Լուրերու Արխիվ

Հարաւային Քորիայի Դեսպանատան աջակցութեամբ , եւ գործակցաբար FAO-ի AFDC-ի եւ LRI-ի գարնան սկսած ծառամշակման եւ գիւղի ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքները Թագաժահրի (COVID-19)-ի տարածման պատճառով ընդհատուեցան:

Ներկայիս սոյն աշխատանքը վերսկսուեցաւ առաջին հանգրուանով գիւղի փողոցներու եւ հրապարակներու մաքրութեան աշխատանքին եւ գալիք օրերուն անոնք պիտի անցնին պարտէզներու եւ արուներու մաքրարշաւին, երիտասարդները բաժնուելով չորս տարբեր խմբակներու օրական հինգ ժամի դրութեամբ աշխատանքը կ՝ընթանայ:

Բոլորին վարձքը կատար:

Կը խնդրենք մեր Այնճարաբնակ հայրենակիցներէն, որ գիւղի մաքրութեան յաւելեալ հոգ տանին մնայուն կերպով:

10628063850424104324674867109613889517211054n
7341600250424116558006973219653923136499527n
8425772350424069791344989095002313913213848n
10635466950424133358005291134905325530370682n
7930643050424086058010024384086991434136511n

103806754 4599817203393480 2889957749013883490 n

Երեքշաբթի 9 Յունիս 2020ին մահացաւ Տիգրանուհի Հաւաթեան (ծնեալ 1929ին Մուսա լեռ)։

Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը՝ Չորեքշաբթի 10 Յունիս 2020ին կէսօրէ ետք ժամը 3։00ին《Ս. Պօղոս 》 եկեղեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։

Ծանօթ- երկրին ներկայ պայմաններու պատճառով հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հեռախօսի միջոցաւ։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։

103890719 4583468385028362 6402735860707878321 n

Չորեքշաբթի 10 Յունիս 2020ին մահացաւ Աբրահամ Օհաննէսեան (ծնեալ 1927ին Մուսա լեռ)։

Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ Չորեքշաբթի 10 Յունիս 2020ին կէսօրուան ժամը 1։00ին 《Ս. Պօղոս 》 եկեղեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։

Ծանօթ- երկրին ներկայ պայմաններու պատճառով հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հեռախօսի միջոցաւ։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։

103890719 4583468385028362 6402735860707878321 n

103832469_4582316978476836_8444654359310557182_o.jpg

?>