Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշահամալիրին մօտ, Մայիս 28-ին, բացուեցաւ հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը խորհրդանշող աղբիւր-յուշարձանը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար ժան Իվ Լը Տրիան, ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, փրկուած մուսալեռցիներու հարազատներ, մարզի բնակիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Ժան Իվ Լը Տրիան մասնակիցներուն հետ ծաղիկներ դրաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին, այնուհետեւ այցելեց Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութեան եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեան թանգարան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ շատ ուրախ է Հայաստան գտնուելու եւ մասնակցելու աղբիւր-յուշարձանի հանդիսաւոր բացման արարողութեան:
Պատուիրակութիւնը այցելեց Աղաճանեան Սանուց տունը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Տէր Ալիշան Քահանայ Աբարդեանի հետ, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանը ուր հանդիպեցաւ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանին:
Հարցազրոյցները վերջ գտան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով իր խօսքը փոխանցող ընկ. Ժագ Տաղլեանի հետ զրոյցով մը, որ նկարուեցաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տունէն ներս:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մայիս 29, 2018-ին Ազգային «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի մանկապարտէզը այցելեց «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, ուր աշակերտները երգեցին «Մեր Հայրենիք» և «Յառաջ Նահատակ» քայլերգները, ապա յուշանուէրով մը շնորհաւորեցին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին` Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակի տօնին առիթով:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Չորեքշաբթի 30 Մայիս, 2018-ին, մահացաւ Միսաք Ճապրայեան (Ծնեալ 1955):
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի 31 Մայիս, 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, Այնճարի Սուրբ Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինըն պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն:
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին Կիրակի 20 Մայիս, 2018-ին տեղի ունեցաւ Թաու Լու մրցաշարք Պուտա Ատմա մարզահամալիրէն ներս, մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն. Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սանթրալ, Սքուեր Ֆիթ Քլապ, Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւն, եւ Հ.Մ.Ը.Մ Անթիլիաս:
Այնճարի սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները մետալներ ստացան Անի Գազանճեան, Ճէյսօն Աբիկեան, Մայքըլ Մարտիկեան, Ալէքս Գապաքեան, Հալլա եւ Ժատ Ալ Աժամի, Ուաժիհ Հարադի, Վարանդ Անտոնեան, Քրիսթէլ Գազանճեան, Մաթիլտա Գէօհուլեան եւ Արինա Աբրահամեան:
Տիրանալով 25 մետալի եւ ապահովելով 129 կէտ` Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւնը գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Առաջին հանդիսացաւ Անթունիէ Պաապտա (229 կէտ), իսկ երկրորդ` Սքուեր Ֆիթ (154 կէտ):