Լուրերու Արխիվ

LOGO hy

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, Երկուշաբթի 30 Ապրիլ, 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. մարզահամալիրի դաշտէն ներս տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային հաւաք:

Բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Մարինէ Գարայեան: Ան հաստատեց թէ քուէարկել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կը նշանակէ մասնակցիլ եւ պայքարիլ Հայկական շրջաններու հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ Լիբանանահայութեան ինքնութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանման համար:

Ընկհ. Գարայեան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Եկած ընք բարձրաձայն յայտարարելու թէ մեր հաւաքական շահերը աւելի գերադաս են քան մեր անհատական շահերը: Մենք հոս հաւաքուած ենք փաստելու մեր ներկայութիւնը եւ մեր ձայնին ուժը: Ուստի, տէր կանգնինք մեր համայնքային իրաւունքներուն եւ հայ քաղաքացիի բարձր գիտակցութեամբ ուղղուինք դէպի քուէատուփ եւ մեր ձայնը վճռականօրէն տանք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:»

Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկ. Յակոբ Այնթապլեան: Ան ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն յաջողած է Մուսա Լեռ Այնճարի հայրենակիցներու իղձերու եւ փափաքներու իրական թարգմանը հանդիսանալ: Ան իր ընկերական ամբողջ կազմով ու համակիրներու կարգապահ շարքերով, յաջողած է կազմել մէկ ու միասնական ճակատ՝ ընդդէմ մեր գիւղին ու գիւղացիներուն սպառնացող բոլոր վտանգները:» Ան շարունակեց իր խօսքը ըսելով. «Գալ Կիրակի՝ 6 Մայիսին, բացառիկ առիթ մը պիտի ունենանք՝ փաստելու որ Այնճարի ու Զահլէի հայութիւնը հաստատօրէն իր քուէն պիտի տայ Զահլէի Հայ Առաքելական աթոռի թէկնածու՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեանին: Ուստի՝ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին հետ է, ժողովուրդի թեկնածուն Պրն. Ճորճ Փուչիկեանն է: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չի կրնար ժողովուրդին դէմ ըլլալ, հետեւաբար՝ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն ժողովուրդի թեկնածուին կողքին է:» Ապա, ան ներկայացուց Պրն. Ճորճ Փուչիկեանի կենսագրականը, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Պրն. Ճորճ Փուչիկեանի հետ կատարուած հարցացրոյցի մը տեսաերիզը:

Գեղարուեստական յայտագիրով մը նաեւ հանդէս եկան Համզգայինի Գայեանէ Պարի դպրոցը եւ երգիչներ՝ Վիգէն Տիշչէքէնեան, Սերոբ Յակոբեան եւ Նժդէհ Պոտրումեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին, որոնք ազգային ու յեղափոխական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը:

Շատ կենսական է եւ անպայմանօրէն պէտք է մեր մասնակցութիւնը բերենք այս ընտրութիւններուն, որպէսզի կարենանք ամբողջականօրէն տէր կանգնիլ մեր հայ համայնքի իրաւունքներուն եւ մեզի վերապահուած լիարժէք դերը կատարել ի նպաստ մեր սիրելի Լիբանանի վերելքին:

IMG1094
IMG1182
IMG1832
IMG1213
IMG1712
IMG2345
IMG2304
IMG1297
IMG2282
IMG2180
IMG1887
IMG2061
IMG1994
IMG1771
IMG2171
IMG1741
IMG2242
IMG1740
IMG1643
IMG1630
IMG1572
2
IMG1584
IMG1568
IMG1557
IMG1432
IMG1321
IMG1157
IMG2329

LOGO hy

Այսօր՝ 24 Ապրիլ 2018, Այնճարի հաստատութիւնները փակ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակին:

 

b9f05b9b-8b41-4bde-8eeb-b170acbaff0b
3130156019473524253066512253934743143841792o
3129999619473524053066533747846655001493504o
3128723219473523719733234326603518296195072o
312906621947351908640036837176571524546560o
3127129119473525419733065370825331991117824o
3122997119473525219733082350792685234683904o
3118982319473524553066487777601223712047104o
3118981619473522053066737469073407645057024o
3118978519473524786399796489121823869894656o
3118622119473525086399765247318737031266304o

 

 

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, Ուրբաթ 20 Ապրիլ, 2018-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տունէն ներս տեղի ունեցաւ շարադրական մրցում մը, նիւթ ունենալով Հայաստանի անկախութեան 100 ամեակը:

Այնճարի Ազգային «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան եւ Հայ Աւետարանական Երկրորդական վաժարաններէն մասնակիցներուն թիւը հասաւ 20 աշակերտներ եւ աշակերտուհիներու:

Մրցումի աւարտին անոնք հիւրասիրուեցան:

Արդիւնքները՝ հետագային:

 

dcdee373-bfa7-45f9-9990-a2c14fd747e6
257b2cf4-f4b1-4b6c-80df-f6eb7c06729d
7d307848-3db5-4c9b-b570-454677f46746
8ccb0b0c-3f5a-4984-a788-3234a4facafa
8663884935135077086911073873593058226339840n

LOGO hy

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.- ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, Երկուշաբթի 23 Ապրիլ 2018-ին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակին նուիրուած հսկում:

Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամները, երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեան, գիւղիս հոգեւոր հայրերը, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ քայլերգներով, որմէ ետք ընկ. Արտակ Կէօքճեան արտասանեց Լ.Ե.Մ.ի խօսքը: Ան ըսաւ. «Ապրլիեան արիւնարբու իրականութիւնը, 20րդ դարու առաջին եւ տակաւին անպատիժ ոճիռը կը հարուածէ իւրաքանչիւր հայու հոգին: Կարելի՞ է մոռնալ այն շրջանը երբ հանդիպեցան սուգն ու պայքարը:
Երբ հայ մայրը ստիպուեցաւ իր զաւակը խեղդել որ անօթութեան ճիչերով կը պատռտէր մօր սիրտը: Այդ զաւակը, որուն լացի ձայնը կ'արձագանգէ եւ կը չարչարէ իրաքանչիւր անտարբեր հայու էութիւնը, մղելով զայն դառնալու զինուորը պահանջատիրութեան պայքարին:»

Ընկ. Կէօքճեան շարունակեց. «Յանձնառու պայքարի անշեղ քայլերով ուղուինք դէպի լուսաւոր ապագան որուն մենք կը հաւատանք: Տէրը ըլլանք մեր դատին, շարունակենք պայքարիլ խիզախօրէն, ունենալով Չաւուշներու, Սերոբներու, Վիգէններու, ու Մհերներու աննկնուն կամքն ու քաջութիւնը: Եւ որովհետեւ ժառանգորդներն ենք Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներուն, անոնց առաքելութիւնը մեզմով պէտք է շարունակուի անխափան:»

Ապա, Այնճարի Ազգային «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին պար մը:

Օրուայ պատգամախօսն էր ընկեր Եղիա Թաշճեան: Ան ըսաւ. «Աւելի քան մէկ դար անցաւ եւ կարծեմ ժամանակը վաղուց եկաւ. գործնապաշտ քայլեր առնենք եւ ինքնաքննարկում կատարենք, թէ մեր անցեալին, ներկայ իրավիճակին եւ ապագայ հերանկարներուն: Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, թէ մարդ անհատը գործնապաշտ պէտք է ըլլայ, իրապաշտութիւնը կարեւոր է, սակայն երբեմն մեզ կը կուրցնէ: Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ չկայ արդար կամ անարդարի հարց, այլ միայն ուժը կ'իշխէ եւ հոս է գործնապաշտութիւնը»:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի երգչախումբը, որմէ ետք Նազանի եւ Նարօյ Ադամեանները ներկայացուցին երգ մը, ու Սօֆի Գալուստեան ներկայացուց ասմունք մը:

«Կարմիր Լեռ» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկ. Կարօ Փիլաւճեան: Ան ըսաւ. «Այսօր կ'ոգեկոչենք հայոց եղեռնի 103- րդ ամեակը, ցաւով ու տառապանքով խառնուած ներքին ուժով, սակայն երբեք պէտք չէ մոռնանք որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի այսօր այլ գոյներով եւ տուեալներով: Մենք, իրաւունք չունինք ո՛չ տկարանլու, եւ ոչ ալ յանձնուելու այնքան ատեն որ մեր մէջ կ'ապրին մեր բոլոր նահատակներուն վրէժը, սուրբ մանուկներուն ճիչը, ու մայրերուն սուրբ աղօթքները, այնքան ատեն որ մեզ ժառանգաբար կը փոխանցուի մեր պատմութեան ահաւոր, բայց խիզախ պատկերները:»  

Ան շարունկեց. «Կը վստահինք Հ.Յ.Դ.-ին, որ մինչեւ օրս կ'ապրինք Դաշնակցութեան ընձեռած բարիքներով ունեցանք հայրենիք իր իսկ զոհողութիւններով եւ ունեցաւ դրօշ իր իսկ պահպանման աշխատանքներով: Ուստի հաւատանք նաեւ, որ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներն են, որ պիտի շարունկեն այս ուղին ու Այնճարի եւ Պեքաայի մեր առաջադրած թեկնածուն Պրն. Ճորճ Փուչիկեանն է, որուն ուժ պիտի հայթայթենք որպէսզի յաղթանակ արձանագրէ այս երեսփոխանական ընտրութիւններուն: »

Բեմ բարձրացաւ Լ.Ե.Մ.ի նուագախումբը, ներկայացնելով երեք երգեր: Ապա, կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի ընկերները:

Ձեռնարկին  պաշտօնական բաժնի աւարտին, ներկաները սրահէն դուրս գալով ականատես եղան կրակով ներկայացուած հատուցման ժամուն:

Հսկումը շարունակուեցաւ քայլարշաւով: Հոծ բազմութիւնը առաջնորդութեամբ շեփորախումբին եւ ԼԵՄ-ական ու պատանի ջահակիրներուն ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշահամալիր, ուր Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» Պատանեկան Միութենէն խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին ասմունք մը ապա ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ:

Հսկումը աւարտեցաւ աղօթքով` գիւղի հոգեւոր հօր  կողմէ:

 

IMG1001
IMG0993
IMG0958
IMG0897
IMG0894
IMG0860
IMG0837
IMG0836
IMG0834
IMG0833-1
IMG0825
IMG0824
IMG0804
IMG0803
IMG0789
IMG0788
IMG0784
IMG0774
IMG0767
IMG0764
IMG0754
IMG0743
IMG0737
IMG0725
IMG0723
IMG0725-1
IMG0718
IMG0716
IMG0711
IMG0708
IMG0710
IMG0707
IMG0698
IMG0697
IMG0685
IMG0683
IMG0682
IMG0668
IMG0664
IMG0661
IMG0658
IMG0650
IMG0638
IMG0623
IMG0619
IMG0615
IMG0611
IMG0611
IMG0603
IMG0595
IMG0600
IMG0586
IMG0587
IMG0578
IMG0568
IMG0565
IMG0564
IMG0559
IMG0557
IMG0534
IMG0543
IMG0529
IMG0527
IMG0519
IMG0525

mahazt

 

Արժ. Տ. Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան
Տիկին Արուսեակ Այնթապլեան եւ դուստրերը` Վերգինէ եւ Ցողիկ
Տէր եւ տիկին Պետօ եւ Հեղնար Գարագաշեան եւ զաւակները` Աշոտ եւ Սագօ
Տէր եւ տիկին Տաճատ եւ Վիգի Այնթապլեան
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Արմիկ Ժամկոչեան եւ զաւակները` Արեգ եւ Նայիրա
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Վարդուկ Թաշճեան եւ ընտանիք
Տիկին Վարդուհի Շէմմէսեան եւ ընտանիք
Տիկին Վերժին Գարագաշեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Մարի Գարագաշեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Մուշեղ եւ Վարդուկ Գարագաշեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Նարեկ եւ Մարի Այնթապլեան եւ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, զաւկին, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`

ԵՐԻՑՈՒՀԻ ԱՐՓԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1941-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 16 ապրիլ 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 18 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, իսկ մնացեալ օրերը` հանգուցեալին բնակարանը:

?>