Կազամակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկ. Ալեք Տումանեաններուն՝ Շաբաթ 26 Մարտ 2016-ին, Ճաշարան «Նապաա Այնճարի» մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը Զատկուայ Տօնին առթիւ:
Հաւաքոյթին բացման խօսքերը արտասանեցին Թինա Ադամեան(Հայերէն) եւ Արաքս Հերկելեան(Արաբերէն): Անոնք յիշելով ՀՄԸՄ Այնճարի կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքները՝ շնորհակալութիւն յատնեցին բոլոր անոնց որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութիւնը կը բերեն այդ աշխատանքներու յաջողութեան:
Օրուայ սեղանապետութիւնը ստանձնեց Յակոբ Այթապլեան: Ան բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերակատարութիւնը Այնճարի միութենական կեանքին մէջ եւ շատ կարեւոր նկատեց անոր գործունէութեան օժանդակելու աշխատանքը:
Հաւաքոյթը ճոխացուց երգիչ Արարատ Ահարոնեանը:
Հաւաքոյթի ընթացքին կատարուեցաւ աւելի քան 50 հազար տոլարի նուիրատուութիւն՝ ի նպաստ ՀՄԸՄ- Այնճարի կեդրոնի վերանորոգման:
Նշենք թէ Կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են քանի մը ամիսներէ ի վեր՝ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ:
Վերանորոգման աշխատանքներու ընդհանուր ծախսը կը գնահատուի աւելի քան 450 հազար տոլարով՝ որուն կէսը պիտի ստանձնէ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն իր յարակից յանձնախումբերով (Ելեկտրական, Ըմպելի եւ Ոռոքման ջուրի յանձնախումբեր), իսկ մնացեալ բաժինը վստահուած է հայրենակիցներու սրտափուխ նուիրատուութիւններուն:
Ուրբաթ՝ 25 Մարտ 2016-իկէսօրէետքժամը 4:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյմէջկատարուեցաւժամերգութիւն եւ Քրիստոսիթաղմանկարգը՝ներկայութեամբ Տէր Նարեկ Աւագ Քհնյ. Շիրիքեանի, Տէր Արսէն Աւագ Քհնյ. Քէշիշեանի, Տէր Աշոտ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեանի, Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանի եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին հայեկեղեցւոյաւանդութեանհամաձայն, ներկաներըՔրիստոսիգերեզմանըզարդարողծաղիկներէնառնելովտարինիրենցտուները:
ՅիսուսՔրիստոսիչարչարանաց, խաչելութեանեւթաղմանյիշատակինեկեղեցական արարողութիւնկատարուեցաւ նաեւ ԱյճարիՀայԿաթողիկէ «Ս.ԱստուածածնայՏիրամայր» եկեղեցւոյմէջ գլխաւորութեամբՀայրՄեսրոպՎրդ. Թօփալեանի:
Յետեկեղեցականարարողութեանկազմուեցաւթափօր, որառաջնորդութեամբՀՄԸՄ Այնճարիսկաուտներուն, եւմասնակցութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջակայ փողոցները:
ԱյնճարիՀայԱւետարանականԵկեղեցւոյմէջտեղիունեցաւպաշտամունք առաջնորդութեամբ Տիկ. Նաթալի Քէնտիրճեանի, իսկ օրուայպատգամըփոխանցեցՊատ. ՅակոբԱգպաշարեան:
Նշենք թէ ԱւագՈւրբաթօրուայեկեղեցականարարողութիւններուններկայէինՀ.Մ.Ը.Մ. ԱյնճարիԳայլիկներն ուՍկաուտները եւ Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» Պատանեկան Միութեան անդամները: