Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, այսօր՝ Կիրակի 19 Յունուար 2020ին երեկոյեան «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւՊլօթ «Belote»ի մրցաշարք ուր մասնակցութիւն բերին 16 զոյգ: Աւարտին Պօղոս Քեշիշեան եւ Շահան Փանոսեան յաղթական հանդիսացան եւ ստացան յուշանուէր:
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու – ուու շուի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Շեպիպէ ակումբին մէջ (Ֆըրն Շըպպեք) տեղի ունեցաւ թաու լուի Լիբանանի բաժակի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 68 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ 8 ակումբները. Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սքուեր Ֆիթ Քլապ, Այնճարի սեւ գօտիները, Սանթրալ Ճիւնի, ԱՊՊԱ, Ալաա եւ Թայկըրզ:
Ապահովելով 121 կէտ` Այնճարի սեւ գօտիներու մարզիկները գրաւեցին երկրորդ դիրքը` տիրանալով 23 մետալի (9 ոսկի, 8 արծաթ, 6 պրոնզ):
Այնճարի Սեւ գօտիները ներկայացուցին Անի Գազանճեան, Արինա Աբրահամեան, Ալեքս Գապաքեան, Ուաժիհ Հարաթի, Քրիսթել Գազանճեան, Մաթիլտա Գէօհիւլեան, Սերօ Գալեմքէրեան, Պետօ Խօշեան եւ Սելին Տուտաքեան:
143 կէտ ապահովելով` Անթունիէ Պաապտա հանդիսացաւ առաջին (13 ոսկի, 7 արծաթ, 8 պրոնզ), մինչ երրորդ դիրքը 105 կէտով գրաւեց Սքուեր Ֆիթ (8 ոսկի, 8 արծաթ, 3 պրոնզ):
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան եւ տարեցներու յանձնախումբին, բարերարութեամբ Սանան եւ Դալար Մալգճեան քոյրերուն (ԱՄՆ Տիթրոյիթ) Չորեքշաբթի 8 Յունուար 2020ին կէսօրուան ժամը 12:00ին, տեղի ունեցաւ Այնճարի տարեցներուն Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթը, «Նապաա Այնճար» ճաշարանին մէջ:
Ճաշկերոյթի բացման խօսքը արտասանեց ընկերուհի Քնար Գամպէրեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկայ տարեցներուն, շնորհաւորելով անոնց Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով իրենց առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ հաճոյալի օրեր: Ապա հրաւիրեց ընկերուհի Կարինէ Քեսապլեան որպէսզի վարէ ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը: Ան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքերով ու խաղերով, հանելուկներով երգերով ու պարերով տարեցները ուրախութեամբ հետեւեցան եւ մասնակցեցան յայտագիրին: Անոնց խանդավառութիւնը բազմապատկուեցաւ Կաղանդ Պապուկին ժամանումով, որ յաւելեալ ցնծութիւն պարգեւեց բաշխելով իր նուէրները բոլորին:
Աւարտին, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկերուհի Ռիթա Լագիսեան խօսք առնելով յորդորեց տարեցները հաւաստիացնելով որ ԼՕԽը միշտ նեցուկ կը կանգնի գիւղի բոլոր տարեցներուն եւ բոլորն ալ անխտիր ԼՕԽի հոգածութեան ենթակայ են: Ան, մաղթեց անոնց առողջ եւ երջանիկ օրեր ինչպէս նաեւ վստահեցուց որ ԼՕԽը միշտ պատրաստ է օգնութեան իր ձեռքը երկարելու բոլորին: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ ձեռնարկի բարերարներուն Սանան եւ Դալար Մալգճեան քոյրերեուն, որոնք ոչ միայն յանձն առած էին ճաշի հիւրասիրութիւնը ինչպէս նաեւ Կաղանդ Պապուկին բաշխած նուէրները: Ան շարունակեց իր խօսքը մաղթելով անոնց կանաչ ճանապարհ եւ անամպ երկինք:
Տարեցները գոհունակ սրտով եւ իրենց օրհնութիւնը փոխանցելով բարերարներուն եւ ԼՕԽի ընտանիքին մեկնեցան իրենց տուները, ցանկալով յաճախ մէկտեղուիլ, եւ ուրախ ու հաճելի ժամեր անցնել իրար հետ: