Լուրերու Արխիվ

hokehankisd

Հոգեհանգիստ Ընկեր Զաւէն Թաշճեանի Յիշատակին

    31 տարիներ առաջ թշնամիներու անարգաբար և դաւադրօրէն արարքով մը նահատակուեցաւ ընկ. Զաւէն Թաշճեան իր սէփական վաճառատան մէջ: Սակայն ընկ. Զաւէնի գաղափարակիցները շարունակեցին և դեռ կը շարունակեն իր երազը իրականացնել՝ մեր ազգը միշտ բարձր պահելով:

   Կիրակի 5 Մարտ 2017-ին, «Ս. Պողօս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ազգիս նահատակ ընկ. Զաւէն Թաշճեանի յիշատակին:

    Հոգեհանգիստին ներկայ եղան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ընկերներ, գիւղիս քաղաքապետ, ընկերոջ ընտանեկան պարագաները և հայրենակիցներ:

   Եկեղեցական արարողութենէն ետք, ուղղուեցան «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն ուր ընկեր քաղաքապետը խօսք առաւ և ըսաւ թէ ընկ. Զաւէն Թաշճեան նահատակուեցաւ իր գաղափարներուն համար, անոր նահատակութիւնը շատ մեծ թախիծ բերաւ գիւղիս և իր յիշատակը յաւէտ պիտի յիշուի:

IMG6393
IMG6385
IMG6389
IMG6384
IMG6381
IMG6376
IMG6375
hokehankisd

filmi tsoutsatroutyoun

Շարժապատկերի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ՝  «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» Հայ Կաթողիէ Ժողովրդապետութեան, Հովանաւորութեամբ՝  «Արեւ» ճաշարանի տնօրէնութեան և ներկայութեամբ ֆիլմին բեմադրիչին՝  Ջիւան Աւետիսեանի, Արցախեան շարժումին 29-րդ ամեակին առիթով, Երեքշաբթի 28 Փետրուար, 2017-ին ժամը 6:30ին տեղի ունեցաւ «Վերջին Բնակիչը» ֆիլմի ցուցադրութիւնը ճաշարան «Արեւ»ի սրահին մէջ:

Բացման խօսքը արտասանեց Տիկ. Արփա Անտոնեան: Ան ըսաւ, «Ողջունելի երեւույթէ Արցախեան շարժումին 29-րդ ամեակին առիթով Այնճարի մէջ հիւրընկալել «Վերջին Բնակիչը» ֆիլմին բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը նման ակնյայտ Հայ արուեստագէտ»

Ֆիլմին միջոցաւ փոխադրուեցանք Արցախի գիւղերէն մէկուն մէջ և հանդիպեցանք Աբգարին և անոր դուստրին, Եուրգային, որոնք թշնամակալ օղակին մէջ մնացած էին բոլորովին առանձին:

Ֆիլիմի աւարտին գիւղիս քաղաքապետ,Վարդգէս Խօշեան ամբողջ Այնճարի ժողովուրդին կողմէ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց բեմադրիչին իսկ Դոկտ. Հայր Մեսրոպ վարդապետ Թոփալեան շքանշանով մը պատուեց զայն:

IMG6260
IMG6259
IMG6256
IMG6255
IMG6253
IMG6244
IMG6240
IMG6235
filmi-tsoutsatroutyoun

 

Richard Ani

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Այնճարի Մէջ

Շաբաթ 25 Փետրուար 2017-ին,  Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան և իր դուստրը՝Անին, ժամանեցին Այնճար: Անոնք առաջին հերթին այցելեցին Այնճարի Քաղաքապետարան ուր ընդունուեցան քաղաքապետ ընկ. Վարդգէս Խօշեանի կողմէ:  Փրոֆ. Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետութեան իր վերջին գիրքի գինեձօնին  հովանաւորութեան համար: Ապա անոնք այցելեցին  «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն ուր հանդիպում մը ունեցան  «Կարմիր Լեռ» կոմիտէ հետ:

Ապա անոնք այցելեցին նաեւ Այնճարի պատմական բերդ:

Երեկոյեան ներկայ  գտնուեցան Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի ճաշկերոյթին:

Իսկ Կիրակի 26 Փետրուարի առաւօտեան այցելեցին Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Յովհաննէս և Վարդուհի Ֆիլհաննէսեան» կեդրոն, «Պօղոս Սնապեան» տուն թանգարան և Այնճարի երեք համայնքներու եկեղեցիները, և հանդիպում ունեցան համայնքապետերուն հետ:

IMG9696-1
Richard-Ani
170216633764058394102316718081177593969597n
1702135213234380010490964626712088613061934n
169986883764058294102327075831790531636721n
169978653764058794102277942650300140376769n
168650863764058227435668662399566525700685n
168649303764058594102291930547640322853140n
1686468813234606577134979038923310090004542n

Sourp Sarkis

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Հեքիաթն Ու Ուխտատեղին Մուսա Լերան Քէպուսիէ Գիւղին Մէջ

Մուսա Լերան զուտ հայկական գիւղերու պատմութեան սկզբնաւորութիւնը կը մնայ անորոշութեան մէջ: Գոյութիւն ունի քանի մը վարկածներ, որոնցմէ մէկը կ՚առնչուի Մեծն Տիգրանի կայսրութեան ստեղծումին, ուրիշ մը՝ Կիլիկիոյ Հայոց Ռուբինեանց թագաւորութեան: Երկու պարագաներուն ալ, հայութեան բեկորներուն մէկտեղումը Մուսա Լերան փէշերուն, անհաւանական չէ: Նոյն ձեւով գոյութիւն առած պէտք է ըլլայ Որոնդէսի հովիտով Մուսա Լեռէն բաժնուած Կասիոս լերան փէշերուն թառած Քեսապը՝ իր շրջակայ գիւղերով:
Մուսա Լերան վեց գիւղերը նկարագրային, նիստ ու կացի կարգ մը զանազանութիւններով, ու մանաւանդ լեզուաբարբառային յստակ տարբերութիւններով, երեք խմբակներու կարելի է բաժնել:
Առաջին խմբակին մէջ կ՚իյնան Եօղուն Օլուգ, Խըտըր Պէյ եւ Վագըֆ: Երկրորդ խմբակին մէջ կարելի է զետեղել, Հաճի Հապիպլին ու Պիթեասը: Երրորդ խմբակին մաս կը կազմէ նախկիններէն բարբառային եւ լեզուական տարբերութիւններով Քէպուսիէ գիւղը եւ Ջէվլէկ գիւղակը:
Քէպուսիէ գիւղը կառուցուած է միւսներէն անջատ բլրակներու վրայ, Միջերկրական Ծովու ափին, պատմական Սելեւկիոյ մօտիկը, իսկ աւելի հիւսիս Ջէվլէկ գիւղակը: Սուրբ Սարգիս Զօրավարին եւ իր զաւակին՝ Սուրբ Մարտիրոս յիշատա-կարան ուխտավայրը կը գտնուի Քէպուսիէ գիւղէն դէպի լեռ բարձրացող ճամբուն վրայ: Սուրբ Սարգիս Զօրավարը Մուսա Լերան ժողովուրդին հիացումի ու ներշնչումի աղբիւր եղած է: Ինքն ու իր երիվարը Սասունցի Դաւիթն ու Գուրգիկ Ջալալին կը յիշեցնեն: Վարդիվուր ( Վարդավառ).- Վարդավառը ցնծատօն է Եօղուն Օլուգի, Խըտըր Պէկի եւ Վագըֆի գիւղերու ժողովուրդին համար: Վարդավառը կը տօնէին Խըտըր Պէյի պատմական Սօսիին տակ եւ շուրջի նարնջենիի պարտէզներուն մէջ: Աստուածածնի տօնը մասնաւորաբար աւելի կարեւորութեամբ եւ խանդավառութ-եամբ կը տօնուի Հաճի Հապիպլիի եւ Պիթեասի ժողովուրդին կողմէ:
Նախաքրիստոնէական, եւ Քրիստոնէական դարաշրջաններուն, Հայ ժողովուրդի ազգային եւ կրօնական պատմութեան գրաւոր էջէրուն մէջ, գոյութիւն ունին անգիր մնացած բազմաթիւ ժողովրդային հէքիաթներ, հեթանոսական ծիսակատարութիւններ, ազգային շատ հին, այլ սովորոյթներ, աւանդութիւններ եւ հաւատալիքներ, որոնք դարերու ընթացքին վայելած են մեծ ժողովրդականութիւն: Ազգային աւանդութիւնները կենդանի իրենց բնոյթին մէջ մնացած ու ապրած են, պատմական Հայաստանի, եւ Կիլիկիոյ հողային տարածքներուն վրայ, գոնէ՝ մինչեւ մեծ եղեռնն ու տարագրութիւնը: Հայրենի հողերը եւ հայրենի բնակավայրերը անկասկած մեծ դեր ունեցած են անոնց գոյատեւման մէջ: Շնորհիւ մեր պատմահայրերուն բազմաթիւ առասպելական, դիւցազնական, հերոսական սխրագործութիւններ, հաւատալիքներ, հէքիաթներ, աւանդութիւններ, սովորութիւններ, յետ քրիստոնէութեան հայ եկեղեցւոյ հեռատես Սրբազան հայրերը կողմէ, ներմուծուած եւ պատշաճեցուցած են: Օրինակ, Տեառնընդառաջը, Բարեկենդանը, Վարդավառը եւ այլ տօներ….:
Գրաւոր պատմութեան էջերուն մէջ հայ հոգեբանութենէն ծնած հերոսներ, ինչպէս Արիազարմ Հայկ Դիւցազն, Արա Գեղեցիկ, Վիշապասպան Վահագն, նոյնպէս Քրիստոնէութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ,Սահակ Մեսրոպ, Քաջն Վարդան Մամիկոնեան, Ղեւոնդ Երէց, Վահան Մարզպան, Գրիգոր Նարեկացի եւ ուրիշներէ…հայու ցեղային հոգեբանութենէն ծնած, հերոսական պայքարներու ու պատգամներուն առաքելութեամբ, կրցած են հայրենիքի սէրը վառ պահել, խթանել ազգապահպանումը, լիցքաւորել ընտանեկան ու ընկերային արժէքները, ինչպէս նաեւ պայծառացնել Քրիստոնէական հաւատքի հոգեւոր առաքելութիւնները: Ճշմարտութեան ու բարեգործութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ համերաշխ ներդաշնակութեամբ, «Մահ ոչ Իմացեալ՝ Մահ է, Մահ Իմացեալ՝ Անմահութիւն է» կարգախօսով գօտեպնդուած, աշխարհականներ թէ հոգեւորականներ, հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ, իմացականութեամբ իրենց կեանքը զոհաբերած ու նահատակուած են հայոց ազատագրական եւ հաւատքի բագինին վրայ, յետնորդ սերունդներուն պաշտամունքի առարկայ եւ օրինակ դարձած են:
Լուսահոգի մայրս ծնած էր Մուսա Լերան Քէպուսիէ գիւղը 1927-ին, նահապետական եւ Աստուածավախ ընտանիքի մը յարկին տակ: Ան երէց զաւակն էր Մուսա Լերան հերոսամարտին մասնակցած Սեդրակ Քէսապլեանի (ճանչցուած Թլեան ծածկանունով), եւ համագիւղացի Իսկուհի Դժխունեանի: Մայրս, թէեւ դպրոց յաճախելու պատեհութիւնը չէ ունեցած, սակայն՝ ան, ուշիմ, հեռատես, ազնուահոգի, ծառայասէր, հաւատացեալ եւ աւանդապահ կին ու մայր մըն էր: Ազգային արժէքները եւ քրիստոնէսական հաւատքը իրեն համար բացարձակ սրբութիւններ էին:
1950-ականներու աւարտին, մեր ընտանիքը բազմանդամ է: Կ՛ապրէինք Այնճար հայ գիւղաւանը: Այդ տարիներուն, ձմրան առատ ձիւն տեղալու պատճառով սոսկալի ցուրտ կ՚ընէր: Ցուրտէն պաշտպանուելու համար, լուսահոգի հայրս տան մէջ տեղադրած էր երկաթէ պատրաստուած, եւ թանձր քարիւղով այրող վառարան մը: Սուրբ Սարգիսի տօնը որ կը զուգադիպի Յունուար 11-էն Փետրրուար 15-ի միջեւ, եւ եղբօրս անունը Սարգիս ըլլալով, ամէն տարի առանց բացառութեամբ մայրս կը պատրաստէր Մուսա Լերան ժողովուրդին մօտ աւանդութիւն եւ սովորութիւն դարձած Սուրբ Սարգիսի «Քումպու» կամ «Քումպան»:
Տօնի նախօրեակ օրերուն, երեկոները ընթրիքէն ետք, վառարանին շուրջ գետին փռուած խսիրը որ ծածկուած էր կարպետով մը, որուն վրայ դրուած բազմոցներու վրայ հասակի կարգով ծալլապատիկ կը նստէինք մօրս շուրջ, եւ ուշի ուշով անոր շրթներէն կախուած հետաքրքրութեամբ, մտիկ կ՚ընէինք Սուրբ Սարգիս Զօրավարի ու իր զաւակին՝ Սուրբ Մարտիրոսի հէքիաթը, որ ինք լսած էր իր պապիկներէն ու մամիկներէն հետեւեալն է …..:
Իսթամպուլի թագաւորը ծանր յարձակումի մը ենթարկուելով դրացի ազգի մը կողմէ՝ հայերէն օգնութիւն կը խնդրէ: Օգնութեան կը փութայ Սարգիս Զօրավարը՝ քառասուն ընտրեալ հայ քաջերով: Կռիւը տեղի կ՚ունենայ, թշնամին կը պարտուի: Կայսրը կը հիանայ հայ քաջերու կատարած սխրագործութեան վրայ, հոգին կը խռովի ու ներքնապէս կը նախանձի: Կ՚որոշէ դիւային խաղով մը հայ քաջերը նոյն գիշեր իսկ սպաննել: Կը հրամայէ ամենագեղեցիկ ու հռչակաւոր 40 երգչուհի-պարուհիներ բերել, որոնք իրենց շնորհքներով եւ առատ գինիով թմրեցնեն զանոնք, եւ ապա դաշիւնահարեն: Հրահանգը կը կատարուի: Սակայն այդ պահուն Սարգիսի ընկերացող աղջկան ձեռքը կը դողայ, հոգին կը խռովի ու կ՛արտասուի, կը բռնէ Սարգիսին ուսերը ու կը ցնցէ զայն, մինչեւ որ սթափի: Երբ Սարգիս աչքերը կը բանայ՝ աղջիկը կը յայտնէ.-«Քեզ սպաննելու եկած էի, բայց հիմա քեզ փրկել կ՚ուզեմ, իրիկուան խրախճանքը թակարդ մըն էր քու եւ ընկերներուդ դէմ ուղղուած: Ընկերներդ մահացած են արդէն: Աճապարէ՚, փախինք այս անիծեալ քաղաքէն. սէրը կապեց զիս քեզի. քու անբաժանելի ընկերդ եմ ալ»: Սարգիս կը ցատկէ տեղէն, կը հասնի իր հրեղէն ձիուն մօտ, ետեւէն կը հասնի նաեւ գեղեցկուհին: Սարգիս կը բարձրանայ ձիուն վրայ, ապա, ձեռքը տալով աղջկան, կը տեղաւորէ զայն իր թիկունքին, կը խդանէ ձին, որ՝ արագ թռիչքով մը, կ՚անցնի պարիսպին վրայէն եւ կը սուրայ դէպի Սելեւկիա: Կարճ ժամանակ մը ետք, կը հասնին Մուսա Լեռ: Կը թառին Քէպուսիոյ հիւսիսակողմը գտնուող քսան մեթր բարձրութեամբ հսկայական ժայռի մը խորքին գտնուող սենեակի մը տարածութեամբ հարթ պատշգամով քարայրի մը առջեւ: Քարայրէն ներս խորան մը կը բացուի իրենց դիմաց, որուն առջեւ կեցած մոմ կը վառեն ու աղօթք կը մրմնջեն: Մայրս կը պատմէր.-«Քարայրը բարձրանալու համար կար տախտակաշէն շատ նախնական սանդուխ մը, որուն վրայէն վեր մագլցիլը իսկապէս որ քաջութիւն էր: Փայտաշէն սանդուխին արեւէն եւ անձրեւէն կրած աւերները մնացած էին անխնամ, եւ երբէք չէին վերանորոգուած, կը ճօճուէր անօրինական կերպով՝ երբ կը բարձրանայինք անոր վրայէն: Հակառակ այս բոլորին, անվախ քանի մը ընկերուհիներով, քանի մը անգամներ բարձրացած ենք հոն, աղօթք կը մատուցանէինք Սուրբին բարեխօսութեամբ Ամենակալ Աստուծոյ: Ժայռին աւելի բարձրադիր պատերուն վրայ, կը նշմարուին ձիու մը սմբակներուն հետքերը, զորս կը վերագրուի Սուրբ Սարգիսի հրեղէն ձիուն՝ երբ ան փախուստ կու տար անհաւատներու հետապնդումներէն:
Այդ օրէն սկսեալ բարձունքն ու քարայրը կը կոչուին «Սուրբ Սարգիսը սարբ եւ Սուրբ Սա՜գիսը մա՜ղա՜րու (Սուրբ Սարգիսի գահավէժ եւ Սուրբ Սարգիսի քարայր): Իրենց երկրորդ բնակարանը կ՚ըլլայ Եօղուն-Օլուգ գիւղի հիւսիսը գտնուող ուղղաձիգ ահաւոր զառիթափի մը կուրծքին գտնուող քարայրը: Սուրբ Սարգիսի յիշատակարանին ճիշդ դէմը, ձորին հանդիպակաց կողմը, անկանոն եւ խիտ փուսած թուփերուն եւ ծառերու պատճառով գրեթէ անտեսանելի մնացած փոքր քարայր մը կայ որուն յատակի՝առաստաղէն կաթիլ- կաթիլ իջնող ջուրերը ակի մը ձեւը տուած էին: Աւանդութիւնը այդ քարայրին մէջ նահատակուած կը նկատէ Սուրբ Սարգիսի զաւակը՝ Սուրբ Մարտիրոսը, որուն արիւնը կը խորհրդանշէր հոն հաւաքուած ջուրը:
Ամէն տարի Սուրբ Սարգիսի եւ Սուրբ Մարտիրոսի տօնին առիթով, ոչ միայն Մուսա Լերան վեց գիւղերէն, այլ եւ նաեւ Որոնդէսի հովիտով Մուսա Լերէն բաժնուած Կասիոս լերան փէշերուն թառած Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերէն բազմահարիւր բարեպաշտ հայուհիներու կողքին, ուխտի կու գային նաեւ Ալեւիներ:
Սուրբ Մարտիրոսի նահատակուած քարայրին շուրջ գտնուող թուփերն ու ծառերը, կը զարդարէին գունաւոր քուրջի ծուէներով, եւ Սուրբ Մարտիրոսէն պահանջելով իրենց փափաքներուն իրականացումը:
Սուրբ Սարգիս՝ Մուսա-Լերան ժողովուրդին համար հիացումի ու ներշնչումի աղբիւր եղած է:

«Քումպու»ի կամ «Քումպա»ի Պատրաստութիւնը

Մայրս, Շաբաթ յետմիջօրէին դեղին կորեկի, կամ ցորենի ալիւրը թարմ կարագով խարկելէ ետք, խաղողի ռուպով կը շաղէր ու կը պատրաստէր անուշ խմորեղէն «Քումպու»ն կամ «Քուպան շուրջ 10 սմ. թանձրութեամբ եւ 40 սմ. շրջագծով անուշ խմորեղէն հաց մըն է, որուն վրայ մայրս մեր ընտանիքի անդամներու թիւով փոսիկներ կը բանար, եւ մեզմէ գաղտնի՝ կը տեղաւորէր այլազան գոյներով կոճակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը խորհրդանշէր ընտանիքին պատկանող կալուածներէն կամ մեծարժէք ոսկեղեններէն մէկը: Իսկ ամենաարժէքաւոր խորհրդանշանը մետաղեայ դրամ մըն էր, որ ընտանիքին կեդրոնական բնակարանը ցոյց կուտար: «Քումպա»ն կը պատէր լըվակ կոչուած բոյսի մը լայն տերեւներով, որ եփելու ատեն չայրի: Ապա կը թաղեր զայն առատ մոխիրով եւ մոծիրներով կրակին մէջ՝ որ եփի: Մենք կը հաւատայինք որ նոյն հրեղէն ձիով Սուրբ Սարգիսը պիտի կոխկռտէ ամէն յարկի տակ միեւնոյն ձեւով պատրաստուած խմորեղէնի վրայէն, իր ձիու սմբակներուն հետքը թողելով անոր վրայ: Յաջորդ առաւօտ «քումպա»ն արդէն եփուած է, մայրս զայն կը հանէր կրակին վրայէն ու մեծ դանակով մը մեր ընտանիքի անդամներուն թիւին համապատասխան բաժիններու կը վերածէր, այնպէս որ իւրաքանչիւր կտորին մէջ խորհրդաւոր իրերէն մէկը պահուած է: Մայրս փոքր եղբօրս դէմքը պատին կը դարձնէր, ափսէին մէջէն բաժին մը դուրս հանելէ ետք հարց կուտար թէ որո՞ւ կը պատկանի այդ մէկը: Հերթով անունները կուտար եւ իւրաքանչիւրս կը փորձէինք մեր բաժինի կեդրոնի վրայ գոյութիւն ունեցող փոսիկին մէջէն դուրս բերել պահուած կոճակը, եւ մանաւանդ՝ մետաղէ դրամը: Իւրաքանչիւրս համաձայն մեր բախտին, սեփականատէր կը դառնայինք նշանակուած ստացուածքին, բայց մեր մէջ ամէնէն բախտաւորը կը նկատուէր մետաղէ դրամին տէրը, որ կը տիրանար բուն տունին:

hairenik weekly-Անդրանիկ  Գարատօլեան

p15-musa
Sourp-Sarkis
p15-musa-koumba2

 

kinetson

Գինեձօն

Հովանաւորութեամբ Այնճարի Քաղաքապետական խորհուրդին և կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղի Մշակութային յանձնախումբին, Կիրակի, 26 Փետրուար 2017ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր-Գալուստեան» սրահին մէջ, մշակութասէր բազմութիւն մը ներկայ էր Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի նորատիպ հատորի ՝ “Armenian Communities of the Northeastern Mediterranean Mousa Dagh- Dort Yol- Kessab” գինեձօնին:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկ. Վարանդ Տումանեան: Ան ըսաւ,«Պահը պատմական է, անոր համար որ մեր գիւղը կը հիւրընկալ է բծախնդիր պատմագէտ և հմուտ հայագէտ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ իր անզուգական և վաւերական գործերով իր կնիքը դրած է Հայ դատի աշխատանքներուն վրայ: Պատմական է նաեւ անոր համար որ մենք այսօր առիթը կ'ունենանք նոյնինքն մեծ պատմագէտին կողմէ մեկնաբանուած, ունկնդրելու մեր իսկ պատմութիւնը Մուսա Լերան, ինչպէս նաեւ Տէօրթ-Եոլի և Քեսապի:

Ապա Արտակ Կէօքճեան ասմունքեց Եդուարդ Պոյաճեանի «Ապստամբութիւն» քերթուածը:

Խօսք առաւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ ներկայացուց Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, անդրադառնալով  անոր վաստակին, գիտական բերքին, մշակին, հաւաքականութեան մէջ անոր դերին եւ էութեան:

Դոկտ. Տագէսեան՝ խօսելով փրոֆ. Յովհաննէսեանի գիրքերուն մասին՝ ըսաւ, թէ անոր առաջին հրապարակումները ընդհանրական ներկայացումներ էին եւ կարծիքներ, թէ ինք ալ կը փորձէր աւելի՛ ծանօթանալ, աւելի՛ խորանալ, աւելի շփուիլ եւ շաղուիլ հայ իրականութեան հետ: Այս հրապարակումներէն ետք, ըստ դոկտ. Տագէսեանին, Յովհաննէսեան կ՛անցնի խնդրայարոյց նիւթի մը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է` 1918-1920: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան յանդուգն քայլերով իրապաշտօրէն ներկայացուցած է պատմական այս ժամանակաշրջանը, որմէ ետք, իր հետագայ հրապարակումներով ան անգլերէնով կը սկսի հայ եւ օտար զանգուածին, ինչպէս նաեւ գիտական միջավայրին ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հոլովոյթը: Դոկտ. Տագէսեան՝ շարունակելով ըսաւ, թէ Աստուած դոկտ. Յովհաննէսեանին տուած է ատաղձը, որմէ ինք օգտուեր ու մշակեր է զայն, սակայն այս ատաղձը իր մէջ ցանուած է իր ծնողքէն: Ան իր ատաղձն ու շնորհները հաւաքականութեան կը ծառայեցնէ:

Բեմ հրաւիրուեցաւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի քաղաքապետութեան և Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մսնճ.ի մշակութային յանձնախումբին  որոնք կազմակերպած էին սոյն ձեռնարկը եւ առիթ ընծայած, որ անգամ մը եւս ան ներկայ գտնուի Այնճար հայաւան: Փրոֆ. Յովհաննէսեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց, իր ընտանիքը Ցեղասպանութեան ընթացքին ինչպէ՛ս հասած է Ամերիկա եւ ինք հոն ծնած: Ան անդրադարձաւ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս 20 տարեկանին մէկ տարեշրջան յաճախած է «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան հայերէն սորվելու համար: Փրոֆ. Յովհաննէսեան անդրադարձաւ 1999-էն սկսեալ UCLA-ի մէջ կազմակերպած 14 միջազգային գիտաժողովներուն, որոնք նուիրուած էին Օսմանեան կայսրութեան հայկական շրջաններուն, որոնց վերջին կամ նորագոյն հրապարակումն էր սոյն ձեռնարկին ներկայացուած գիրքը, որ կը պատմէ ամէնէն ծայրամասը գտնուող հայկական շրջաններուն՝ Մուսա լերան, Տէօրթ Եոլի, (Չորք Մարզպան) եւ Քեսապի մասին

Փրոֆ. Յովհաննէսեան սահիկներու միջոցով ցոյց տուաւ պատմական նկարներ աշխարհագրական դիրքերու, վայրերու, վանքերու, ֆետայական, հերոսական խումբերու, որոնց միջոցով ան ներկայացուց Տէօրթ Եոլը, Մուսա լեռն ու Քեսապի պատմութիւնը եւ անոնց բնակիչներուն տարած հերոսական, ինքնապաշտպանական պայքարները: Փրոֆ. Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ Տէօրթ Եոլի, Մուսա լերան եւ Քեսապի ժողովուրդը կը նկատէ հերոսական ժողովուրդ, որովհետեւ ինքնապաշտպանութեան դիմեց:

Ապա ան հրաւիրեց  իր դուստրը  Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեանը, որ ներկայացուց իր պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնը` իր եւ իր հօր այցելութիւնը դէպի հայկական պատմական վայրերը և իրենց  հանդիպումը համշէնահայերուն հետ:

Տէր Վարուժան Արք. Սրբազան Հերկելեանի, հոգեւոր հայրերու, առաքինազարդ քրոջ, հեղինակին,  «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչին, Քաղաքապետին, շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի ներկայութեամ տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը:

Ապա, Տէր Վարուժան Արք. Սրբազան Հերկելեան շքանշանով մը պատուեց Փրոֆ. Յովհաննէսեանը իսկ Այնճարի քաղաքապետ, ընկ. Վարդգէս Խօշեան Այնճարի ժողովուրդին անունով յուշանուէր մը յանձնեց փրոֆ. Յովհաննէսեանին:

Ձեռնարկի աւարտին փրոֆ. Յովհաննէսեան մակագրեց իր նորագոյն գիրքը`  «Արմինիըն Քոմիունիթիզ Աֆ Տը Նորթիսթըրն Մետիթըրենիըն. Մուսա Տաղ, Տէօրթ Եոլ էնտ Քեսապ»:

IMG6210
IMG6165
IMG6171
IMG6174
IMG6178
IMG6185
IMG6192
IMG6189
IMG6187
IMG6205
IMG6207
IMG6206
IMG6170
IMG6197
IMG6196
kinetson
IMG6216

?>