«Փոքրերու Աշխարհ» Մանկապատանեկան Խումբի Ելոյթ
Կազմակերպութեամբ` Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Ծնողական Խորհուրդին՝ Կիրակի 18 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Հայ Աւետարանական Վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ «Փոքրերու Աշխարհ» Մանկապատանեկան խումբի ելոյթը:
Ծնողական Յանձնախումբի անունով, ելոյթին բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Թալին Շաննաքեան, ան ներկաներուն մաղթեց խաղաղութեամբ եւ առողջութեամբ լեցուն տարի մը:
Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ բոլոր գիւղի նուիրատու հաստատութիւններուն:
Մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ ելոյթին ընթացքին՝ ներկաները երգեցին պարեցին եւ զուարճացան յատուկ խաղերով եւ մանաւանդ Կաղանդ պապայի այցելութեամբ մանուկներուն ուրախացուց նուէրներով:

Ամանորի Հաւաքոյթ
Մասնաճիւղիս գլխաւոր ձեռնարկներէն մէկը՝ Ամանորի հաւաքոյթը, որ կայացաւ ճաշարան Արեւի մէջ, 17 Դեկտեմբեր 2016 ժամը 1:30էն սկսեալ, հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ-ի Շրջ. Վարչութեան, եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին:
Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Մատլէն Խօշեան, որ ուրախութեամբ ողջոյնի խօսք ուղղեց Լ.Օ.Խ-ի աշխատանքներուն հաւատացող համակիր տիկիններուն: Ընկերուհին վեր հանեց ժողովուրդին համարումը՝ հանդէպ մասնաճիւղիս տարած գործունէութեանց և ընկերուհիներուն յօժար ծառայութիւնները բոլոր տեսակի պէտքերուն ընդառաջելու ի խնդիր: Ան նաեւ դրուատեց գիւղիս պատկան մարմիններուն և Լ.Օ.Խ-ի Շրջանային Վարչութեան զօրակցութիւնը միութեանս: Ապա բեմը յանձնեց Տիկ. Թամար Սնապեան-Սուրճեանին, վարելու ձեռնարկը: Իր կարգին, անիկա շեշտեց այս ձեռնարկին կարեւորութիւնը, որը կը միտի վարժարաններուն մէջ յաճախող կարիքաւոր աշակերտներու կրթական ծախսերու օժանդակութեան տրամադրելուն: Մէջ ընդ մէջ ընթերցեց կաղանդի սովորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ, բարեմաղթանքներ: Օրուան մթնոլորտը ճոխացուց երգչուհի Լիզա Սվաճեան, որ կամաւորաբար իր մասնակցութիւնը բերաւ ձեռնարկին, իր նուագախումբին հետ: Աշուղական, ժողովրդային և յունական երգերով, ու հայկական գեղեցիկ շուրջպարերով, շուրջ 175 ներկաներ, վայելեցին ուրախ պահեր. տօնական մթնոլորտի մէջ, գեղեցիկ տօնական յարդարուածքով սեղաններուն շուրջ. Ներկաները վիճակահանութեան տոմսեր ստացան, և կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն: Անոնք բախտաւորուեցան արժէքաւոր նուէրներով:
Ձեռնարկին գլխաւոր նուիրատուներն էին Nivea և Domanco ընկերութիւնները: Երգչուհիին և հանդիսավարին յանձնուեցան նուէրներ: Կաղանդ պապաները բաժնեցին վիճակահանութեան նուէրները: Եղան նուիրատուութիւններ. Ներկաները գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան:

Արազ Պուչաքճեանի Պրիսմակէն
Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Լիբանանահայ գաղութի տարբեր շրջանակներուն մէջ` յարանուանական, կուսակցական, դպրոցական, ակումբային, զանազան անուններ կը փայլին: Անուններ, որոնք իրենց ձիրքերուն համար այդ ընկերութեան բեմերէն կ՛երեւին: Քիչ կը պատահի, որ փայլուն անձ մը միջառեալ ըլլայ մէկէ աւելի միջավայրի մէջ, եւ բոլոր տեղերն ալ նոյնքան հարազատ վերաբերմունք ցուցաբերեն իր հանդէպ: Այս հազուադէպ օրինակներէն է Արազ Պուչաքճեան դէմքը: Ան նաեւ ճանչցուած է լիբանանեան մակարդակի վրայ, շահած է ՄԱԿ-ի մրցանակ:
Արազ Պուչաքճեան լիբանանահայ խոստմնալից լուսանկարչուհի մըն է, որուն ձեռքին յաճախ կա՛մ խելախօս (smartphone) կա՛մ ալ թուային միաոսպնեակ ցոլացող (Digital single lens reflex – DSLR) նկարչական գործիք կը տեսնենք: Ան իր առօրեայ կեանքին մէջ որեւէ պահ լաւագոյնս «յաւերժացնելու» տաղանդը եւ կիրքը ունենալով, ինքնաշխատութեամբ, ուսումնասիրութեամբ, աստիճանաբար կը բարձրանայ դէպի մասնագիտացում, թէեւ ինք կ՛ըսէ, թէ լուսնկաչութիւնը իրեն համար սիրողական մակարդակի բան մըն է:
Արազ Պուչաքճեանի կիրքը այս արուեստին հանդէպ մեզի միշտ ալ հետաքրքրական թուած է ոչ միայն իր խօսուն նկարներուն համար, այլ նաեւ` նկարները իրականացնելու ընթացքին իր ունեցած դրապաշտ եւ խանդավառ մօտեցումին համար: Այս հետաքրքրութիւնը ունենալով, մտերմիկ զրոյց մը կ՛ունենանք անոր հետ` հասկնալու համար իր յաջողութեան գաղտնիքը:
«Կը սիրեմ յաւերժացնել այն պահերը, որոնք անգամ մը եւս տեղի պիտի չունենան, ատոր համար նկարչական գործիքս միշտ հետս կ՛ըլլայ: Անշուշտ խելախօսս միշտ հետս է, բայց շատ յաճախ վիզէս թուային միաոսպնեակ ցոլացող (Digital single lens reflex – DSLR) նկարչական գործիքը կախած կ՛ըլլամ, որպէսզի արհեստագիտութեան օգնութեամբ բարձրորակ նկարներ արտադրեմ»:
«Ինքզինքս մասնագէտ չեմ համարեր: Լուսանկարչութիւնը մասնագիտութիւն դարձնելը արգիլող պատճառները շատ են: Յամենայն դէպս ես սիրողական նկարող եմ, որ կը նկարեմ հաճոյքի համար եւ ոչ` դրամ շահելու, որովհետեւ լուսանկարչութեան արուեստը կը սիրեմ եւ ո՛չ թէ ասպարէզը»:
«Լուսանկարչութեան կարողութիւններս կը զարգացնեմ ինքնաշխատութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ: Կայքեր կ՛այցելեմ, լուսանկարներու ցանցատետրեր (blogs) եւ գիրքեր կը կարդամ այս ուղղութեամբ: Ձիրքս կը զօրացնեմ մասնակցելով վարժանիստերու, ինչպէս «Ֆրէյմ ֆոթօ մարաթոն», ուր առիթ ունեցայ նոյնախոհ մարդոց հետ փորձառութիւն կիսելու եւ նորութիւններ սորվելու: Իսկ գործերս ցուցադրած եմ տարբեր ցուցահանդէսներու, ինչպէս` Հայկազեան համալսարան, «Պատկեր», «Ֆոթոմետ Լիպան», «Տար մուսսաուըր», «Սուրսոք» թանգարան, «Պէյրութ արթ սենթըր», «Պէյրութ Էքզիպիշեն սենթըր» եւ այլ տեղեր»:
«Ազդուած եմ նաեւ լուսանկարիչներէ, առաւելաբար աշխարհահռչակ լրագրող եւ լուսանկարիչ Հերի Գունտաքճեանէն, որուն տարբեր առիթներով հանդիպած եմ Հայկազեան համալսարանի մէջ: Տպաւորած է ինծի իր իւրայատուկ զուարթախոհութեամբ, ինչպէս նաեւ` 20-րդ դարուն լաւ եւ վատ օրերը նկարագրող իր նկարներով: Երախտապարտ եմ մեր հանդիպումներու ընթացքին ինծի տուած իր լուսանկարչութեան խորհուրդներուն համար: Պէտք է ըսեմ, որ ոմանք պատմութիւն կը կերտեն, ոմանք պատմութիւն կը գրեն, ոմանք ալ պատմութիւն կը կարդան, բայց Հերի Գունտաճտեանը այն մարդն է, որ պատմութեան պատուհանները բանալով` լուսարձակի տակ առաւ պատմութեան լուսաւոր եւ մութ դէպքերը»:
«Ամէն բան կրնայ ներշնչել զիս: Մեր ապրած վայրերը, ըլլայ Պէյրութ, Զահլէ (ուր ծնած է Արազ, Ա.), Այնճար մեծ տեղեր են, եւ երբ տեսարանները կը դիտենք, զանոնք կը տեսնենք իրենց ամբողջութեան մէջ: Այս տեսարանները միշտ ալ փոփոխութեան ենթակայ են: Իմ լուսանկարներուս մեծ մասը կը նուիրեմ այս տեսարաններուն եւ անոնց բնակիչներուն, քանի որ կարեւոր կը նկատեմ զանոնք պահպանելը` նախքան անոնց ոչնչացումը»:
«Լուսանկարչութիւնը իմ սէրս է եւ միշտ ալ պիտի ըլլայ: Ինքզինքս յիշատակներու պահպանողը կը սեպեմ: Կը սիրեմ նկարներ: Ինծի համար նկարը իր մէջ կը պարունակէ իւրաքանչիւր անհատի յիշատակները եւ ատոր համար պէտք է գանձի նման պահպանուի»:
«Լուսանկարչութիւնը արուեստագէտին արտայայտչական միջոցն է: Լուսանկարչութիւնը ինծի համար նաեւ իմ արժէքներս ցոյց կու տայ, իմ ներաշխարհս կը բացայայտէ եւ աշխարհահայեացքս կը դրսեւորէ: Այն լուսանկարները, որոնք խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն կը հաղորդեն, ինծի ուրախութիւն կը բերեն»:
«Տեսարաններ նկարելու սիրոյս հետեւելով եւ տեսնելէ ետք Յովիկ Պօղոսեանի «Քեմփերուն վերջինը» խորագրով ցուցահանդէսը Սանճաքի մասին` ներշնչուեցայ եւ լուսանկարչական գործիքովս Սանճաք այցելեցի: Հոն ոսպնեակս յափշտակուած էր քեմփին մնացորդացովը: Քեմփին մեծ մասը արդէն փուլ եկած էր, կար փլատակ բաժին մըն ալ, կային աղբանոցի վերածուած, լքուած բաժիններ: Բայց ասոնց կողքին հոն գեղեցկութիւն մը կար, հայրենատենչական գեղեցկութիւն: Գեղեցիկ էին գունաւոր թաղարները, դրօշակները, պատշգամներէն կախուած լուացքը, տախտակէ պատուհաններուն տակ շարուած շարժանիւները, մանուկներուն խաղավայրերը»:
«Ես հոն Սանճաքի բնակիչներուն ոչ միայն վկան էի, բնակիչներ, որոնք ջուրի, ելեկտրականութեան տագնապ ունենալով հանդերձ, չեն փափաքիր լքել քեմփը (միայն թէ քանի մը բան շինուէր), բայց ստիպուած են լքելու այդ քաղաքը եւ տեղ բանալու նոր Սեն Ժաք անունով հրապարակի, այլ նաեւ կ՛երեւակայէի այդ փոքր թաղերուն եւ կտրտուած աստիճաններուն մէջ, ինչպիսի կեանք մը կը վարէին հայ գաղթականները 1930-ականներուն: Ոսպնեակս Սանճաքի նկարները առնելէ ետք շատ յուզուած էր` մտածելով, որ արդեօք չ՛ա՞րժեր վերականգնել Սանճաք քեմփին մնացորդացը եւ տարածքը վերածել հայ աշխատունակ վերապրողներուն կենդանի յուշակոթողի: Բայց ոսպնեակս նաեւ մտածեց, որ թերեւս կրնայ նկարներուն միջոցով պատմել վերապրողներուն պատմութիւնները եւ այդ ձեւով յաւերաժացնել Սանճաք քեմփը»:
«Տեսարաններու կողքին, շատ կը սիրեմ դիմանկարներ լուսանկարել: Իմ մեծ մօրս դիմանկարը սրտիս մէջ յատուկ տեղ ունի: Անոր կնճիռները ցոյց կու տան հայ ազգին անցեալը, մշտական պայքարը` հայ մնալու»:
«Լուսանկարներս դիմանկարներու կնճիռներուն պատմութիւնը պատմեց նաեւ այն ատեն, երբ Ղարաբաղ այցելեցի 2013-ին: Արցախի մէջ բոլոր մամիկներն ու պապիկները նկարեցի կարծես` իւրաքանչիւրին դէմքին գեղեցիկ կնճիռներուն հարուստ պատմութիւնները բացայայտելով: Անոնց դէմքերուն մէջ պատմութիւն` պայքարի, գոյատեւման, թշնամին ետ մղելու: Անոնք շատ խօսուն դէմքեր են, որոնցմէ չէի կրնար չկախարդուիլ եւ չյաւերժացնել, ինչպէս յաւերժ է մեր ազգը»:
«Ինչպէս ըսի, ասիկա իմ մասնագիտութիւնս չէ: Կիրքս է, սէրս է: Կիրքը երբեմն կը շփոթուի նախասիրութեան հետ, բայց տարբերութիւն կայ անոնց միջեւ: Նախասիրութիւնը հեւքոտ կեանքէն խոյս տալու համար կատարուած բան մըն է, իսկ բանի մը հանդէպ ունեցած կիրքդ ոչ թէ հանգստանալու համար է, այլ անիկա քեզի կրնայ տանիլ մինչեւ խելագարութիւն` շնորհիւ մէջդ դրած հետաքրքրութեան եւ աշխատելու զօրաւոր փափաքին: Անշուշտ նախասիրութիւն մը կրնայ կիրքի մակարդակի հասնիլ, բայց նախասիրութիւնը առանձինն բաւարար չէ քեզի տալու հարկ եղած կենսուժը: Նախասիրողական մակարդակի լուսանկարիչ մը պիտի սիրէ նկարի մը կախարդանքը` բայց կրքոտ նկարիչ մը կանգ պիտի չառնէ հոն, այլ պիտի շարունակէ հետապնդել կախարդանքը, հակառակ վատ օրերու, դժուար յաճախորդներու, կանուխ առաւօտներու, սուղ պիտոյքներու, նկարը խմբագրելու ժամերու, եւ այն բոլոր դժուարութիւններուն, որոնք կը կասեցնեն նախասիրողին աշխատանքը: Այս մէկը վճռական է: Ուրեմն ինչպէ՞ս կ՛ուզես անցընել ազատ ժամերդ, ինչի՞ համար կը մտածես զոհել ժամանակդ, դրամդ, քունդ եւ արձակուրդդ: Ինչէ՞ չես կրնար հրաժարիլ: Այդ է քու կիրքդ: Եթէ գործդ չէ քու կիրքդ, ապա այն է, ինչ որ կեդրոնացումդ գործէդ կը շեղէ, հետեւաբար թերեւս հետապնդես կիրքդ»:
«Յիշէ՛, որ տաղանդը նոյնքան կարեւոր է, որքան` միջոցները: Այլ խօսքով, լուսանկարչութեան պարագային, ոսպնեակին ետին կանգնած անձը նոյնքան կարեւոր է, որքան` լուսանկարչական գործիքը եւ արհեստագիտութիւնը»:
Նշենք, որ 2015 թուականին Արազ Պուչաքճեան արժանացած է ՄԱԿ-ի լուսանկարչութեան մրցանակին` Պեքաայի մէջ սուրիացի գաղթականներուն վրանաքաղաքին մէջ սուրիացի գաղթական մանուկներուն նկարած նկարին համար:

Ամանորեայ ձեռնարկներ՝ «Աղթամար» մասնաճիւղէն ներս:
16 Դեկտեմբեր 2016, Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնը ժամադրավայրը դարձած էր, դարմանատան մէջ ծառայող կամաւոր բժիշկներուն:
Հոն ժամանեցին տարբեր մասնագիտութեան տէր բժիշկները (թիւով 12), իրենց ընտանիքներուն հետ: Աւանդական դարձած այս հաւաքոյթը, վարչութիւններուն համար եղած է երախտագիտութեան նուազագոյն արտայայտութիւնը անոնց, իրենց մարդասիրական ծառայութեան համար; զոր կը տրամադրեն մեր ժողովուրդին:
Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան և դարմանատան յանձնախումբին անունով ընկհ. Լոռի Կէօքճեան, որ գնահատեց անսակարկ մօտեցումը հանդէպ իրենց դիմողներուն: Դարմանատան յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ, պատրաստուած ճաշակաւոր յարդարուած սեղանները տօնական մթնոլորտ կը բուրէր: Խանդավառ երաժշտութիւն, համադամ ընթրիք, եւ սերտ խօսակցութիւն բժիշկներուն միջեւ, ուր իրարու կը ծանօթանային այս յարկին տակ:
Կաղանդ պապուկին մուտքը՝ առաւել թնդացուց մթնոլորտը և բաժնեց նուէրներ բոլոր բժիշկներուն: Ճոխ երգերուն ընկերակցեցան պարերը,
որոնք տեւեցին մինչեւ կէս գիշեր:

Սուրիահայ Պետական Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Սուրիոյ ԱԳ Նախարարէն կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14-ի Սուրիոյ Խորհրդարանի նիստին, ուր ներկայ էր Սուրիոյ Արտագին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալեմը, երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունեցաւ եւ ԱԳ Նախարարէն պահանջեց Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը: Այս մասին կը հաղորդէ Perio News-ը։.
Դոկտ. Արիսեան, իր ելոյթին մէջ լուսարձակի տակ առաւ ՄԱԿ-ի կողմէ Դեկտեմբեր 9-ին «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան, եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր»-ուան մասին հրապարակուած փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած 1948-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի շուրջ համաձայնագիրի մասին՝ շեշտելով, որ Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան ամենացայտուն օրինակը Հայոց ցեղասպանութիւնն է: Ան, պահանջեց յանձնառու գտնուիլ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն համար: Դոկտ. Արիսեան, պահանջեց նաեւ ցեղասպանութիւններու, մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը:
Նշենք, որ վերոնշեալ նիստին Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ալան Պաքըր, որ օրեր առաջ աշխատանքային այցով կը գտնուէր Հայաստան, հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահի հետ եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը հոն արծարծած: Պաքըր, իր կարգին երկրորդեց դոկտ. Արիսեանի դիմումը, եւ նոյնպէս պահանջեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: