Մարտ 3 1986 ,
Մարտ 14 , 2021
35 տարիներ ետք ,
Ընկեր Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան յիշատակին ի դիմաց այսօր .
Վտանագաւոր այն չէ թէ լաւի եւ գէշի միջեւ պայքարը մարդկային պատմութեան ընթացքին յարատեւ շարունակուի, այլ վտանգաւորը այն է երբ մարդիք կորսնցնեն այն զգացումը , վատի , ստի, կեղծիքի եւ ոճրային արարքներու դէմ պայքարելու ոգին:
Այսօր եկած ենք հաստատելու թէ՝ ոչ մէկ ուժ պիտի կրնայ տկարացնել մեզ , այն պայքարին մէջ ուր դաշնակցականի վճռակամութեամբ պիտի դիմագրաւենք ամէն տեսակի դժուարութիւններ, պիտի յաղթահարենք բոլոր տեսակի դաւաճանութիւնները , պիտի կասեցնենք դաւադրութիւնները, որոնք կը փորձեն պառակտել մեր ժողովուրդին միակամութիւնը:
Ընկեր Զաւէնը եղաւ զոհը իր սկզբունքներուն:
Ան իր մէջ ամփոփեց մարդկայինը , ազգայինը եւ դաշնակցակայինը :
Ինքնազոհութեան տիպար օրինակով, անտեսեց փառքն ու ցուցամոլութիւնը:
Ան Եղաւ համեստ հայր: Անսակարկօրէն հարստացուց իր շրջապատը դաշնակցականի բարոյականութեամբ, Մարմնաւորելով հաւատաւոր դաշնակցականի տիպարը :
Ան ամռօրէն պաշտպանեց իր համոզումները եւ գաղափարները ընկերական հաւաքներու եւ ժողովներու ընթացքին, ընդգծելով միշտ ճշմարտութիւնը , բայց երբէք այդ կեցուածքները հրապարակայունութեամբ չդրսեւորեց :
Մնաց յանձնառու դաշնակցական. Հ.Յ.Դ.-Ի որոշումներուն Ենթարկուելով Կերտեց Դաշնակցականի Որոշումը Հաստատելու հսկայ Վաստակ մը:
Ինքնուրոյն մտածողութեան տէր եւ առանձնայատուկ գործելակերպով մնաց ՀՅԴ. Ծրագրի Եւ Կանոնագրի Հովանիին Ներքեւ :
Խորաթափանց նայուածքով տեսաւ լաւը ու պայքարեցաւ անոր համար:
Սիրտ մը հզօր, որուն մէջ տեղաւորեց հսկայական մարդկային սէր, անաղարտ հայրենասիրութիւն եւ աւելին ներելու վեհ զգացում :
Միտք մը, որ մտածեց միայն բարիին համար:
Մնաց հաւատաւոր Այնճարցի:
Իր կրած ցաւերը եւ տառապանքները ծնունդ տուին վեհին ու վսեմին:
Ընկեր Զաւէն ,
Մենք բոլորս ալ նահատակութեան ծրագիրներ ենք , հազար երանի քեզի եւ քէզպէսներուն որոնց ծրագիրները իրականացան .յանուն մեր ազգային արժանապատւութեան հզօրացման :
Փառք ու պատիւ քեզ, երբ կը նայիս մեզ հիմա բարձրէն, քու խօսքերդ եւ կեցուածքներդ պիտի ըլլան մեր ուղղեցոյցը:
14 Մարտ 2021 Հ.Յ.Դ. « Կարմիր Լեռ » կոմիտէ