Ողբացեալ եփրեմ և Անահիտ Քէնտիրճեաններու մահուանց առիթով փոխան ծաղկեպսակի կատարուած նուիրատուութիւններռւ գումարով և ԱՄՆ Տիթրոյիթի Մուսալերան հայրենակցական միութեան ճամբով, ԼՕԽԻ ՝՝Աղթամար՝՝ մասնաճիւղի ՝՝Ֆիլհաննէսեան՝՝ կեդրոնի դարմանատունը օժտեց արդիական հականեխիչ սարքով մը իր յարակից գործիքներով ինչպէս նաեւ բժշկական այլ անհրաժեշտ պիտոյքներով որոնք մեծ օգտակարութիւն պիտի ունենան մեր ժողովուրդին ։
Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլոր նուիրատուուներուն իրենց այս մարդասիրական և օգտաշատ նուիրատուութեան համար։
Երկրիս տնտեսական փլուզումը օրէ-օր աւելի ճգնաժամային կը դարձնէ արդէն իսկ անդունդի եզրին հասած լիբանանցիին առօրեան, ինչպէս տեղեակ էք վառելանիւթի սակը ժամ առ ժամ աննախադէպ մագլցում կ'արձանագրէ եւ պէտք եղած քանակը ապահովելու իմաստով դժուարութեան դէմ յանդիման կանգնեցուցած է մեզ՝ բոլորիս:
Մեր ծառայութիւնը աւելի երկարաժամկէտ ապահովելու իմաստով, Այնճարի Ելեկտրականութեան մարմինը հետեւելով Լիբանանի ելեկտրածին շարժակներուն համախմբումի որոշումին, օրական 5 ժամով պիտի ընդհատէ ելեկտրականութեան հայթայթումը. առ այդ, ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք թէ 25 Յունիս 2021էն սկսեալ առաւօտան ժամը 5:00էն 8:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00էն 5:00 ելեկտրածին շարժակները պիտի դադրին ելեկտրականութիւն հայթայթելէ. Հետագային աւելի դժուար պայմաններու տակ գտնուելու պարագային ստիպուած պիտի ըլլանք յաւելեալ կրճատումներ ընելու:
Շատ պիտի խնդրենք մեր հայրենակիցներէն որ ըլլան ողջամիտ եւ գիտակից, դասաւորեն իրենց անձնական գործերը եւ աւելիով չխոչընդոտեն ստեղծուած իրավիճակը: