Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան 102րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Մայիս 31, 2020ին, Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Գոհաբանական Մաղթանք» եւ Հայոց Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:
Պատարագը մատուցեց Արժ. Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան, եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, 《70 տարիներ ետք ահա դարձեալ եկաւ ազատութիւնը այն պահուն երբ 《նոր յոյսերու եւ հաւատքի ամբարտներ կանգնող》 բեկորներ չկան. Կան սակայն անոնց ժառանգորդները՝ Մենք։ կը հետեւի, որ մենք եւս բախտաւոր սերունդ ենք, որ տեսանք, ողջունեցինք ու կը վայելենք... կամ պիտի վայելենք ազատութիւնը եւ անոր օրհնութիւնը》։ Սրբազանը իր խօսքի աւարտին նաեւ անդրադարձաւ Ս. Հոգւոյն իջման՝ «Հոգեգալուստ»ի տօնին։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարիներու ընթացքին եւ դժնդակ պայմաններու տակ սփիւռքի մէջ ստեղծուեցան Մուսալեռցիական փոքր համախմբումներ՝ ապագային վերածուելու համար Մուսա լերան հայրենակցական միութիւններու:
Այնճարէն մեկնած ու սփիւռքի այլազան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր հարազատները տարիներու ընթացքին՝ զանազան առիթներով ու բազմիցս հաստատեցին թէ իրենց սրտերը ուժգնօրէն կը տրոփեն Այնճարի գոյատեւման, պահպանութեան ու բարգաւաճման համար:
Ամբողջ քառասունհինգ տարիներ Այնճարը իր հոգիին մէջ պահած ամէն մէկ Մուսալեռցի ու Այնճարցի հաւաքական թէ անհատական մակարդակներով ինքնիրէն պարտք նկատեց անվերապահօրէն վերցնել իր պատասխանատուութիւնը իր սեփական օճախին նկատմամբ:
Այս գիտակցութեամբ էր որ ծնունդ առաւ «Միասին Այնճարի Համար» ազնիւ գաղափարը հաւաքաբար տէր կանգնելու ու բարձր պահելու մեր բոլորին ամէն բանէ վերը, մեր ամէն բանէ վեր՝ Մեր Արժանապատուութիւնը:
Ձեր վարձքը կատար հեռաւոր ու մօտաւոր Մուսալեռցիներ. Ծանօթ ու անծանօթ աշխարհասփիւռ բարեգործներ: Դուք անգամ մը եւս փաստը տուիք թէ Այնճարը, որ աշխարհագրականօրէն կրնայ հեռակայ տարածք նկատուիլ, ձեզի համար կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ ձեր ու մեր պարիսպներով շրջապատուած հարազատ ու հայաբորբ միջնաբերդ: Նիւթական ձեր զօրակցութիւնը իր մէջ ունի բարոյական եւ իմացական պատգամ:
Ինչպէս որ այս գումարները հաւաքական ու զանգուածային ճիգերով կը գոյանան, նոյնպէս անոնք պիտի ծառայեն մեր գիւղի միասնական ու հասարակական կեանքի վերելքին, միշտ շոյելով մեր կարիքաւորներու վարկն ու զգացումները:
Ապրիք, հազար Ապրիք:
Թող ձեր երդիքներէն անպակաս ըլլայ կեանքի ու կենսուրախութեան ծուխը:
Թող ամէն մէկ հայ օճախէ հնչէ մանուկի ճիչն ու Մեսրոպատառ Տէր Ողորմեան:
Ձեր բոլորին վարձքը կատար:
«Աստուծ ձիր խայիր ու խընտաում շատցնի»
Յարգանքներով Այնճարի քաղաքապետ՝
Վարդգէս Խօշեան
29 Մայիս,2020
Բարձրաշնորհ Վարուժան Արք. Հերկելեան
Գերաշնորհ Տէր Մակար եպս. Աշգարեան
Արժանաշնորհ Տէր Մաշտոց գհն. Աշգարեան
Գերապայծառ Յովսէփ վարդապետ Աշգարեան
Տէր եւ Տիկին Պօղոս Տումանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Նարեկ Տումանեան եւ զաւակունք
Տիկին Սալբի Տումանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Արմիկ Թանղեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Յովիկ Ներսէսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Ժագ Տաղլեան եւ զաւակունք
Եւ համայն Տումանեան, Աշգարեան, Թասլաքեան, Հերկելեան ընտանիքներ եւ ազգականներ կը գուժեն իրենց սիրելի մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝
Իսկուհի Աշգարեան Տումանեանի (Ծնեալ 1930ին Մուսա լեռ ) մահը որ պատահեցաւ այսօր՝ Կիրակի 24 Մայիս 2020ի կէսօրուան ժամը 1։00ին։
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Վաղը՝ Երկուշաբթի 25 Մայիս 2020ին Այնճարի 《Ս. Պօղոս 》 եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը 1։00ին ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։
Ներկայիս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
Երկրի ներկայ պայմաններու պատճառով հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները ընդունուած պիտի համարեն։
Ծանօթ֊ փափաքողներէն կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնը կատարել Այնճարի «Ս. Պօղոս » եկեղեցւոյ։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։
Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը գիւղի նպաստընկալներու անունով շնորհակալութեան խօսք կ՝ուղղէ եւ բարձրօրէն կը գնահատէ NEXUS Center-ի կատարած մարդասիրական աշխատանքները մեր ժողովուրդին:
Կազմակերպութեան պատասխանատուներուն կողմէ չորս ամիսներէ ի վեր ամսական դրութեամբ 17 տարբեր ընտանիքներ ստացան սննդեղէնի տուփեր Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան համադրումով: Ինչպէս նաեւ Թագաժահրի սպառնալիքը դիմագրաւելու նպատակով Լ.Օ.Խ.-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին նուիրեցին 2500 դիմակալներ, 1000 ձեռնոցներ, 2 ջերմաչափ, Alcohol եւ օճառ:
Վարձքը կատար բոլոր անոնց որոնք օժանդակութեան ձեռք կ՝երկարեն մեր ժողովուրդին:
On behalf of the Armenians in Ainjar, we would like to thank NEXUS Center for its generous donations.