաւաքական կեանքի իրենց կռուանները:
Իրենց դիմադրողականութիւնը հմտօրէն կը կազմակերպեն` չտրուելով անկարգ, անդիմագիծ եւ խուճապային էութեամբ ազատութեանց յորձանուտին:
Անսկզբունք, անդէմ եւ բացարձակապաշտ ազատութեանց յատկանիշները արկածախնդրութիւններն ու ծայրայեղականութիւններն են, որոնք կը կազմեն մեծ վտանգը անհատականութիւններու եւ ինքնութիւններու ներդաշնակ ամբողջականութեան, առաջնորդելով զանոնք տրորումի, ճահճացման կամ մաշումի` անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ:
Այս կացութեանց մէջ խուճապ ազդանշող գոյնզգոյն դրօշակները չե՛ն, որոնք կրնան փրկութեան լաստեր ապահովել, երբե՛ք:
Մասնաւորաբար Այնճարի գոյատեւման երաշխիքը ունի մէկ ու միակ այն դրօշը, որ մեր ինքնութեան ամբողջականութեան, անոր դիմադրողականութեան, անոր հմայքին ու ճառագայթումին դրօ՛շն է: Դրօ՛շ, որ աւելի քան 1700-ամեայ մեր հաւատքին պաշտպանութիւնը ունի եւ անոր զօրութեամբ կը ծածանի:
Դրօ՛շ, որ ի գին բոլոր զոհողութեանց, որքա՛ն հաւաքական կեանք պահելու, նոյնքա՛ն հաւաքական որոշումի, կեցուածքի եւ դիմագիծի դրօշն է: Անիկա 40 օրուան հերոսամարտի եւ մուսալեռեան բազմադարեան հայեցի կեանքէն ժառանգուած արարելու, ստեղծագործելու եւ մարտնչելու դրօշն է, զոր Այնճարի հիմնադիր սերունդը կտակեց իրերայաջորդ սերունդներու:
Այնճարի` իբրեւ Մուսա Լերան շարունակութեան, անոր հարազատ յետնորդի ու արժանաւոր ժառանգորդի անզուգական դրօշը` յանձնառու ինքնութեան եւ սեփական ողնաշարի վրայ կառուցուած ազատութեան դրօշն է:
Անիկա գաղափարական ակունք, յեղափոխական աւանդ եւ պահանջատիրական երթ ունենալու փարոս է նաեւ:
Գաղափարական ակունք, որ միւռոնուած է Զաւարեանի խիղճով, հերոսամարտի 18, ինչպէս նաեւ «Կարմիր Լեռ»-եան փաղանգէն սերած վսեմ ուխտի նահատակներու արեամբ:
Յեղափոխական աւանդ` այն յեղափոխականութենէն, որ ազգային ազատագրական պայքարի բնութագիրը ունի եւ իր լոյսէ գօտիով պաշտպանուած կը պահէ ազգային միասնութիւնը` ի սպաս ժողովուրդի ընդհանրական շահերու եւ ազգային տեսլականի:
Պահանջատիրական երթ` Հայ դատի ամբողջական յաղթանակին կողմնացոյցին ուղղութեամբ:
Այնճարի հայեցիութիւնը բազմապատկող անխարդախ դրօշը, համահայկական օրակարգ իւրացնող եւ համահայկական քարտէսի վրայ դիրք պահող կազմակե՛րպ հաւաքականութեան դրօշն է:
Վերջապէս, Այնճա՛րը` ազատագրուած Մուսա Լե՛ռ, վերականգնող Կիլիկիա՛ եւ ծաղկող ամբողջակա՛ն Հայաստան վերածող մէկ ու միակ դրօշը, նոր յաղթանակներու կարօտ զէնք ու զրահի, արդար ու քրտնաջան վաստակի, ինչպէս նաեւ պատմութիւն յաւերժացնող գրիչի, անքակտելի ուխտակրութեան դրօ՛շն է:
Արդարեւ, 80 տարիներ ետք, մենք` իբրեւ ժողովուրդ, հաւատարիմ մեր ուխտին, մեր նահատակներուն, ինչպէս նաեւ ծառայութեան ու տիրութեան միաձոյլ կերպարներով ներկայացած` մուսալեռեան մեր տիտաններուն առջեւ կը խոստանանք մէկ բան`
«Մենք մեր դրօշակը, որուն նուիրուած ենք,
Մի՛շտ բարձր պիտի պահենք,
Հայ ծնած ենք եւ պէտք է հայ մեռնինք»:
* Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութեան` 80-ամեակի յոբելենական մարմինի ատենապետ և ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Թաշճեանի խօսքը:
14 սեպտեմբեր 2019
Այնճար
Խաղաղութիւնը կեանքին գեղեցկութիւնն է, արեւաշողը, իսկ ուրախութիւնը` հաւանաբար ընտանիքին սրբութիւնը եւ զոյգի մը միասնականութիւնը:
Այսօր ժամանակակից հարսանիքները, ըլլան կրօնական կամ աշխարհիկ, ունին ծէսեր եւ աւանդութիւններ:
Զոյգեր յաճախ բծախնդրութեամբ կը ծրագրեն իրենց հարսանիքը, նկատի կ՛առնեն ընտանեկան աւանդութիւնները եւ հնարաւորութիւն կու տան հիւրերուն հասկնալու, թէ իւրաքանչիւրը ինչ կը նշանակէ:
Բայց երբեմն ընտանեկան ոչ բոլոր աւանդութիւնները մեզի կը ծառայեն այս օրերուն:
Ճշմարիտ է` որոշ հարսանեկան աւանդոյթներ բաւական անտեղի են մեր ժամանակակից կեանքին համար, ոմանք` նոյնիսկ հակաֆեմինիստական, բայց որոշ մաս մըն ալ արդիական կը թուի: Բայց եւ այնպէս արժէ յիշել զանոնք եւ գիտնալ, թէկուզ անոնցմէ որոշ մաս մը այսօր կիրարկելի կը թուին ըլլալ:
Արդարեւ, աւանդական հարսանիքները շատ ամուր կապեր ունին գիւղի հետ, եւ հիմնականին մէջ գիւղական միջավայրին մէջ պահպանուած են մեր աւանդոյթները:
Հայկական հարսանիքները ազգագրական իւրաքանչիւր շրջանի համար ունեցած են յատուկ ծէսեր ու աւանդութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կատարուած են աշնան, գիւղատնտեսական աշխատանքներէն ետք:
Մուսա Լերան հարսանիքներն ալ կ՛ըլլային մեծ շուքով. իրաքանչիւր օր ունէր իր խորհրդաւոր եւ յատուկ ծէսը: Շաբաթ մը առաջ փեսային կողմը օժիտի (գումաշի) կ՛երթային քաղաք` հարսանեկան զգեստներ գնելու:
Հինգշաբթի կը սկսէին կերուխումի կարգադրութիւնները. այդ օր անասունները կը մորթուէին, հարիսայի ցորենը կը լուացուէր եւ կը ծեծուէր:
Ուրբաթ իրիկունը, ընդհանրապէս, հինումի կը յատկացուէր: Մեծ բազմութիւն կը հաւաքուէր, եւ հինումի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենար հարսնացուին ազգականներուն եւ ընկերուհիներուն ներկայութեան: Ապա ուրախութիւը կը շարունակուէր փեսացուին տունը մինչեւ լոյս:
Խրախճանքին գիւղին նշանուած տղաքը կը բերուէին եւ պարաններով կը կապուէին տան առջեւի ծառերուն ու փրկագին կը պահանջուէր անոնց նշանածներուն տուներէն: Փրկագինը կ’ըլլար օղի, հաւ կամ երկուքը միասին: Ստացուածը կը գործածուէր երիտասարդական կերուխումին համար:
Հարսանեկան ուրախութիւնները կը սկսէին շաբաթ օր: Սեղանները լեցուն կ՛ըլլային բազմատեսակ կերակուրներով եւ օղիի շիշերով: Առանց թմբուկ-զուռնայի` հարսանիք չէր ըլլար:
Թմբուկի եղանակներուն կ’ընկերանային եւ կը յարմարէին զոյգ մը պարողներ` դէմ դիմաց կեցած, թաշկինակներ իրենց ձեռքին: Կիներուն մէկ մասը խրախճանքի ամենատաք պահերուն զիլ ձայներով զղլայթներ կ’արձակէր: Կարգը կու գար փեսացուն եւ փեսաղբարը սազելուն: Պայման էր, որ սազողները ըլլային երկու նշանուած երիտասարդներ:
Հագուստի իւրաքանչիւր կտոր քանի մը անգամ կը դարձնէին փեսացուին եւ խաչեղբօր գլխուն շուրջ, ապա կը հագցնէին` «Շնորհաւոր թող ըլլայ» գոչելով: Իսկ երիտասարդները զէնքեր կը կրակէին զղլայթներու ընկերակցութեամբ:
Կարմիր եւ կանաչ թաշկինակներ (քաֆիա) խաչաձեւ կը կապէին փեսացուին եւ փեսաղբօր կուրծքին:
«Խորհուրդ խորին» եւ առիթին յատուկ շարականներ կ’երգուէին քահանային կողմէ, եւ թափօրը ճամբայ կ’ելլէր դէպի խնամիենց տունը` հարսնացուն առնելու եւ եկեղեցի առաջնորդելու: Տան առջեւ ալ պարեր տեղի կ՛ունենային` թմբուկ-զուռնայի ընկերակցութեամբ, եւ հարսնացուն` ձիու վրայ հեծած, եկեղեցի կը տարուէր ս. պսակի խորհուրդին:
Հարսը հօրենական տունէն բաժնուելու ատեն կը պարէր (կու լար). այս միջոցին յատուկ երգ մը կ՛երգուէր:
Երբ հարսանեկան թափօրը եկեղեցի կ՛ուղղուէր, փողոցներէն անցնելու ատեն հարսին գլխուն կը նետէին դրամներ եւ բուռ-բուռ հատիկներ, որ կը յիշեցնէր Արտաշէս արքայի եւ Սաթենկի հարսանիքը:
Հարսը, երբ տուն հասնէր, անմիջապէս չէին իջեցներ ձիէն, փեսային ծնողքին եւ ազգականներուն կողմէ կը տրուէին արժէքաւոր նուէրներ, որոնք կը կոչուէին զա՜նկըլըք (ասպանդակի նուէր) եւ կ’ըլլային կալուած, ծառեր, դրամ եւ այլն:
Հարսը, երբ ձիէն իջնէր, տան սեմին կը կանգնեցնէին զինք եւ գլխուն բաղարջ մը հաց դնելով` խաչաձեւ կը կտրէին, ապա գունդ մը խմոր կու տային ձեռքը, որպէսզի փակցնէր դրան վրայ. հարսին կը յանձնէին նաեւ ջուրի կաւէ սափոր մը, որ զարնելով շեմի քարինֆ կը փշրէր, եւ ջուրը կը տարածուէր տունէն ներս ու դուրս: Ապա կու տային ձեռքը անուշահամ եւ գեղեցիկ մեծ նուռ մը, որ ուժգնօրէն զարնելով` կը պայթեցնէր, եւ որուն կարմրուկ հատիկները կը ցրուէին տունէն ներս ու բակին մէջ:
Ապա խունկի բոյրով, խինդ ու սիրով հարսը կ՛առաջնորդուէր իր նոր բոյնը:
Այսօր շատ հաճելի է տեսնել, որ կարգ մը սովորութիւններ կը մնան նոյնը` որոշ նորութիւններով եւ փոփոխութիւններով:
Երբ կ՛ապրինք բազմազան մշակոյթներու աշխարհի մը մէջ, առանձնաշնորհումը ունինք նշելու մեր առիթները բազմազան ձեւերով:
Մեզի կը մնայ արժեւորել մեր ինքնութիւնը, ճշդել պատկանելիութիւնը եւ յառաջանալ դէպի նոր տեսլական:
Մշակոյթը, շրջապատը, տարրերը հասկնալը, անոնց պատշաճիլը, զանոնք գերադասելն ու անոնց հետ ապրիլը ընթացք մըն է` շարունակութիւն ըլլալու միտում:
Համատարած համաշխարհայնացումը ոճիր է մշակոյթներու դէմ, կը հարթէ բազմազանութիւնը, եւ եթէ իմաստութիւնը ինքզինք չպարտադրէ, շուտով կրնայ հաստատուիլ անգոյն եւ աննկարագիր միօրինակութիւն:
Ազատագրական պայքարի համար կենսական է մշակոյթը` որպէս ենթահող գիտակցութեան: Ընտրութիւնը մերն է. ինչպէ՞ս կ՛ուզենք ապրիլ` ձուլուելով ու նմանելո՞վ աշխարհին, թէ՞ մեր տեսակը պահելով, որ կ՛օգնէ ամրացնելու մեր հազարամեակներու արմատը ու ապրիլ` ժամանակի հայելիին մէջ տեսնելով մեր նախնիներու հարազատ արտացոլանքը:
80 տարի ետք այս բոլորը մեզի համար յաղթանակ կը թուին ըլլալ: