Հովանաւորութեամբ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ «Այնճար արթ կալըրի»-ի բացումը եւ մուսալեռցի-այնճարցի արուեստագէտներու գեղանկարչական ցուցահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յովհաննէս Խօշեան, որ անդրադարձաւ Համազգայինի կրթական ու մշակութային մեծ հիմնարկի առաքելութեան` շեշտելով, որ անիկա իր հիմնադրութեան օրէն տարաւ ու կը շարունակէ տանիլ ազգապահպանման եւ մշակոյթի զարգացման կարեւոր գործը: Ան յատկապէս խօսեցաւ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին մասին, որ կը շարունակէ տանիլ աշխուժ աշխատանքներ, որոնց ապացոյցն է այս ցուցահանդէսը: Ապա ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Մուսա լերան հերոսամարտի տօնակատարութեանց ծիրին մէջ, ուր պէտք է յիշուին ընդհանրապէս հերոսամարտի նկարագրութիւններով դրուագներ, ահա մշակութային ձեռնարկ մը, որովհետեւ զէնքը բաւական չէ քաղաքակիրթ ըլլալու համար: Մեր ազգի գլխաւոր զէնքը մեր յաւերժող մշակոյթն է»:
Իր խօսքը եզրափակելով` Յովհաննէս Խօշեան ըսաւ, թէ կեանքի ամէնէն դժուար զրկանքներուն հանդիպած եւ 80 տարիներու ընթացքին այդ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարած մուսալեռցին կը շարունակէ պահպանել հայ ազգի մշակութային ընթացքը եւ կազմակերպել նման նախաձեռնութիւններ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ իւրայատուկ նկատեց բացումը արուեստի կեդրոնի մը, որ պիտի դառնայ Այնճարի տեսարժան վայրերէն մէկը: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր ամէն տարի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ` գնահատելու համար մուսալեռցի արուեստագէտները: Ապա արուեստաբանը ըսաւ. «Այս ցուցասրահը միջազգային չափանիշներով ծրագրաւորուած եւ իրագործուած է: Մուսալեռցին դուրսի աշխարհին մէջ ճանչցուած է իբրեւ մարտունակ ժողովուրդ, սակայն մուսալեռցիին մարտունակութիւնը հիմնուած է իր ստեղծագործ միտքին, մշակոյթին եւ իր հայրենիքի պաշտպանութեան վրայ: Արդարեւ, առանց մշակոյթի ազգ մը գոյութիւն չունի, ազգը մշակոյթ է, եթէ հանենք մշակոյթը` մենք կը դառնանք անդիմագիծ հաւաքականութիւն, եւ ձուլումը աւելի արագ տեղի կ՛ունենայ, եւ փաստը այն է, որ մենք միայն հերոսներ չենք ծնած, այո՛` մենք հպարտ ենք մեր հերոսներով, բայց մենք ունինք ու կը հպարտանանք նաեւ մեր ստեղծագործ միտքերով: Մուսալեռցին հայութեան եւ աշխարհին տուած է նաեւ գիտնականներ, ազգային գործիչեր, քաղաքական գործիչներ, տուած է հոգեւոր հայրեր, մտաւորականներ, գրողներ եւ երաժիշտներ, այս բոլորին կողքին նաեւ տուած է արուեստագէտներ, որոնք փայլքով ներկայացած են աշխարհի չորս ծագերուն»: Ապա ան շնորհակալական յատուկ խօսքեր ողղեց տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բերին այդ ցուցասրահի ծրագիրի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներուն, որոնց գործերը ցուցադրութեան մնայուն վայր ունին արդէն:
Գիւղի հոգեւոր հայրերուն օրհնութեան աղօթքէն ետք, տէր եւ տիկին Շանթ եւ Գարին Զէյթլեաններ բացումը կատարեցին ցուցասրահին: Ժողովուրդին առիթ տրուեցաւ վայելելու արուեստագէտներու գեղանկարչական պատկերներն ու քանդակները:
Այնճարի 80-ամեակի տօնակատարութիւնները յոբելենական կլոր տարեթիւի հանգամանքի տրամաբանութեամբ կ՛առանձնանան հերթական Խաչվերացի տօնի նշումներու շարքէն եւ իրենց տարողութեամբ իւրայատկութեան բնութագիր կ՛ապահովեն:
Գերաշխուժ շաբաթ մը ամբողջ` կրօնական, մշակութային, փառատօնային, կրթական ոլորտներով, ո՛չ միայն շաբթուան ընթացքին սփիւռքահայ գիւղը կը դարձնէ ուշադրութեան կիզակէտ, այլ նաեւ հեռանկարներու մասին պայծառ ուրուագծումներ կատարելու իրողութիւնը կը շեշտէ:
Պատմական ժամացոյցի վերանորոգուած աշտարակի բացում, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ 60-ամեակ եւ այդ ծիրին մէջ փայտեայ խաչի զետեղում եւ Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանի կիսանդրիի բացում, «Այնճար 1939-2019. Մուսա լերան վերակառուցում Լիբանանի մէջ» ուսումնասիրութեան ներկայացում ու տակաւին ժողովրդային տօնախմբութիւն, Արուեստի գործերու ցուցասրահի բացում, Մուսա լեռ-Այնճար ազգագրական թանգարանի բացում, աւանդական տոհմիկ երեկոյ, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի հիմնադիր տնօրէն Գրիգոր Գուտուլեանի հարթաքանդակի բացում, Ս. պատարագ եւ կրօնական արարողութիւններ` կու գան ամբողջացնելու 80-ամեակի առիթով նախատեսուած ձեռնարկներու շարքը:
Հետեւողը նկատած պիտի ըլլայ արդէն, որ փառատօնային ձեռնարկներուն առընթեր մնայուն հանգամանք ունեցող ծրագիրներ կ՛իրականանան այս ձեւով, ինչ որ Այնճարի նկատմամբ հեռանկարայնութեան համոզում կը փոխանցէ: Գիւղի զարգացումը առաջադրող, համահայկական քարտէսին վրայ Այնճարի իւրայատուկ տեղ ունեցած ըլլալու իրականութեան իմաստին իրազեկ ամբողջ մեքենայ մը կը բանի օրն ի բուն` Այնճարի ո՛չ միայն հայեցի դիմագիծի պահպանման, այլ նաեւ զարգացման առաջադրանքներուն ընդառաջ:
Հայկական սփիւռքը հայկական գիւղի երեւոյթին հազուագիւտ պարագաներ ունի: Առաջինը պատմականօրէն մուսալեռցիներուն բնօրրանային մնացորդացն է Վաքըֆ գիւղի տեսքով, երկրորդը դարձեալ բնօրրանային կարգավիճակով գոյամաքառութեամբ պահպանուող Քեսապը եւ ` Մուսա լերան շառաւիղ Այնճարը: Առաջինը պատմաքաղաքական պայմաններու բերումով մնացորդացային գոյութեան կառչածութեան վառող-հալող մոմի պատկերը կը պարզէ` այդ պայմաններուն մէջ իսկ աւանդութիւնները վառ պահելու վճռակամութիւն դրսեւորելով:
Պատմական Քեսապը, յատկապէս սուրիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք նախկին վիճակը չի պարզեր. բնակչային միատարրութեան խախտումէն մինչեւ արտահոսք փաստացի իրականութիւններ են, որոնց դիմաց մնացողները դժուարութիւններու յաղթահարման միջոցներու որոնումով ու նուիրումով կը շարունակեն արդէն իսկ խառն բնակչութիւն ունեցող հայկական գիւղին դիմագիծը կարելի եղածին չափ պահպանելու աշխատանքները:
Հայկական միատարր գիւղի եւ անոր յատուկ դիմագիծի պայծառութեամբ կը շարունակէ ապրիլ, շնչել եւ արարել Այնճարը: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ նոյնանման դժուարութիւններ բերող մակընթացութիւններ չեն երեւիր դէպի Պեքաայի հայկական աւանը: Շրջապատ եւ անոր հետ կապուած կրօնական եւ մշակութային տարբերութիւններ, տնտեսական տագնապի բերումով հողատարածքներու վաճառքի վտանգի աստիճանաչափի բարձրացման միտումներ, շրջապատին մէջ ովասիսի կարգավիճակ ունենալու բերումով շրջակայ գիւղերէն այնտեղ հաստատուելու տրամադրութիւններու դրսեւորումներ: Տակաւի՛ն. լիբանանեան գիւղատնտեսական մարզի ապրած դժուարութիւններու ազդեցութիւններ, տեղական արտադրութիւնները շուկայականացնելու համար համարժէք օրէնքի բացակայութեան եւ խրախուսման քաղաքականութեան չգոյութեան առթած անպատեհութիւններ` մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն ապագայի նկատմամբ: Չենք խօսիր տակաւին ճգնաժամի մէջ եղող Սուրիոյ անմիջական ազդեցութեան գործօնին մասին` տնտեսաքաղաքական մակարդակներու վրայ:
Վաքըֆի անշքացումին եւ Քեսապի ստացած հարուածներուն իրողութիւնները սկզբունքով կը շեշտեն համահայկական հոգատարութեան լուսարձակներու կեդրոնացումը ո՛չ միայն վերապրած, այլ նաեւ զարգացող Այնճարին, հայկական սփիւռքի վերջին ամրաբերդին վրայ: Այնճար ամրաբերդը ինքնակազմակերպման նորովի միջոցներով պիտի շարունակէ շողարձակներ ուղարկել սփիւռքի կազմակերպ կեանքի կառավարման լծուած տարբեր հաստատութիւններուն վրայ: Այդ առաջադրանքի իրականացման կը նպաստեն նաեւ այս իւրայատուկ միջավայրին ստեղծած կապերը հայրենիքին եւ անոր արցախեան բաժինին հետ:
Ամրաբերդը կանգուն պահելը համահայկական օրակարգին մաս կազմող առաջադրանք է:
ՇԱՂԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՄԵՍՐՈՊ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղէն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը` Վահան քհնյ. Քէնտիրճեանը իր վտիտ մարմնով, բայց մեղմ ժպիտով կը յայտնուէր նոր ժամանակաշրջանի մը մէջ եւ` Դիմատետրի եւ Սուրէն Քէշիշեանի Ս. Ծննդեան երգեցողութեամբ, կը միացնէր աշխարհասփիւռ մուսալեռցիները` Այնճարին:
Մուսա Լերան բարբառը կը գործածուէր բացատրելու համար Ս. Ծննդեան պատմութիւնը եւ տալու երկնային պատգամը. «Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ»: Տէր Վահան քահանան իր երկարամեայ եկեղեցական ծառայութեամբ կարողացած է Աւետարանը քարոզել` օգտագործելով Մուսա Լերան բարբառը:
Ան տասնեակ տարիներ ամենայն համեստութեամբ բաժնեկցած է Այնճարի ժողովուրդին անձկութիւնը: Հագնելով գիւղը շրջապատող աղքատութիւնն ու դժբախտութիւնը` որպէս անձնական պատեան, կարողացած է վայելել բոլորին յարգանքն ու համակրանքը:
Տէր Վահան եղած է Այնճարի հին թէ նոր եկեղեցւոյ անշարժ սիւնը: Իր հիմնադրած գործը ներկայիս կը շարունակուի Շուշանեան Կիրակնօրեայ դպրոցին ընդմէջէն:
Յաւերժ պիտի ապրին Մուսա Լեռէն Այնճար եկած, լուսահոգի Տէր Վահանը եւ անոր ամէնօրեայ ժամերգութիւնները, իսկապէս ան մուսալեռցի Սուրբ Մեսրոպն էր, որ շարունակ կը միացնէր Այնճարը բոլոր մուսալեռցիներուն` Մուսա Լեռի բարբառով եւ իր խոնարհ հոգւով:
Անմահ է յիշատակը բոլոր սպասարկած քահանաներուն եւ օրհնեալ է գործը ներկայիս գործող տարեց ու երիտասարդ հոգեւոր հայրերուն:
Տարիներու ընթացքին ձին շարունակած է մնալ քաջութեան, զօրութեան եւ ազնուականութեան գերագոյն խորհրդանիշը:
Տարբեր մշակոյթներու պատմութեան մէջ ծանօթ ենք պատկերներու եւ դէպքերու, ուր նշանաւոր ռազմիկներ եւ ասպետներ տարած են յիշատակելի յաղթութիւններ` իրենց ձիերուն շնորհիւ: Բայց արդեօք հարց տուա՞ծ ենք ու մտածա՞ծ` ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ այդ ձին, եւ ոչ թէ ասպետը:
Այդ ձին, որ կը վազէ ցեխոտ, մրոտ ճամբաներէ, բայց կը մնայ միշտ խրոխտ ու կանգուն, ինչպէս ինքը` Մուսա Լեռը:
***
Ամառնային տաք առաւօտ մը, յունիսի կիսուն, արթնցայ ու տեսայ, թէ հօրս հեծանիւը տակաւին յենած էր բակի պատին, իսկ ինք նստած էր բակի շատրուանին մօտ: Տասնամեայ մանչուկ խելքս սարսափելիօրէն խորթ գտաւ անոր գործի չերթալը: Մտահոգութեան մութ ամպերուն մէջ կորսուած, յանկարծ ներս եկաւ վարժապետ Հապէշեանը` հօրս տեղեկացնելու, թէ էֆենտին կը պահանջէ զինք տեսնել ու անձամբ խօսիլ անոր հետ:
Միանալով հօրս պտոյտին, ուղղուեցանք դէպի էֆենտիին բնակարանը: Հայրս զիս իր ուսին առած, մօտեցաւ Մովսէս Տէր Գալուստեանին տան, որ ճերմակ ու կանաչ ցանկապատերով շրջապատուած շատ գրաւիչ ու տարբեր էր բոլոր գեղջուկ տուներէն: Երկարահասակ, հուժկու մտաւորականը արդէն դուրսը կանգնած էր` մեզ դիմաւորելու: Էֆենտին էր: Հօրս ուսերուն վրայ նստած ըլլալով, կարողացայ ուշադրութեամբ քննել անոր դէմքին մանրամասնութիւնները: Վախազդու, բայց միեւնոյն ժամանակ խորհրդաւոր արտայայտութիւն մը ուրուագծուած էր անոր դէմքին: Ունէր հանդարտ, բայց մտածկոտ աչքեր: Իսկ անոր գլխուն կազմուածքը իմ մանկական յիշատակարանիս մէջ ձգեց ձիու տպաւորութիւն: Կարծես բաւական սակաւախօս ըլլար, արդարեւ գլխու փոքր շարժումով մը մեզ հրաւիրեց ներս: Անոր յարգարժան կինը` տիկին Անահիտը, իր երեւոյթով եւ խօսելաոճով տարբեր էր գիւղի բոլոր կիներէն: Ան փարիզուհիի ոճով ամուսնոյն հետ կը խօսէր ֆրանսերէն բառեր. հագած էր ծաղկաւոր կոկիկ եւ երկար հագուստ մը, որ շատ հազուագիւտ էր եւ չտեսնուած: Այս մէկը առաջին տպաւորիչ յիշատակս է Այնճարի սեւ ձիէն:
Մովսէս Տէր Գալուստեան Մուսա Լեռէն վրնջելով եւ վազելով եկած է ու մեզ բերած է Այնճար:
Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութեան զինուորական ղեկավար, հայկական լեգէոնի սպայ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր, ՀՅԴ-ի երկարամեայ գործօն անդամ, դիւանագէտ, ազգային հերոս, մուսալեռցիները համախմբող ու ճահիճ Այնճարը բարեփոխող, կառուցող ու շքեղացնող ինքնատիպ ուժ մըն էր ան:
Այնճարի սեւ ձին մինչեւ իր կեանքին վերջալոյսը «վրնջած է» հայութեան եւ Այնճարի համար: Թէեւ հիմա ան ֆիզիքապէս հեռացած է, բայց եւ այնպէս ձիուն աչքերը տակաւին մշտարթուն են եւ կը դիտեն դրախտավայր Այնճարը:
Մութ գիշեր է. երիտասարդուհի մը լապտերը ձեռքին կը պտտի Այնճարի ամայի փողոցները: Ձիւնը սառած է, ինչ որ շատ կը դժուարացնէ այս միսիոնարուհիին շրջագայութիւնը: Աստուածային կոչում ունէր ան, միշտ կը հսկէր եւ շատ սիրով կը խնամէր գիշերօթիկի խումբ մը սաներ, զորս պատսպարած է երկու սենեակնոց ֆրանսական տուներու մէջ:
Այնճար կոչուող ձմեռնային ցեխոտ, ամառնային փշոտ անապատը սաստիկ ճնշումի կ՛ենթարկէ այս միսիոնարուհին` յուսահատելու աստիճան:
Ցատկելով տասնամեակներու օղակին վրայէն, քոյր Հետուիկի մաքնիսային լապտերը իր շողարձակումով Այնճար կը կեդրոնացնէ սփիւռքահայութեան չքաւոր աշակերտութիւնը: Ան կը պատսպարէ զանոնք Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ. ասոր կողքին, այս միսիոնարուհիին եւ գործակիցներուն ջանքերուն շնորհիւ կը կառուցուին գիշերօթիկ կեանքի համար նուիրուած ընդարձակ երեք շէնքեր: Այս երկսեռ շէնքերուն մէջ ան շարունակ կը ջանայ հիմը դնել չքաւոր, անտէր անտիրական աշակերտութեան քրիստոնէական կեանքին` անոնց տալով կրթական, ֆիզիքական եւ հոգեւոր ամէն տեսակ յարմարութիւններ ու սնունդ:
Այնճարի 80-ամեակի կրթական հունձքին անկասկած իրենց անժխտելի բերքը տուած են Ազգային Յառաջ վարժարանը եւ կաթողիկէ Անարատ Յղութեան քոյրերու վարժարանը, որ մինչեւ օրս կը ծառայէ իր Աղաճանեան սանուց պատսպարեալներու տունով:
Տակաւին շատ մեծ առեղծուած է, թէ ի՞նչ աստուածային ներշնչումով տասնամեակներ շարունակ Հիլֆսպունտ միսիոնարութեան քոյրերը ամոքեցին գաղթական այնճարցիներուն եւ համայն սփիւռքահայութեան հոգին` մղելով զանոնք դէպի լուսաշող ապագայ մը:
Քոյր Հետուիկի եւ գործակիցներուն վառած բազմակողմանի անցեալէն եկած լապտերները առասպելական են, եւ անոնք յաւերժ կը մնան որպէս հայապահպանման անժխտելի վկաներ: Անոնց ճառագայթները սփռուած են ցեխոտ Այնճարէն մինչեւ լուսաւոր աշխարհի անկիւնները:
Նուիրեալ միսիոնարուհիներու կրօնական, կրթական ու բարեսիրական գործը գաղթական այնճարցիներուն եւ համայն հայութեան տուած է եւ կը շարունակէ տալ բազում օրհնութիւնները` Այնճարի 80-ամեակէն անդին եւս:
ՍԵՒԱՉ
Երբ անունդ հասնի ունքերուս,
Հեռու… Հեռաւոր այս ափերուն,
Հոգիս ջերմով կը լեցուի ու
Մանկութեան յուշերս կու գան այցի:
Փոքրի՛կ իմ գիւղ, մեծ ես, մեծ
Քաղաքներէն աւելի…
Կարօտ ես համակ քաղցր ու ջինջ.
Ջինջ` ինչպէս Կարաչիյիդ ջուրը պաղ:
Այնճա՛ր…
Երազներուս մէջ կու գաս յաճախ,
Ուր կը քալեմ ես ահա,
Փողոցին մեր Պիթիասի.
Ու կը մտնեմ տուն առ տուն,
Ու կը բախեմ դուռ առ դուռ`
Լոկ փնտռելու մանկութիւնս,
Ընկերներս իմ աղուոր:
Լռութեան մէջ ականջներուս կը հասնին
Ձայներն ամրան քէֆերուն,
Եւ տհոլին, զուռնային…
Աչքերուս դէմ կը ցցուին
Կարմիր այտերն հարսներուն,
Նման կարմիր հինային:
Ձմրան ցուրտին մթութեան մէջ,
Սիրտս նման է քու հին սոպային,
Ուր կը կաթին կաթիլ-կաթիլ,
Տաք յուշերն իմ անցեալին…
Այնճա՛ր…
Աղուոր օր մը կը դառնամ քեզ,
Կը շէնցնեմ թաղը մեր,
Ու կը զինեմ գառ մը պարարտ,
Ու կը պարեմ պարը մեր:
Այնճա՛ր…
Իմ մանկութեան օրօրոց,
Պատանութեանս որսի դաշտ,
Երբ անունդ հասնի ունքերուս,
Հոգիս կարօտով կ՛արտասուի…
2012
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Մուսա Լեռ-Այնճարը, հայկական աւան մը ըլլալով հանդերձ, մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Լիբանանին համար:
Այնճարը խորհրդանիշ է բազմաթիւ երեւոյթներու, որոնք, լիբանանեան առումով, բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած են: Զուր տեղ չէ, որ Լիբանանի մամուլն ու պատկերասփիւռի կայանները անընդհատ կ՛անդրադառնան Այնճարի մասին` ցոյց տալով այս հայկական քաղաքին այլազան իւրայատկութիւնները: Ստորեւ կու տանք հիմնական այն պատճառները, որոնք Այնճարը կարեւոր կը դարձնեն Լիբանանին համար:
Ա. Այնճարը այն հազուագիւտ քաղաքներէն է, որ ունի յստակ , մտածուած եւ ծրագրուած արծուաթեւ յատակագիծ ` եւ չի նմանիր այլ գիւղերու եւ քաղաքներու, որոնք կառուցուած են անկանոն ձեւով, ուր չկան համաչափ փողոցներ , հաւասար հողատարածքներ եւ անհրաժեշտ հրապարակներ:Այնճարի մէջ լաւագոյն կերպով դասաւորուած են բոլոր փողոցները, բոլոր հրապարակները եւ հիմնական կառոյցները:
Դասաւորուած քաղաք է Այնճարը, որ կրնայ օրինակ ծառայել երկրին մէջ այլ գիւղերու եւ քաղաքներու: Քաղաքը կառուցուած է զառիթափի վրայ եւ զերծ կը մնայ ձմրան ընթացքին պատահող հեղեղներէն, որոնք այլ գիւղերու եւ քաղաքներու պարագային, հսկայ վտանգներու եւ կորուստներու պատճառ կը դառնան:
Բ. Այնճարը Լիբանանի զբօսաշրջային լաւագոյն վայրերէն է, ուր կան ոչ միայն հնութիւններ, մաքուր օդ եւ կանաչ տարածքներ, որոնք կրնան գրաւել զբօսաշրջիկները, այլեւ` յայտնի ճաշարաններ ու պանդոկներ, որոնք կը դիւրացնեն այցելուներուն կեցութիւնը:
Հոս կան նաեւ լայն հնարաւորութիւններ` ապագային աւելիով զարգացնելու զբօսաշրջութիւնը: Կայ գրագէտ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը (շուտով նաեւ Մուսա Լերան թանգարան), Մուսա Լերան յուշարձան- համալիրը , երեք եկեղեցիներ , փոքր, բայց գեղեցիկ կղզի մը, մեծ ու փոքր քարայրներ, լեռնային ճանապարհ, լերան վրայ նոր Մուսա Լեռ` 50.000 ծառերով, գետեզերք, հսկայ մարզական համալիր…
Քայլարշաւներու , նաւարկութեան , հետազօտական պտոյտներու , մշակութային հետաքրքրութիւններ գոհացնելու լաւագոյն հնարաւորութիւնները ունի Այնճարը, որոնք կրնան ապագային բացառիկ կեդրոնի վերածել այս քաղաքը:
Գ. Այնճարը վերջին տարիներուն նաեւ կարեւոր սկսաւ դառնալ պարզ այն պատճառով, որ հոս ոռոգման եւ ըմպելի ջուրերը մաքուր են եւ Այնճարի գիւղատնտեսական արտադրութիւնները համով եւ ապահով են (չունին ապականած ջուրի պատճառով ստեղծուած վնասակար մանրէներ եւ քիմիական մնացորդներ) եւ, հետեւաբար, շուկային վրայ փնտռուած են: Սպառողները պէտք չունին մտահոգուելու, երբ Այնճարի պտուղներն ու բանջարեղէնները կը գնեն, որովհետեւ անոնք ապականած չեն: Ապականումէ զերծ միջավայր է Այնճարը , որ ժամանակի ընթացքին աւելի կարեւորութիւն պիտի ստանայ, պարզապէս որովհետեւ քիչ շրջաններ մնացած են Պեքաայի դաշտին մէջ, որոնք կ՛ոռոգուին մաքուր աղբիւրի ջուրով:
Դ. Այնճարը Լիբանանի համար խորհրդանիշ է համայնքային համերաշխութեան եւ համագործակցութեան, բան մը, որ շատ կենսական է այս երկրին համար, եթէ նկատի առնենք, որ երկիրը բազմահամայնք է, եւ անոր ներքին խաղաղութիւնը գլխաւորաբար կախեալ է միջհամայնքային գործակցութենէն:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, լիբանահայութեան կողքին, Այնճարը տուաւ լաւագոյն օրինակը` իր շրջապատին հետ սերտ յարաբերութիւններ պահելով եւ գործակցելով դրացիներուն հետ, ի խնդիր գիւղացիներու բարօրութեան: Պետութեան համար նուազ գլխու ցաւ ստեղծող քաղաք է Այնճարը, ուր ընդհանրապէս հարցերը ներքնապէս եւ հասկացողութեամբ կը լուծուին` ներքին ապահովութեան ուժերու աշխատանքը դիւրացնելով:
Պետութիւնը կ՛ուզէ այս տեսակի օրինակելի գիւղեր եւ քաղաքներ ունենալ` դիւրացնելու համար իր աշխատանքը:
Ե. Այնճարը արագ զարգացող քաղաք է` հակառակ շատ մը այլ գիւղաքաղաքներու, որոնք նահանջի մէջ են եւ ժամանակին հետ չկարենալով քայլ պահել` կ՛ամայանան, կը տկարանան:
Լիբանանի մէջ գիւղերը քաղաքներէն նուազ յառաջդիմած են, եւ կեանքի մակարդակի տարբերութիւնը մեծ է մայրաքաղաքին եւ հեռաւոր գիւղերուն միջեւ: Այնճարը, սակայն, այդպէս չէ. հոս կայ զարգացման միջավայր մը, որ նախանձը կրնայ գրգռել այլ շրջաններու: Այնճարցիք մշակոյթի զարգացման յառաջատարներէն եղած են Պեքաայի դաշտին մէջ` հիմնելով երգչախումբ, նուագախումբ, պարախումբ, թատերախումբ, փողերախումբ, կրթական հաստատութիւններ, ձկնարաններ, որակաւոր պտուղի պարտէզներ, կաթնամթերքի արտադրութեան ագարակներ, ճաշարաններու ցանց, պանդոկներ …
Այս բոլորը կր հաստատեն, որ Լիբանանին համար շատ կարեւոր է Այնճարը: Լիբանանը ունի շատ հարստութիւններ. Այնճարի ներկայութիւնը, սակայն, բան մը կ՛աւելցնէ այս երկրի հարստութեանց վրայ, որուն համար պէտք է հպարտ զգան հայերը, ո՛ւր ալ գտնուին աշխարհի վրայ:
***
Մուսա Լեռ-Այնճարը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թէ՛ սփիւռքին, եւ թէ Հայաստանին համար: Այս իրողութիւնը կրնայ հաստատել ոեւէ հայ, որ այցելած է այս փոքրիկ Հայաստանը: Սփիւռքի տարածքին իւրայատուկ հայկական կեդրոն մըն է Այնճարը, որ եզակի է բազմաթիւ առումներով: Հոս ապրողները ստեղծած են իրենց Հայաստանը, հայրենիքի սահմաններէն դուրս ` ուշադրութիւնը գրաւելով տարբեր ուսումնասիրողներու եւ շրջանակներու: Արդէն 80 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի այս աւանը, որ հպարտութիւն կրնայ ներշնչել ոեւէ հայորդիի:
Այնճարը ինչո՞ւ կարեւոր է հայութեան համար. փորձենք քանի մը կէտերու մէջ ներկայացնել գլխաւոր պատճառները:
Ա.- Այնճարը կը ներկայացնէ մուսալեռցիներուն հարազատ ժառանգութիւնը եւ, այսօրուան դրութեամբ, ունենալով մեծագոյն թիւը մուսալեռցիներու, որոնք համախումբ կ՛ապրին, կը ներկայացնէ մուսալեռցիներուն մայրաքաղաքը: Փաստօրէն, Այնճարը Մուսա Լերան շարունակութիւնն է, հետեւաբար, կը շարունակէ պահել Մուսա Լերան ժողովուրդի սովորութիւնները, բարբառը եւ տէր կը կանգնի այս ժողովուրդին անցեալին, կենդանի պահելով հերոսամարտի յիշատակը: Այնճարի գոյութիւնն է նաեւ գլխաւոր պատճառներէն մէկը, որ նոր գիրքեր եւ ժապաւէններ կը շարունակեն պատրաստուիլ Մուսա Լերան մասին:
Բ.- Այնճարը կը ներկայացնէ հայկական նկարագիրի գլխաւոր յատկանիշերը, ինչպէս` շինարար ոգի, ստեղծագործ աշխատանք, քաջութիւն, հաւատք, մշակոյթի հանդէպ յատուկ սէր…
Այնճարի մէջ փայլուն կերպով կ՛երեւի հայու շինարար նկարագիրը, որուն շնորհիւ յաջողած են 80 տարիներու ընթացքին Այնճար անապատը վերածել Այնճար կանաչապատ բուրաստանի: Այնճարի մէջ երեք սերունդ քրտինք թափած են այս ճահիճները պարտէզներու վերածելու համար, որ միայն աշխատասիրութեան, ստեղծագործ աշխատանքի եւ քաջութեան ցուցանիշ է: Հոս է, որ մարդիկ, նախքան իրենց տուներու կառուցումը, սկսած են կառուցել Աստուծոյ տունը (թէկուզ վրանի տակ), դպրոցը եւ ակումբը:
Գ.- Այնճարը պահած է իր հայկական դիմագիծը եւ ոգին` հակառակ բոլոր փոթորիկներուն:
80 տարիներու ընթացքին, բազմատեսակ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուած են մուսալեռցիները Այնճարի մէջ, սակայն չեն յուսահատած: Առաջնահերթ նկատուած է քաղաքին հայկական դիմագիծը, որու պաշտպանութեան համար մնայուն կերպով պայքարած են: Ամէն ինչ ըրած են վտանգէ զերծ պահելու համար այս քաղաքի հայկական դիմագիծը: Վերջապէս սփիւռքի մէջ պահել եւ պաշտպանել այս աւանը որպէս փոքրիկ Հայաստան (պատիւը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեանն է, որ իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր տէր կանգնած է այս աւանին) մեծ արժէք է թէ՛ սփիւռքի, եւ թէ Հայաստանի համար: Զարմանալի չէ նաեւ այն իրականութիւնը, որ Այնճարի բնակիչներու մեծ մասը ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Պէտք չէ զարմանալ նաեւ, որ Հայ դատի զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանը Այնճարէն է:
Դ.- Այնճարը մարդուժի պատրաստութեան կարեւոր կեդրոն է:
Այնճարի խաղաղ եւ հայաշունչ կեանքը առիթ կու տայ պատրաստելու հայկական մարդուժ, որուն մեծապէս կարիքը ունի յատկապէս սփիւռքը: Այս քաղաքի հայկական վարժարաններուն մէջ տասնամեակներ շարունակ պատրաստուած են սերունդներ, որոնք կը գտնուին սփիւռքի պատասխանատուներու առաջին գիծերուն վրայ (վարժարաններու ուսուցիչներ եւ տնօրէններ, թերթերու խմբագիրներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ճանչցուած արուեստագէտներ, գրողներ, ազգային-կուսակցական գործիչներ…): Կարելի է նկատել, որ տարբեր գաղութներու մէջ միշտ գտնուած են աշխատող եւ նուիրեալ հայորդիներ, որոնք Այնճարէն անցած են: Առանց դժուարութեան, Մուսա Լերան անցեալի եւ սովորութիւններու հովանիին տակ կարելի եղած է հայկական առողջ սերունդ պատրաստել:
Ե.- Այնճարցիներու ապրած փորձառութիւնը կարեւոր է մանաւանդ Հայաստանի գիւղերուն եւ քաղաքներուն համար:
Ինչպէ՞ս զարգացած է Այնճարը, ի՞նչ հանգրուաններէ անցած է եւ ի՞նչ լուծումներ որդեգրած է: Վերջապէս այս ժողովուրդին ապրած կեանքը իր տարբեր երեսներով պէտք է ուսումնասիրուի, վերլուծուի եւ գտնուին այն գաղտնիքները, որոնք կարեւոր են գոյատեւելու եւ զարգանալու համար:
Այնճարը մեծ արժէք է հայութեան համար: Վերջերս Շուէտէն երկու համալսարանականներ եւ Միացեալ Նահանգներէն պատմաբան մը այցելեցին Այնճար. անոնք եկած էին ուսումնասիրելու, թէ ինչպէ՛ս կը փոխանցուի Մուսա Լերան ոգին նոր սերունդին: Ինչպէ՞ս պահուած են Մուսա Լերան բարբառն ու սովորութիւնները եւ կապը անցեալին հետ:
Հիմնուելով այս պատճառներուն վրայ, կարելի է հաստատել, որ Այնճարը կեանքի փորձ եւ գոյատեւումի ճանապարհ է հայութեան համար:
***
Հիմա, որ անդրադարձած ենք Այնճարի կարեւորութեան` Լիբանանին եւ հայութեան համար (սփիւռք եւ Հայաստան), կա՞ն արդեօք հիմքեր, որոնք Այնճարին կու տան համամարդկային արժէք: Ի՞նչ յատկանիշեր այս քաղաքը կը դարձնեն բոլորին կողմէ հետաքրքրութեան առարկայ եւ անիկա ի՞նչով կը զատորոշուի այլ քաղաքներէ:
Բնականաբար անպայման կան մուսալեռցիներու ճակատագրակից ժողովուրդներ, որոնք անցած են նոյնանման ճանապարհէ:
Մուսալեռցիները, սակայն երեք անգամ գաղթական եղած են, 1915-ին` դէպի Փոր Սայիտ, 1939-ին` դէպի Այնճար եւ 1946-47-ին` դէպի հայրենիք: Ապրած են գաղթականութեան ամբողջ տառապանքը:
Այնճարը, սակայն բոլորովին տարբեր ճակատագիր ունի:
Հոս մահացած են գաղթականներուն գրեթէ մէկ չորրորդը` առիթ տալով, որ մնացեալները ապրին: 5125 հոգիէն շուրջ 1000-ը մահացած են առաջին 2-3 տարիներու ընթացքին` զոհ երթալով ցուրտին, մալարիային, անօթութեան…
Ահաւասիկ մարդկային գոյատեւումի եզակի օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ժողովուրդը, եթէ ամուր եւ յամառ է (եւ ի՜նչ յամառ) կրնայ տոկալ բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց եւ կենդանի մնալ, մերժելով մահը, աւելի՛ն` մարտահրաւէր կարդալով անոր:
Առիթով մը, բնութեան կրած փոփոխութիւնները սերտող մասնագէտ մը, երբ տեսաւ Այնճարի 1939-ի անապատային նկարը եւ այսօրուան պատկերը բացագանչեց.
«Դուք աշխարհին ցոյց կու տաք, թէ գիտութիւնը սխալ է. ձեր իրագործածը ապացոյց է, թէ մարդկային ուժը կրնայ բնութեան անիւը շրջել, եւ շրջանը, որ կ՛երթայ դէպի անապատականացում, անոր ուղղութիւնը կարելի է փոխել դէպի կանաչապատում: Դուք յաղթա՛ծ էք բնութեան»:
Այնճարի 80 տարիներու պատմութիւնը, որ լեցուն է բազմաթիւ վերիվայրումերով, մարդկային քաղաքակրթութեան համար տուած է բազմաթիւ օգտակար օրինակներ, որոնցմէ կրնան օգտուիլ բոլոր ժողովուրդները:
Այնճարը, որ շարունակութիւնն է Մուսա Լերան, իր 80 տարիներու պատմութեամբ ստեղծած է կրթական, դաստիարակչական, համայնքային եւ հայրենակցական կեանքի օրինակ մը, որ արժէք է, փորձառութիւն է, կեանքի ճանապարհ է եւ նուազ հետաքրքրական եւ ուսանելի չէ, եթէ բաղդատուի այսպէս կոչուած յառաջդիմած քաղաքներու կեանքին հետ:
Տարիներ առաջ լուսահոգի Յովհաննէս վարդապետ Օրջանեանը (Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ` ատենին) երկու իտալացի գրողներ բերաւ Այնճար: Գրողները զարմացած էին իմանալով, որ հոս կ՛ապրին «Մուսա Լերան 40 օրեր»-ու ժառանգորդները: Առաջին հարցումը եղաւ. «Խաչ դրօշակը հո՞ս է, կրնա՞նք տեսնել: Անհաւատալի, բայց իրաւ պատմութիւն մը ունիք: Հպարտ զգացէք ձեր անցեալով»:
Այնճարը աշխարհով տարածուած Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդին հարազատ զաւակն է, եւ միայն այս յատկանիշը բաւարար կրնար ըլլալ հեռաւոր շրջաններէն մարդիկ մղելու, որ գան, տեսնեն եւ մօտէն ճանչնան այդ քաջ, պայքարող եւ մահը մերժող ժողովուրդի ժառանգորդները:
Կայ աւելին. Այնճարի մէջ կը շարունակէ գոյատեւել ինքնամփոփ ժողովուրդի մը կեանքի բոլոր երեսները. ժողովուրդ մը, որ ունի իր իւրայատուկ կենցաղը, բարբառը, սովորութիւնները, պատմութիւնը եւ մտածելակերպը, որ մարդկային քաղաքակրթութեան կենդանի օրինակ է:
Հոս կայ զարգացող ընկերութեան մը բոլոր յատկանիշերը արտայայտող կեանքի տեսակ մը, որ ունի տարբեր գոյն եւ համ: Հոս հարսանիքը ժողովրդային տօն է, մահը համագիւղական յուզում…: Հոս մարդիկ իրարու համար են եւ ամէն բան ծախու չէ:
Հոս կանաչութիւնը կը տիրապետէ, մաքրութիւնը բնական է, խաղաղ է կեանքը` պարզ եւ հանդարտ:
Եթէ այս յատկանիշերը մարդկութեան համար արժէք ունին (եւ ունի՛ն), այդ պարագային Այնճարը համամարդկային արժէք է, որուն պէտք է գուրգուրալ: Բոլոր արժէքաւոր իրերը գուրգուրանքի կարօտ են, որպէսզի զոհ չերթան անհոգութեան, անտարբերութեան եւ վտանգներուն:
Բոլորին պարտականութիւնն է աչքի լոյսի պէս պահել այս իւրայատուկ քաղաքը:
Մուսա Լեռ – Այնճար
3 սեպտեմբեր 2019