Լուրերու Արխիվ

Շաբաթ՝ 25 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Հրակ Տումանեանի եւ Եւա Աշգարեանի Ս. Պսակի  Խորհուրդը՝ Այնճարի «Ս. Պօղոս»  Եկեղեցւոյ մէջ:

Կը շնորհաւորենք նորապսակ զոյգերը մաղթելով իրենց յաջողութիւն եւ երջանկութիւն:

Կիրակի 26 Յունիս 2016-ին5 «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Այնճարի քերմէս Պազարը՝ Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին:

Պազարի ընթացքին վաճառուեցան ուտեստեղէններ, անուշեղէններ եւ խաղալիքներ` ինչպէս նաեւ ներկաները առիթը ունեցան զուարճանալու պատրաստուած խաղերով եւ աճպարարի հնարքներով:

Մուսա Լերան պարեղանակներով քերմէսը ճոխացուցին ավանդական Տհոլ Զուռնայի երիտասարդներու  խումբը:

Կիրակի 26 Յունիս 2016-ին, մահացաւ Վահան Առաքէլ Քէնտիրճեանը 78 տարեկանին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի  պիտի ունենայ Երկուշաբթի 27 Յունիս 2016-ի կ.ե. ժամը 4:00-ին,  Այնճարի «ՍուրբՊօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:    

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն: 

 

Ուրբաթ, 24 Յունիս 2016-ին Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի ամավերջի հանդէսը:

Վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան Աստուածաշունչի ընթերցումով եւ աղօթքով բացումը կատարեց հանդէսին՝ որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ վարժարանի «Նայիրի» երգչախումբը խմբավարութեամբ Տիկ. Նեկտար Փալազեանի:

Ապա վարժարանի «Հեքիաթ» պարախումբը ներկայացուց «Նուռի Ծառ» Պարը՝ պարուսոյց ունենալով Տիկ. Մարալ Թընկըրեանը, որուն յաջորդեց 6րդ դասարանի «Սա Մեր Ղարաբաղն է» ասմունքը:

Յաջորդաբար վարժարանի պատուոյ ցանկի եւ յատուկ մրցանակներու արժանացող աշակերտները բեմ ներկայացան ստանալու իրենց մրցանակները:

Այնուհետեւ 6րդ դասարանի աշակերտներէն առաջին երեք  հանդիսացող աշակերտները ընթերցեցին ուղերձներ:

Օրուայ բանախօս Տիկ. Սեդա Գարակէօզեան իր խօսքը ուղղելով աւարտական դասարանի աշակերտներուն անոնց խրատեց ըլլալու տիպար հայրենակիցներ չմոռնալով իրենց ստացած դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը սոյն վարժարանէն ներս:

Բանախօսութեան յաջորդեց «Հեքիաթ» պարախումբի «Սայաթ Նովա Նազանի» եւ Մուսա Լեռ» Պարերը եւ «Տիկ. Մարինա Աբրահամեան-Փիլաւճեանի «Քեզ Մուսա Լեռ» ասմունքը, որմէ ետք 12րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Վահան Դաւթեանի «Հաւատում եւ Քեզ» ասմունքը որուն յաջորդեց 12րդ դասարանի ուղերձը:

Հանդիսութեան աւարտին 6րդ եւ 12րդ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Չորեքշաբթի 22 Յունիս 2016-ին, Այնճար այցելեցին  Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուել Մկրտչեանը եւ  հիւպատոս Աշոտ  Վարդանեանը  ընկերակցութեամբ հայրենի բեմադրիչներ Տարօն Պետրոսեանի եւ Արման Աբրահամեանի:

«Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին ՝ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, գիւղի հոգեւոր հայրերը եւ Այնճարի մէջ գործող կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հերթապահ Աբօ Մալգճեան բարի գալուստի խօսքով դիմաւորեց պատուիրակութիւնը, որմէ ետք Այնճարի պատմութեան եւ ներկայ իրավիճակին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Եսայի Հաւաթեան:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ ինք որպէս Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչ  միշտ պատրաստ է իր աջակցութիւնը յայտնելու Այնճարին՝ որ իր կազմակերպուածութեամբ օրինակ կրնայ հանդիսանալ այլ գաղութներու: 

Ան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սիրալիր ընդունելութեան համար:

Ապա պատուիրակութիւնը այցելեց Այնճարի քաղաքապետարան ուր հադիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանին հետ, որմէ ետք անոնք այցելեցին Այնճարի եկեղեցիները եւ համայնքները: