Կիրակի 30 Մայիս 2021ին Այնճարի Հայ Կաթողիկէ《Ս. Վարդարանի Տիրամօր》եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս.պատարագ ու հոգեհանգստեան պաշտօն Նորոգ հանգուցեալ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց, հանդիսաւորութեամբ Արհիապատիւ գերպծ. Հ. Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի Առաջնորդ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմին։
Ապա եկեղեցւոյ 《Աղաճանեան》 կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ։
Այսու, Այնճարի Շտապ Օգնութեան Մարմինը կը տեղեկացնէ Լիբանանի մէջ, սակայն Այնճարէն դուրս ապրող Մուսալեռցի հայրենակիցներուն, թէ այս Շաբաթ եւս, իբրեւ վերջին առիթ, 29֊5֊2021ի ժամը 5։00֊6։00 անձամբ ակումբ ներկայանան միայն անոնք, որոնք հեռաձայնով հրաւիրուած են «Միասին Այնճարի համար» տրամադրուած գումարէն ստանալու յիսուն Ամ. Տոլար (50$) նպաստը։
Յաւելեալ լուսաբանութիւն ստանալու համար նաեւ նոյն ժամկէտով փափաքողներ կրնան ներկայանալ ակումբ։
Ոռոգման ջուրի յանձնախումբը ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս կարիքը ունի պահակ պաշտօնեաներու ամրան եղանակին համար։ Փափաքող հայրենակիցները կրնան իրենց գրաւոր դիմումը ներկայացնել յանձնախումբիս գրասենեակը, կէսօրէ առաջ ժամը 9։00-էն 12։00, թուականէս մինչեւ 31 Մայիս 2021։