Խօսեցեալք
Հինգշաբթի 27 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ Դալար Գժտրեանի և Սագօ Քէշիշեանի նշանախօսութիւնը:
Այս ուրախ առիթով, կը շնորհաւորենք զիրենք, մաղթելով անոնց երջանկութիւն:
Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» Պատանեկան Միութեան Կաղանդի Խրախճանքը
Հինգշաբթի 29 Դեկտեմբեր 2016-ին, Հ.Յ.Դ «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ «Յառաջ» Պատանեկան Միութեան տարուայ Կաղանդի խրախճանքը:
Ճոխ յայտագիրով, պարերով ու երգերով, անոնք վայելեցին կաղանդի տօնական մթնոլորտը:
«Ս. ՊՕՂՈՍ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Շահէ Ս. Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ՝ Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, Մուսա Լեռ-Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը արժանաւորագոյն կերպով տօնուեցաւ Երեքշաբթի 27 Դեկտեմբեր 2016ին, Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս առաքեալներու տօնին առիթով, ժամը 3:00-ին, «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ, Այնճար:
Ընթացքին, կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն, Խաչահանգիստ՝ Ս. Պօղոս առաքեալի մասունքով (Սոյն մասունքը եւ իր ճաճանչը ապահովեցին եւ նուիրեցին՝ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանն ու Հոգշ. Տ. Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանը), Դպրաց Ձեռնադրութիւն՝ 35 սպասաւորներու, պարգեւատրում ծառայութեան տարուան առիթով՝ վաթսունհինգ տարիքը լրացուցած եւ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող՝ Տիար Պետրոս Գառնէշեանին, Օրդ. Ովսաննա Վանայեանին, և Տիկ. Մարիամ Գարօղլանեան-Թօփալեանին: Ապա, Արժ. Տ. Աշոտ Ա. Քհնյ. Գարագաշեանը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Օրհնութեան Գիր-Կոնդակը, որով Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանը իշխանութիւն կը ստանայ կրելու լանջախաչ: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ շնորհաւորեց «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, Պօղոս եւ Պետրոս անուանակիրները, 35 ձեռնադրուողներն ու անոնց ծնողները, բարձօրէն գնահատեց Այնճարէն ներս ծառայութեան ոգին եւ կոչ ուղղեց որ այս ոգին երբեք չխամրի: Աղօթեց որ ձեռնադրուողները քրիստոնէական առաքինութիւններով զարդարուին, եւ մաղթեց բոլոր սպասաւորներուն որ սուրբ հոգիով եւ մտքով իրենց ծառայութիւնը շարունակեն:
Վերջապէս դրուատելով Այնճարի «Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին նուիրեալ եւ աշխուժ աշխատանքը, լանջախաչ կրելու պատիւը շնորհեց Տէր Հօր, գոհունակութիւն յայտնելով որ 2016 տարին կը փակենք նման գեղեցիկ առիթով:
Ապա «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ Տիկնանցի կոմղէ:
Կամիլա Եւ Զաքար Քէշիշեանի «Հայկական Խճանկար» Համերգը Այնճարի Մէջ
Երկուշաբթի 26 Դեկտեմբեր 2016-ը յիշարժան թուական մը եղաւ Այնճարի հայութեան համար, երբ Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեան ամոլը «Հայկական Խճանկար» երաժշտական յայտագրով հանդէս եկան Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ:
Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ Աւետարանական Համայնքին եւ հովանաւորութեամբ` Այնճարի Քաղաքապետական խորհուրդին, սոյն ձեռնարկը ամանորեան լաւագոյն նուէրը հանդիսացաւ գիւղի երաժշտասէր հանրութեան:
«Թող որ անոնց մատուցած իւրաքանչիւր կշռոյթի հետ, Աստուծոյ օրհնութիւնները տեղան մեր գլխուն, դառնան աղօթք առ Աստուած, մաղթանք ըլլան աշխարհի խաղաղութեան, եւ կոչ՝ մեր ազգային ու քրիստոնէական արժէքներու պահպանման»: Արփա Այնթապլեանի կողմէ բացման խօսքի ընթացքին արտասանուած վերոյիշեալ խօսքերը իսկապէս ալ թարգմանը հանդիսացան մեծատաղանդ երաժիշտներուն ներկայացուցած փունջ մը հայկական մեղեդիներուն:
Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկ. Կամիլան, իսկ շուիով եւ տուտուկով Պրն. Զաքարը կատարեալ բծախնդրութեամբ եւ մեծ յուզմունքով ներկաները առաջնորդեցին հայկական հարազատ երաժշտական անդաստանէն ներս, ու զանոնք պարուրեցին Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Աւետիսեանի, Հախինթեանի եւ բազմաթիւ այլ հայ մեծ երաժիշտներու շունչով: Երաժշտական ներկայացումները յաճախ ընդմիջուեցան Կամիլայի եւ Զաքարի զուարճախօս դրուագներով:
Բարձրորակ ներկայացումը իր աւարտին հասաւ մուսալեռցիներու սրտի մօտիկ «Լեռնցիներու Պար» եղանակով, իսկ ժողովուրդը իր սրտի գոհունակութիւնը արտայայտեց բուռն ծափահարութիւններով:
Այնճարի Հայ Աւետ. համայնքը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ մեր փայլուն աստղերուն՝ Կամիլա եւ Զաքար Քէշիշեան ամոլին եւ կը մաղթէ իրենց յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք իրենց կատարած առաքելութեան մէջ:
Շնորհաւորանք
Կիրակի 25 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սեդրակ Ադամեանի և Քրիստին Արապեանի Սուրբ Պսակը:
Այս ուրախ առիթով, կը շնորհաւորենք նորապսակ զոյգերը մաղթելով իրենց երջանկութիւն: